2009-12-27 13:07:12

Ս Ծննդեան տօնի համերգ եւ Կաղանդի տօնավաճառ


Ս Ծննդեան տօնի համերգ եւ Կաղանդի տօնավաճառ
Շնորհալի երգչախումբի Դարերու խորքէն մինչեւ այսօր նիւթով Ս Ծննդեան տօնի համերգ։
Հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ փառատօնի ելոյթներուն շրջագիծին մէջ, 23 դեկտեմբեր 2009-ին, Պէյրութի Սենթ Էլի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Շնորհալի երգչախումբի Դարերու խորքէն մինչեւ այսօր նիւթով Ս Ծննդեան տօնի յատուկ համերգը՝ ներկայութեամբ հայ թէ օտար հոգեւորականներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու։
Նշենք, որ Շնորհալի երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն է Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարը՝ Սիլվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայր մերով, որմէ ետք Շնորհալի երգչախումբը երգեց հայկական շարականներ, որոնց հեղինակներն էին Մակար Եկմալեան, Գրիգորիս Պահլաւունի, Յովհաննէս Երզնկացի, Գրիգոր Անաւարզեցի, Ներսէս Շնորհալի եւ ուրիշներ։
Համերգին նորութիւնն էր Ստեփանոս Շաքարեանի Քրիստոսի ծնունդը նոր երգաշարի կատարումը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին Շնորհալի երգչախումբը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ՝ ներկայացնելով բարձրորակ կատարումներ։
Նշենք, որ համերգի ընթացքին երգչախումբին ընկերակցութեամբ Զաքար Քէշիշեան շուիով ու տուտուկով նուագեց երկու ստեղծագործութիւն։
Յայտագիրի նախավերջին երգն էր Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ Ս Ծնունդի շարականը։ Նահապետ Ռուսինեանի Կիլիկիա երգով փակուեցաւ Շնորհալի երգչախումբի Ս Ծնունդի տօնին նուիրուած համերգը։

Սուրբ Ծնունդի տօնին առիթով, ինչպէս ըսինք, Համազգայինի Կարկաչ երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ Պուսթան փառատօնի վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Իսկ հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ փառատօնի ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Շնորհալի երգչախումբի համերգը տեղի ունեցաւ Քանթարիի Սենթ Էլի եկեղեցւոյ։
Հարցում - Կարծէք Համազգայինի Կարկաչ երգչախումբին համար աւանդութեան սկսաւ վերածուիլ Սուրբ Ծննդեան առիթով համերգներ պատրաստելը։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առումով Պուսթանի համերգէն ետք եւ շաբաթ օրուան համերգէն առաջ։
Պատասխան- Ընդհանրապէս, Սուրբ Ծննդեան տօներուն նախօրեակին ամէն տեղ երգչախմբային համերգներու աշխուժութիւն մը կը զգացուի։ Հին դարերէն մինչեւ այսօր քաղաքակիրթ աշխարհը դասական համերգներով Սուրբ Ծնունդը աւետելու գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունի, որ վերջին տարիներուն սկսած է տարածուիլ նաեւ Լիբանանի մէջ։ Մեր կարգին, իբրեւ տարբեր երգչախումբերու ղեկավար, տարիներու ընթացքին յաճախ անդրադարձած եւ արձագանգած ենք այս գեղեցիկ եւ ջերմիկ աւանդութեան։ Վերջին քանի մը տարիներուն յատկապէս, երբ Համազգայինը յարմար նկատեց իր մշակութային խումբերուն ստեղծագործական արտադրանքը մատչելի դարձնել ու տարածել օտար մշակութասէր շրջանակներուն մէջ։ Այս առումով պէտք է յայտնել, որ քանի մը յաջորդական տարիներ Համազգայինի Արեգ մանկապատանեկան թատրոնին ու Գայիանէ պարարուեստի դպրոցին հետ հայկական միջավայրին մէջ քանի մը ուրախալի ներկայացումներ տալէ ետք, անցեալ տարի Կարկաչ պատրաստեց եւ ներկայացուց բազմալեզու ու բազմաձայն Սուրբ Ծննդեան ելոյթ մը՝ Ամերիկեան համալսարանի Էսեմպլի հոլի եւ Էլ Էյ Եու համալսարանին մէջ, իսկ այս տարի նոյնաբնոյթ համերգներ տուաւ ու պիտի տայ Լիբանանի երաժշտական կեանքին մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող Պուսթան փառատօնի վարչութեան կազմակերպութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ անցեալ տարուընէ սկսեալ իրականութիւն դարձած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ փառատօնին ծիրին մէջ։
Հարցում - Ա- Ի՞նչ է Կարկաչ երգչախումբին համերգին յայտագիրը։
Պատասխան - Համերգը վերնագրուած է Ուրախ հնչիւններ, որ ինքնին կը բացատրէ յայտագրին մթնոլորտը։ Անշուշտ նաեւ պիտի կատարուին կարգ մը դասական երգեր՝ Պախի, Կունոյի, Սեզար Ֆրանքի եւ այլոց ստեղծագործութիւններէն, նպատակ ունենալով դասականը նաեւ ծանօթացնել ու սիրցնել կարկաչականներուն, եւ ապա՝ անոնց կատարման ճամբով զանոնք տարածել ունկնդիրներու շրջապատին մէջ։ Այնուհետեւ պիտի կատարուի հայերէն, արաբերէն, լատիներէն, իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն զուարթ ու հոգեթով երգաշար մը՝ դաշնակի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի։ Մէկ խօսքով՝ տօնական օրերու խորհուրդն ու ուրախութիւնը պիտի ապրի ներկայ ունկնդիրը։ Նպատակը այս է եւ Պուսթանի համերգին անդրադարձները խրախուսիչ են այս ուղղութեամբ։

Կաղանդի տօնավաճառ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի մէջ։
Կազմակերպութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի Տիկնանց յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերի վարժարանի Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի աւանդական տօնավաճառ բացում։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ցուցադրուած էին խաղալիքներ, նուէրներ, զարդեղէններ, ձեռագործներ, ասեղնագործներ, մրգեղէններ, հայաստանեան գինի եւ քոնեակ, նաեւ՝ ձեռային աշխատանքներ, որոնք պատրաստուած էին ծնողներու նաեւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.