2009-12-27 13:07:25

Լուրեր հայկական աշխարհէն


Լուրեր հայկական աշխարհէն

Ալեքսան Կիրակոսեանի Մասին Գիրքին Շնորհանդէսը

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 18ին Երեւանի «Արամ Խաչատրեան»ի տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ կայացած է «Ալեքսան Կիրակոսեան. մարդը, գործիչը, մտածողը» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներառած է գրողին յօդուածները, հարցազրոյցներն ու ելոյթները։

«Ալեքսան Կիրակոսեան պետական-քաղաքական գործչի ներկայութիւնը Խորհրդային Հայաստանի իրականութեան մէջ ակներեւ է, իսկ կեանքն անմնացորդ հայրենիքին նուիրաբերած երախտաւորի անունը՝ արժանի քո յիշատակին: Այս ժողովածուն յաւակնում է թէկուզ մտաւոր պատկերացում տալ այն վիթխարի գործունէութեան մասին, որ ամփոփւում է մէկ անհատի կենսագրութեան շրջանականերում եւ ի զօրու է խորհրդանշել հայոց մաքառումի պատմութիւնն ու հայ մարդուն», նշուած է գիրքի առաջին էջերուն մէջ։



Ախթամար»ի Ցուցադրութիւնը Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի «MEZZO Classic House Club»ին մէջ կայացած է «Ախթամար» կարճ շարժանկարի փակ ցուցադրութիւնը, որ առաջինն է «լեգենդներ այսօր» շարժանկարներու շարքին մէջ։ Անիկա նախաձեռնութիւնն է «ARARAT» կոնեակի գործարանին, որուն նպատակն է հին հայկական առասպելներուն վերածնունդը: Շարժանկարի հեղինակն ու ղեկավարն են Քաննի փառատօնի մրցանակակիրներ Փօլ եւ Լիւդուիգ Շամմասեան եղբայրները, իսկ գլխաւոր դերակատարները ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Արմէն æիգարխանեանը։

Նշենք, որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ցուցադրուած այս շարժանկարի ռուսաստանեան առաջին ներկայացումը կայացած է Մոսկուայի մէջ՝ արժանանալով հանդիսատեսի եւ քննադատներու հաւանութեան։



Հնդկաստան - 215 տարի առաջ (2009) 1794ի 14 Հոկտեմբերին լոյս տեսաւ՝ անդրանիկ համարը ՝՝Ազդարար՝՝ անունով հայկական տպագիր առաջին թերթին։ Յատկանշականօրէն եւ հայ ժողովուրդին ազային-քաղաքական ճակատագիրը խորհրդանշելով՝ հայկական առաջին տպագիր թերթը լոյս չտեսաւ հայրենի հողի վրայ։

Հրատարակուեցաւ Հնդկաստանի հարաւային Մատրաս քաղաքին մէջ, ուր հայ գաղութ գոյութիւն ունէր եւ ուր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեան անունով արժանաւոր հովիւ մը լծուած էր ազգային-հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։ Մատրասը վաճառականական եւ մշակութային կեդրոն, նաւահանիստ-քաղաք էր՝ միջազգային նշանակութեամբ։ Հայեր հոն հաստատուած էին 16րդ դարէն սկսեալ։ 1547ին արդէն, Մատրասի մէջ հիմնուած էր ու կը գործէր հայկական առաջին եկեղեցին։ Իսկ 1772ին հիմնուած Ս. Աստուածածին Եկեղեցին կը գործէ մինչեւ մեր օրերը։

Մատրասի հայութեան զարթօնքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ յատկապէս հայկական առաջին տպարանի հիմնադրութիւնը 1772ին, Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ, որ նաեւ ձեռնարկեց ինչպէս հայ մատենագիրներու, նոյնպէս եւ ժամանակի հայ հեղինակներու գործերուն տպագրութեան։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ Յարութիւն Աւա Քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուեցաւ Մատրաս, 1785ին, իբրեւ ծխատէր քահանայ ծառայելու համար հայ աղութի հոեւոր կարիքներուն։ Ան ծնած էր Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքին մէջ, 1750ին։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, միացած էր Ս. Ամենափրկիչ վանքի միաբանութեան եւ քահանայ ձեռնադրուած 1770ականներու սկզբնաւորութեան։ Մինչեւ 1777 քահանայական ծառայութիւն կատարած էր Շիրազի մէջ, իսկ այնուհետեւ՝ մինչեւ 1784, մենակեացութեան դիմած էր, իր ժամանակը ամբողջապէս նուիրելով ինքնազարգացման։ Սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն., հմտացած էր գրականութեան, աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ ։ Նաեւ՝ արհեստներ իւրացուցած էր։ Այդ բոլորով զինուած՝ Մատրաս ուղարկուելով իբրեւ աւագ քահանայ, Տէր Յարութիւն Շմաւոնեան լծուեցաւ ե՛ւ հոգեւորական, ե՛ւ ազգային-հասարակական, ե՛ւ մշակութային-գաղափարական եռուն ործունէութեան։



Առաջին իսկ քայլերէն, բառին բուն իմաստով, տէր կանգնեցաւ իր հօտի հաւաքական կեանքի բոլոր երեսներուն։ Զարկ տուաւ ոչ միայն եկեղեցական կեանքին, այլեւ իր սորված արհեստները տարածեց իր շրջապատին մէջ։ Բայց յատկապէս երիտասարդ սերունդին ազգային-ազատագրական ապրումներուն եւ ոգեւորութեան թափ տուաւ։ 1789ին իր հերթին հիմնեց տպարան, որպէսզի հայ հոգեմտաւոր հարստութիւնը մատչելի դարձնէ թէ՛ Մատրասի հայութեան եւ թէ, հայ վաճառականներու միջոցաւ, հայ ժողովուրդի ցիրուցան զաւակներուն։

Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի անունը յաւերժացաւ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մայր տոմարին մէջ 1794ի Հոկտեմբեր 14ին, երբ լոյս ընծայեց հայկական առաջին տպաիր թերթը՝ ՝՝Ազդարարը՝՝ որ մինչեւ 1796ի Մարտը, ամսական պարբերականութեամբ, հրատարակուեցաւ եւ վարակիչ օրինակ դարձաւ։



՝՝Ազդարար՝՝ի 18 համար լոյս տեսաւ։ Օրինակներ պահպանուած են ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայկական բոլոր մեծ գրադարաններուն մէջ։ Իսկ 1979ին Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը, յոբելինական երկու հատորներով, ՝՝Ազդարար՝՝ի ամբողջական հաւաքածոն արժանացուց վերահրատարակութեան։

՝՝Ազդարար՝՝ը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ՝ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման ռուսական արեւելումը հունաւորելու եւ հիմնաւորելու առումով։ Պարսկական եւ թրքական տիրապետութեան լուծը թօթափելու գաղափարական դրօշը բարձրացուց՝ շեշտը դնելով քրիստոնեայ Ռուսաստանի օնութեան ապաւինելու ուղղութեան վրայ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ՝՝Ազդարար՝՝ հանդիսացաւ 19րդ դարասկիզբի հայ ազային զարթօնքի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.