կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում, դեկտեմբեր 27, Է. Կիրակի Յիսնակաց:
կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում, դեկտեմբեր 27, Է. Կիրակի Յիսնակաց:
Ընթերցում
Ս. Ղուկաս Աւերարանէն ԺԹ գլուխ, 11-28 համարները։
Ընթերցում Սուրբ Ղուկասի
Աւետարանէն
11Մինչ մարդիկ այս խօսքերը կը լսէին, ուրիշ առակ
մըն ալ պատմեց, որովհետեւ ինք Երուսաղեմի կը մօտենար եւ ոմանք կը համարէին թէ Աստուծոյ
Արքայութիւնը շուտով կը յայտնուի: 12’’Իշխանազուն մը, ըսաւ Յիսուս, մեկնեցաւ
հեռաւոր երկիր մը, թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու: 13Կանչեց իր ծառաներէն
տաս հոգի, բաժնեց անոնց տասը մնաս եւ ըսաւ. ‘Շահագործեցէք զանոնք մինչեւ որ վերադառնամ’:
14Իսկ իր երկրի քաղաքացիները կ’ատէին զինք եւ ետեւէն պատուիրակութիւն մը ղրկեցին
ըսելու համար՝ չենք ուզեր որ ասիկա մեր վրայ թագաւորէ: 15Թագաւորութիւնը առնելէ
ետք, վերադարձաւ եւ կանչեց ծառաները, որոնց դրամ բաժնած էր, տեսնելու համար թէ իւրաքանչիւրը
ի՞նչ շահած էր: 16Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, մնասդ տաս մնաս եւս բերաւ’:
17Տէրը պատասխանեց. ‘Լա՛ւ, ազնիւ եւ բարի ծառայ, քանի որ քիչին մէջ հաւատարիմ
եղար, իշխանութիւն ունեցիր տասը քաղաքներու վրայ’: 18Երկրորդը եկաւ եւ ըսաւ.
‘Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս բերաւ’: 19Ասոր ալ պատսխանեց. ‘Իշխանութիւն ունեցիր
հինգ քաղաքներու վրայ’: 20Ուրիշ մը եկաւ եւ ըսաւ. ‘Տէ՛ր, ահաւասիկ քու մնասդ
զոր լաթի մէջ ծրարած պահած էի: 21Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խստապահանջ
ես. կ’առնես ինչ որ պահեստի չես դրած, կը հնձես ինչ որ չեմ սերմանած’: 22Տէրը
ըսաւ. ‘Քու խօսքերուդ համաձայն պիտի դատեմ քեզ, չար ծառայ: Գիտէիր որ խստապանջ եմ եւ
կ’առնեմ ինչ որ պահեստի չեմ դրած, կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած: 23Ինչո՞ւ
ուրեմն դրամս չտուիր լումայափոխին, որպէս զի վերադարձիս ես զայն պահանջէի տոկոսով միասին’:
24Յետոյ սպասաւորներուն ըսաւ. ‘Առէ՛ք անկէ մնասը եւ տուէք անոր որ տասը մնաս
ունի’ 25Անոնք պատասխանեցին. ‘Տէ՛ր, արդէն տասը մնաս ունի’: 26Տէրը
պատասխանեց. ‘Կ’ըսեմ ձեզի, ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն՝ ունեցածն ալ պիտի առնուի:
27Իսկ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ ես թագաւորեմ իրենց վրայ, բերէ՛ք
այստեղ եւ առջեւս սպաննեցէ՛ք’’: 28Այս խօսքերէն ետք, Յիսուս առաջ անցաւ՝ Երուսաղեմ
ելլելու համար: