2009-12-28 12:38:03

Լուրեր հայկական աշխարհէն


Լուրեր հայկական աշխարհէն

«Հայաստան» Հիմնադրամի Արեւմտեան Շրջանը Կը Հովանաւորէ Արցախի Դպրոցներու Կահաւորումը

ԵՐԵՒԱՆ - «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ՝ Օգոստոսէն սկսեալ կ՛իրականացուի ԼՂՀ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Հադրութի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններու 85 դպրոցներու կահաւորման ծրագիրը։

 Ըստ հիմնադրամի մամլոյ հաղորդագրութեան, անոր Ֆրանսայի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ՝ ընթացիկ տարուան ընթացքին կահաւորուած է աւելի քան 100 դպրոց։

20 տարուան ընթացքին հայաստանէն հեռացած է մէկ միլիոն քաղաքացի։
Ըստ Հայաստանի բնակչութեան տեղաշարժի գործակալութեան պետի տեղակալ Իրինա Դաւթեանի, անցնող 20 տարիներու ընթացքին Հայաստանէն արտագաղթած է մէկ միլիոն անձ, որոնց մեծ մասը՝ երկու երրորդը մեկնած է Ռուսիա, 9 տոկոսը՝ ԱՊՀ այլ երկիրներ, 15 տոկոսը՝ Եւրոպա եւ 10 տոկոսը՝ Միացեալ Նահանգներ։ Արտագաղթի հիմնական դրդապատճառը տնտեսականն է։ Իւրաքանչիւր 3 արտագաղթողէն 2-ը որպէս Հայաստանէն մեկնելու դրդապատճառ կը նշէ աշխատանքի եւ աշխատատեղերու բացակայութիւնը, ըսած է Իրինա Դաւիթեան։ Հայաստանի մէջ, միւս կողմէ, կան նաեւ 492 հազար ներգաղթողներ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան 16,1 տոկոսը։ Ազրպէյճանէն Հայաստան եկած են 360 հազար բռնագաղթուածներ, որոնց 160 հազարը Հայաստանէն գացած էին։ Իսկ հայ-ազրպէյճանական պատերազմի պատճառով Հայաստանի ներքին տեղաշարժուածներու թիւը, երբ երկրի սահմանամերձ շրջաններէն կեդրոնական շրջաններ եկած են, կը կազմէ 72 հազար հոգի, ըսաւ Դաւթեան։

Հայաստան 2050-ին աւելի քիչ բնակիչ պիտի ունենայ քան՝ այսօր
Վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան, որ 2050-ին Հայաստանի բնակչութեան թիւը աւելի քիչ պիտի ըլլայ, քան՝ այսօր, այսպէս յայտարարեց վերջերս ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեան, նկատելով, որ ժողովրդագրական պատկերը սկսած էր փոխուիլ տակաւին 1995-էն։ Ան նշեց, որ բնակչութեան թիւը, եթէ ոչ աւելցնելու, ապա գոնէ կայուն պահելու համար հարկաւոր է ունենալ 21 գործակից, իսկ հիմա Հայաստան ունի միայն 14 գործակից։
Անցեալ տարի մօտ 42 հազար երեխայ ծնած է, բայց յաջորդ տարի անոր թիւը անշուշտ կը նուազի։ Պատճառներէն են՝ ամուսնութեան շեմի բարձրացում, ընտանիքի ծրագրաւորման հարցեր, ընկերային պայմաններ եւ այլն։
Արժանթինահայ համայնքի մասին բանախօսութիւն Միշիկըն համալսարանին մէջ



Քսաներորդ դարասկզբին, խումբ մը հայեր, որոնք ազատած էին 1915ի ծանր ողբերգութենէն, ապաստանեցան Արժանթինի մէջ եւ անոնց բաժին ինկած ճակատագրի, անցած փորձառութիւններու մասին հիւսուած պատմութիւնները բերանացի փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ։ Ատիկա իր ազդեցութիւնն ունեցած է արժանթինահայ համայնքի ապրելակերպին ու պատմութեան ընկալման վրայ։

Դեկտեմբեր 15ին, Լուսիլա Թոսունեան, Տիրպըռնի Միչիկըն համալսարանին մէջ բանախօսութիւն մը ներկայացուցած է այս ամբողջ պատմութեան համառօտ բովանդակութեան մասին։



Կոստանտնուպոլսոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը

Պոլսահայ երաժշտասէրները առիթ ունեցան ունկնդրելու հայազգի աշխարհահռչակ սոփրանօ, միջազգային բեմերու օփերայի մեներգչուհի Յասմիկ Պապեանը, որ առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Կոստանտնուպոլսոյ մէջ։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Մարմարան, այս բացառիկ համերգը, որը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 20-ին, Պոլսոյ տեխնիկական համալսարանի Մաչքային ամֆիթատրոնին մէջ, Պետրոս Շիրինօղլուի հովանաւորութեամբ, կազմակերպուած էր Ժամանակ օրաթերթի հիմնադրման 100-ամեակի յոբելենական միջոցառումներու ծիրէն ներս։ Յոբելենական համերգի ընթացքին հնչեցին նաեւ դաշնակահար Շահան Արծրունիի կատարումները, Վարդանանց երգչախումբի ելոյթը՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի ղեկավարութեամբ։ Յասմիկ Պապեանը ներ-կայացաւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով՝ Կռունկէն մինչեւ Կաքաւիկ։

Ժամանակ թերթի յոբելենական միջոցառումներու շարքին մէջ, Դեկտեմբեր 19-ին աշխատաժողով մը կազմակերպուեցաւ Բերա թանգարանը, որուն մասնակցելու նպատակով, Հայաստանէն Պոլիս հասան Ազգ եւ Առաւօտ օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներ՝ Յակոբ Աւետիքեանը եւ Արամ Աբրահամեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.