2009-12-28 14:54:09

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2009ին տօնն է Դաւիթ մարգարէին եւ Տիրոջ եղբօր Յակոբոսին։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2009ին տօնն է Դաւիթ մարգարէին եւ Տիրոջ եղբօր Յակոբոսին։

Դաւիթ մարգարէն՝ նախ մեզի ծանօթ է իբրեւ ուժեղ ու քաջակորով հովիւ մը, ապա իբրեւ անգերազանցելի զօրավար եւ մեծագոյն թագաւորը իսրայէլի, որ երկիրը կառավարեց իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ։ Դաւիթ բանաստեղծ, երաժիշտ, պարող եւ նուագահար էր, Ս. Գիրքը զինք կ՝որակէ այսպէս ՜՜Այր ըստ Աստուծոյ սրտին՝՝։ Ան նկատուած է Քրիստոսի նախահայրը։

Բազմիցս Յիսուս կոչուած է Դաւթի որդի։ Հայ տօնացոյցի համաձայն Դաւթի յիշատակը կը տօնուի Յիսուսի Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը կանխող չորս աւագ տօներէն իբրեւ առաջինը, Տեառնեղբայր կոչուած Յակոբոս առաքեալին հետ։ Ասիկա բացառիկ եւ իմաստալից երեւոյթ մըն է որ ըստ մարմնոյ Քրիստոսի նախահայրը,Դաւիթի եւ, ըստ մարմնոյ Անոր եղբայր՝ այսինքն ազգականը Յակոբոսի տօնը միասին կը նշուին, որպէս խորհրդանիշ Հին եւ Նոր Ուխտերուն միաձուլման քրիստոնէական տնտեսութեան մէջ։

Գալով Տեառնեղբայր Յակոբոսին, ան, այն օղակն է որ կը միացնէ Աւետարանի սուրբերը գործք առաքելոցին մէջ յիշուած սուրբերուն հետ։

Յակոբոս յիշուած է աւետարաններուն մէջ իբրեւ մէկը՝ Քրիստոսի եղբայրներէն։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ որ Յիսուս յետ Յարութեան յատկապէս երեւցած է նաեւ Յակոբոսին։ Այս երեւումը պատճառ եղած է Յակոբոսի դարձին։

Ան եղած է նախնական եկեղեցիի գլխաւոր գործիչներէն մէկը՝ Երուսաղէմի առաքելական ժողովի ընթացքին, որուն որոշումը բանաձեւած է ինքը։

Աւանդութիւնը Յակոբոսը կը ճանչնայ իբրեւ առաջին եպիսկոպոսը Երուսաղէմի մայր եկեղեցիին։

Հրեաները զինք կը բռնադատեն որպէսզի Յիսուսի դէմ յայտարարութիւն մը ընէ, սակայն ինք ընդհակառակն կը խոստովանի Յիսուսի աստուածութիւնը։ Կը քարկոծեն զինք ու խոշոր փայտով մը կը փշրեն անոր գլուխը։ Նահատակութենէն ետք իր մարմինը բերուած է եւ թաղուած պարտէզին մէջ ուր թաղուած էր նաեւ առաքեալին գլուխը. եւ ճիշդ այդ տեղը , շինուած է ,Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մայր տաճարը որ այս իսկ պատճառաւ կը կոչուի Սրբոց Յակոբեանց տաճար։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.