2009-12-25 13:04:43

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պաջտրիարքին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պաջտրիարքին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը

«Աստուծոյ շնորհքը, աղբիւր մարդոց փրկութեան, յայտնուեցաւ եւ մեզի կը սորվեցնէ ապրիլ այս աշխարհի վրայ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ, սպասելով երանելի յոյսին եւ փառքին Յայտնութեան մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի» (Տիտ. 2, 11-13)։

Սիրեցեալ զաւակներ ի Քրիստոս,
Սուրբ Պօղոսի այս խօսքին համաձայն, մենք հիմա սպասումի շրջանին մէջ կ՚ ապրինք։ Կը սպասենք Յիսուսին երկրորդ գալուստին։ Մենք ապահով ենք որ Քրիստոս պիտի վերադառնայ աշխարհին վերջը, ամէն մարդ պիտի դատէ եւ իր հաւատարիմ աշակերտները հիանալի կերպով պիտի վարձատրէ, ըստ եբրայեցիներու թուղթին, ուր կը կարդանք. «Քրիստոս յաւիտենական փրկութիւն եղաւ անոնց որոնք իրեն կը հնազանդին» (Եբր. 5,9)։
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, իր «Յոյսով փրկուած ենք» (Հռ. 8,24) շրջաբերականին թուղթին մէջ կ՚ըսէ. «Գիտութիւնը մեծապէս օգտակար է մարդկութեան համար, բայց ան չի կրնար մարդը փրկել։ Մարդը կը փրկուի միայն սիրոյ միջոցաւ»:
Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տօնը մեզի նոր յոյս մը կը ներշնչէ՝ ուրախ եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու համար, հակառակ մեր եւ ուրիշներուն առօրեայ սխալներուն կամ գէշ ցանկութիւններուն, եւ հակառակ աշխարհի տխուր լուրերուն եւ մարդոց անարդարութիւններուն։ Այս պայմաններուն մէջ, կարելի՞ է արդեօք յուսալ խաղաղ եւ համերաշ կեանք մը թէ ընկերոջ եւ թէ հակառակորդին հետ։ Սուրբերու վարքը մեզի կը փաստէ թէ կարելի է։ Եւ բարեբախտաբար կան այսօր քրիստոնեաներ, որոնք կրնան մեզի օրինակ հանդիսանալ այս մարզին մէջ։
Բայց այս քրիստոնէական յոյսին հիմը ո՞ւր կը գտնուի արդեօք։ Մեր սեփական ուժերուն մէջ չէ անշուշտ։ Մենք չենք կրնար ձեռք ձգել անոր։ Եթէ ոչ, շատ դիւրին պիտի ըլլար եւ ամէն մարդ պիտի կարենար իր երջանկութիւնը ձեւաւորել իր խելքովը, իր դրամովը կամ իր կարողութիւններովը։ Բայց, պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ այդպէս չէ։ Ո՛չ թագաւորները, ո՛չ հարուստները եւ ո՛չ ալ խելացիները կրցան ձեռք ձգել իրենց ցանկացած երջանկութիւնը։ Այս պատճառով է որ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի տալու համար այն ինչ որ կը ցանկանք՝ հոգիի խաղաղութիւնը եւ սրտի երջանկութիւնը։ Ուստի յոյսին հիմը Յիսուսի սիրոյն մէջ կը կայանայ։ Այս սէրը Յիսուսի հաւատացողներուն կը ներշնչէ անսասան յոյս մը, որ ո՛չ իսկ ցաւերը կամ նեղութիւնները կրնան խախտել։
Անկէ կրնանք հետեւցնել որ Եկեղեցիէն հեռացած մարդիկ չունին այս յոյսը եւ իրենց յաւիտենականութեան մասին լրջօրէն չեն մտածեր։ Որքա՜ն խեղճ պէտք է ըլլան այս անձերը եւ անոնց կեանքը՝ ողորմելի , նոյնիսկ եթէ արտաքինով յայտնի չեն ըներ։ Որովհետեւ Աստուծոյ հետ ըլլալը կամ չըլլալը նոյնը չէ։ Աստուած որպէս հայր նկատել՝ հաւատացեալին մեծ ապահովութիւն կը ներշնչէ եւ ներքին ուրախութիւն կու տայ։ Իսկ ապրիլ իբր թէ Աստուած չկայ՝ յուսախաբանութեան եւ տխրութեան կը տանի։ Շատ են օրինակները մեր շուրջ, կը բաւէ հետեւիլ մարդոց տարբեր եւ տարբեր վիճակներուն։
Սուրբ Պօղոս նորադարձ Եփեսացիներուն կ՚ըսէ. «Յիշեցէք որ ատենօք դուք հեթանոս էիք, դուք առանց Քրիստոսի էիք, չունէիք ո՛չ յոյս եւ ո՛չ Աստուած այս աշխարհի վրայ» (Եփ. 2, 11-12)։ Այս խօսքը կը վերաբերի նաեւ մեր այսօրուայ ժամանակներու նոր հեթանոսներուն, այսինքն հաւատքը կորսնցողներուն։ Իրօք, առանց Աստուծոյ, առանց հաւատքի Յիսուսի սիրոյն վրայ՝ յոյսը գոյութիւն չունի, այլ կայ միայն յուսահատութիւն եւ բարոյալքում։
Յիսուս մարդացաւ, մեզ անհունօրէն սիրեց եւ ամէն ազգէն ու սերունդէն շատեր կանչեց շարունակելու իր սիրոյ առաքելութիւնը մարդկութեան մէջ։ Ասոր համար ալ Յիսուս սուրբ Եկեղեցին հիմնեց եւ օժտեց սուրբ խորհուրդներով։ Արդեօք անոնցմէ չ՞էք որ Յիսուս ընտրեց։
Ծննդեան տօնը մեր մէջ կ՚արծարծէ նաեւ յոյսը Յիսուսի փառաւոր դարձին մասին։ Այս յոյսը անորոշ եւ պարապ բան մը չէ, այլ ապահովութիւն մըն է հիմնուած Յիսուսի խոստումին վրայ, որ յարութիւն առաւ եւ մեզի համար դարձաւ փրկութեան քարաժայռը։ Ասոր համար, Ան մեզմէ կը խնդրէ որ այս աշխարհին մէջ ապրինք զգաստութեամբ եւ արդարութեամբ, սպասելով անոր երանելի վերադարձին։
Մարդը միակ էակն է, որ ազատութիւն ունի ընդունելու կամ մերժելու Յիսուս։ Մարդը կարողութիւն ունի իր մէջ մարելու յոյսի բոցը եւ իր կեանքէն դուրս վտարելու Աստուած։ Այս պատճառով, Յիսուս չի դադրիր մեր սրտի դուռը բախելէ, որպէսզի իրեն բանանք եւ զինք ընդունինք մեր կեանքին մէջ։ Այս է իմաստը Ծննդեան տօնին խորհուրդին, որ կը կատարենք ամէն տարի, հրաւիրելով Յիսուս մտնելու մեր սրտին մէջ։
Բայց ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ատիկա։ Կրնայ ըլլալ յիշելով միշտ Յիսուսին խօսքերը սուրբ Աւետարանին մէջ եւ ընդունելով սուրբ խորհուրդները։ Աստուած, որովհետեւ մեզ հայրական սիրով կը սիրէ, մեզմէ կը սպասէ որ մենք իրեն հանդէպ քայլ մը ընենք, մեր սիրտը անոր բանանք, եւ իրմէ բնաւ չհեռանանք, քանի համոզուած ենք որ մենք անոր սիրեցեալ զաւակներն ենք։ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ կոչուած է յուսալու եւ համապատասխանելու Աստուծոյ հրաւէրին, որովհետեւ մարդուն սրտին մէջ գրուած է անջնջելի գիրով, որ Հայր Աստուածը կեանքն է եւ մենք ստեղծուած ենք յաւիտենական կեանքին համար»։ Մարդու սպասումին՝ Աստուած պատասխանեց առաքելով իր Միածին Որդին, Յիսուս Քրիստոս։
Աստուած գիտէ թէ անոնք, որ զինք կը մերժեն, տակաւին չեն գիտեր թէ որքա՜ն Յիսուս զիրենք կը սիրէ։ Այս պատճառով, Աստուած համբերատար է այսպիսիներուն հանդէպ եւ անոնց կը տրամադրէ յաւելեալ ժամանակ, որպէսզի իրեն դառնան եւ փրկուին։ Հոս կը սկսի քրիստոնեաներուս պարտականութիւնը մեզ շրջապատողներուն հանդէպ։ Մեզի կ՚իյնայ մեր առօրեայ ապրումով անոնց փաստել, որ Յիսուսին մօտ է իրենց իսկական յոյսը եւ իրմէ դուրս փրկութիւն չկայ, եւ թելադրել իրենց սուրբ Աւետարանի, բոլոր խօսքերուն, անսայթաք կերպով հաւատալ։ Չկայ ճշմարիտ քրիստոնեայ մը որ այս հարցին մէջ անտարբեր կրնայ մնալ։ Չկայ հարազատ քրիստոնեայ մը որ իր պատասխանատուութենէն փախուստ տայ։ Օր մը, մեր թերացած պարտականութիւններուն համար Աստուծոյ հաշիւ պիտի տանք։ Անկէ զատ, ամէն քրիստոնեայ կարող է փոխելու իր փոքր աշխարհը, ինչպէս իրմէ առաջ համոզուած հաւատացեալներ ըրին դարերու ընթացքին։
Սիրելիներ, թո՛ղ այս տարուայ Ծննդեան տօնը վերանորոգէ մեր մէջ քրիստոնէական յոյսը եւ սիրոյ եռանդը, որպէսզի ըլլանք մեզ շրջապատողներուն համար Քրիստոսի հարազատ վկաներ, եւ բոլորին ներշնչենք մեր կեանքի օրինակովը յոյս եւ համերաշխութիւն։
Թո՛ղ Յիսուսին բերած ճշմարիտ խաղաղութիւնը տարածուի ամենուրեք՝ մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր հաստատութիւններուն մէջ՝ մայր Հայրենիքին, Արցախին եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, մանաւանդ սիրելի Լիբանանին մէջ եւ լիբանանահայերուն համար։
Թո՛ղ Աստուածամայրը մեզի օգնէ մեր նուիրական գործին մէջ, Քրիստոսի վկայի պաշտօնը լաւագոյնս կատարելու համար։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.