2009-12-29 12:57:48

Լուրեր հայ աշխարհէն
Երեւանի մէջ Տօնական մթնոլորտ


Երեւանի քաղաքապետը Գագիկ Բեգլարեան Հանրապետութեան հրապարակի մէջ 25 Դեկտեմբերի ժամը 18.00-ին վառեց 2010 թուականը խորհրդանշող ամանորեայ տօնածառի լոյսերը, որմէ ետք ամբողջ քաղաքը տօնականօրէն լուսաւորուեցաւ։ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ՝ գլխաւոր տօնածառի շքեղ լոյսերու ներքոյ, սկիզբ դրուեցաւ ամանորեայ տօնական հանդէս-ծրագրին։ Ձմեռ պապն ու գեղեցիկ Ձիւնանուշը ողջունեցին Տօնի մեկնարկին ներկայ գտնուողները ։
Այս առթիւ քաղաքապետ՝ Գագիկ Բեգլարեան իր սրտի խօսքը արտասանեց ըսելով. ՜՜Շնորհաւորում եմ բոլորին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի կապակցութեամբ, ցանկանում եմ, որ գալիք տարին մեր ժողովրդի համար լինի յաջողութիւնների եւ ձեռքբերումների տարի։ Այս տօնական լոյսերը, որ գեղեցկութիւն են պարգեւել մեր քաղաքին, թող նոր լիցքեր ու ջերմ տրամադրութիւն հաղորդեն մեր քաղաքացիներին։
Այս տարի կեդրոնական տօնածառը զարդարուած է 4128 խաղալիքով, կը լուսաւորուեն 31200 լամպեր, իսկ մայրաքաղաքը կը լուսաւորուի տասնեակ հազարաւոր բազմերանգ լապտերներով։

Ղազախստանի նախագահի գիրքը՝ հայերէնով
Վերջերս Ղազախստանի նախագահի գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Արմենիա Մարիոթ հիւրանոցին մէջ, որուն մասնակցեցան դիւանագէտներ, քաղաքական ու գրական եւ հասարակական գործիչներ։ Ելոյթ ունեցան Հայաստանի Ղազախստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Այիմդոս Բոզժիգիտով, ՀՀ մշակոյթի փոխ նախարար Դաւիթ Մուրադեան, ԱԺ նախագահի տնտեսական հարցերով խորհրդական Թաթուլ Մանասերեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան եւ ՀԳՄ նախագահը՝ Լեւոն Անանեան։
Գիրքի հայերէնի թարգմանութեան գործի յղացումը գոյացած էր մի քանի ամիս առաջ, երբ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հիւրն էր ՀՀի մօտ Ղազախստանի դեսպանատան հիւպատոսը՝ Նուրբոլատ Ամիլբաեւ։ Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերած էր երկկողմ համագործակցութեան, տեղեկատուութեան փոխանակման մասին։ Ամիլբաեւը Ազգային գրադարանին նուիրած էր 80 միաւոր գրականութիւն՝ որոնց մէջ կան նաեւ գրքոյկներ, գրքեր, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային կամ թուայնացուած տեսքով քարտէսներ։ Գիրքը կը ներկայացնէ անկախ Ղազախըստանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները, մինչեւ 2030թ Ղազախստանի զարգացման ռազմավարութեան մշակման ծրագիրները , երկրի գործող Սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը, նաֆթակազային պաշարներու, ազգային արժոյթի եւ դրամատնային համակարգի տեղեկութիւններ։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի նուէրը՝ Արցախի 85 դպրոցներու
Սկսած 2009 թուականի Օգոստոս ամիսէն Հայաստան Հիմնադրամը կիրականացնէ դպրոցներու կահաւորման ուղղուած իր երկրորդ համընդգրկուն ծրագիրը։ Նախատեսուած ծրագրի համաձայն պիտի կահաւորուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Ասկերան, Մարտակերտ, Մարտունի, Հադրութ, Շահումեան եւ Քաշաթաղ շրջաններու ութսունհինգ դպրոցներ։ Ծրագիրը կը հովանաւորէ Հայաստան հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինը։ Դպրոցներուն տրամադըրւելիք կահոյքը՝ աւելի քան 1000 ուսուցչական աթոռ, 1300 տարրալուծարանին համար անհրաժեշտ գոյք եւ 100 պահարան, կը պատրաստուին Գիւմրի քաղաքի Հայ-ամերիկեան տնաշինական միաւորում ՍՊԸ-ի միջոցներով։ Դպրոցին անհրաժեշտ գոյքի պատրաստուած մասը տեղափոխուած է Արցախ, ուր եւ ԼՂՀ կրթութեան նախարարութիւնը պիտի տնօրինէ կահոյքի բաշխման աշխատանքները, հաշուի առնելով եւ առաջնահերթ սեպելով այն դպրոցները, որոնց աշակերտներուն համար առաւել մեծ նշանակութիւն եւ անհրաժեշտութիւն ունի ծրագրի իրագործումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.