2009-12-24 13:02:20

23 Դեկտեմբեր 1739. Սուլթանական հրովարտակով կը նուիրագործուին Հայոց իրաւունքները Երուսաղէմի սրբավայրերուն վրայ


23 Դեկտեմբեր 1739. Սուլթանական հրովարտակով կը նուիրագործուին Հայոց իրաւունքները Երուսաղէմի սրբավայրերուն վրայ

Յուշատետրի Դեկտեմբեր 23ի էջը մեզ կը տանի դէպի 1739 թուականը, երբ Օսմանեան Կայսրութեան սուլթանը՝ Մահմուտ Առաջին, Երուսաղէմի հայոց ծերունազարդ պատրիարք Գրիգոր Շղթայակիրին ուղղուած կայսերական հրովարտակով մը, պաշտօնապէս նուիրագործեց Երուսաղէմի հայերուն իրաւունքը Սուրբ Քաղաքի սրբատեղիներուն վրայ։
Իր այդ քայլով՝ Սուլթան Մահմուտ Ա. փորձեց լուծել դաւանաբանական վէճէ մը շատ անդին անցած եւ իր տիրապետութեան տակ ապրող քրիստոնեաները պառակտման, լարուածութեան եւ հակամարտութեան մատնած Երուսաղէմի սրբատեղիներու օրինական տիրութեան իրաւաբանական հանգոյցը։
Պատրիարքներով, հոգեւորականութեամբ եւ աշխարհականութեամբ ինկած էին թրքական դատարանները՝ կայսերական օրէնքով կարգաւորելու համար յանուն Երուսաղէմի քրիստոնէական սրբավայրերու իրաւատիրութեան մղուող իրենց մրցապայքարը։
Կայսերական հրովարտակը, բնականաբար, վերջնական լուծում մը չէր կրնար բերել բուն վէճին, որովհետեւ սուլթանի կայսերապետական հաշիւներուն դիտանկիւնէն՝ որքան բաժան բաժան ու հակամարտ ապրէին հպատակները, այնքան կը դիւրանար անոնց կառավարումը բռնակալական եղանակով։ 23 Դեկտեմբեր 1739ի կայսերական հրովարտակը չէր կրնար ընդհանուր եւ օրինաչափ այդ կանոնը խախտել։ Բայց միաժամանակ, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ շահերուն նուիրագործման դիտանկիւնէն, այդ հրովարտակը ծառայեց պատմական արդարութեան ամրագրումին՝ պետական իրաւական հիմքը դառնալով Քրիստոսէ Ետք 7րդ դարէն սկսեալ Երուսաղէմի հայերուն տրուած Յիսուսի Գերեզմանին օրինակով սրբավայրերու տիրութեան իրաւունքին։
1739ին նոր իրաւունքներ չտրուեցան Երուսաղէմի հայերուն. պարզապէս պաշտօնապէս նուիրագործուեցաւ դարերէ ի վեր հաստատուած անգիր օրէնքը, որ Սուրբ Քաղաքի գլխաւոր չորս թաղամասերէն ամէնէն փոքրին՝ Հայկական Թաղամասին եւ հոն գտնուող սրբատեղիներուն վրայ կը ճանչնար հայերու տիրութեան իրաւունքը։ Մանաւանդ որ ատենի Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Գրիգոր Շղթայակիրին ուղղուած 23 Դեկտեմբեր 1739ի կայսերական հրովարտակին հետեւողութեամբ՝ սուլթանական նոյնիմաստ հրովարտակներ ուղղուեցան առանձնաբար Երուսաղէմի յոյներու պատրիարքին եւ լատիններու առաջնորդին։ Աւելի՛ն. երեք հրովարտակներն ալ, նուիրագործելով հանդերձ սրբատեղիներուն վրայ հայոց տիրութեան իրաւունքը, պաշտօնապէս կը հաստատէին դարերով պահպանուած նախապատուութեան կարգը, որ Երուսաղէմի յոյներուն վերապահուած էր։ Կարժէ քիչ մը լայն բանալ պատմութեան կարկինը։
Նախաքրիստոնէական ժամանակներէն իսկ Երուսաղէմ ունեցած է բազմազգ բնակչութիւն։ Երուսաղէմի վրայ տիրապետութիւն հաստատած են հրեաները, Աղեքսանդր Մակեդոնացին, Հռոմի կայսրերը եւ հին աշխարհի շատ մը գահակալներ։ Հայերու ներկայութեան մասին արձանագրութեանց կարելի է հանդիպիլ Տիգրան Մեծի ժամանակներէն, բայց որոշապէս Ք.Ե. 4րդ դարէն սկսեալ բազմացած են Երուսաղէմի մէջ բնակութիւն հաստատած հայերը, որոնք սկզբնական շրջանին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած Հայաստանէն Սուրբ Քաղաք առաքուած հայ հոգեւորականներ էին իրենց հարազատներով։
Հայերու աշխարհական ներկայութիւնը սկսաւ ուռճանալ Երուսաղէմի մէջ 7րդ դարէն սկսեալ, երբ մահմետական առաջին արշաւանքներու ընթացքին, 650ականներուն հայ հոգեւորական մը՝ Աբրահամ ուղղակի Մոհամմէտ մարգարէին ներկայացաւ եւ անկէ ստացաւ հայոց պատրիարքութիւն հաստատելու իրաւունքը։ Պատրիարքութեան դիրքերը եւ ինչքերը զօրացան եւ հարստացան ժամանակի ընթացքին, յատկապէս Եւրոպայի Խաչակիրներու արշաւանքներէն ետք, երբ մէկ կողմէ Խաչակիրներու հետ Պաղեստին եկած եւրոպացի իշխանները մնայուն բնակութիւն հաստատեցին շրջանէն ներս եւ 1090ականներուն հիմնեցին Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ Կիլիկիոյ մէջ հայոց իշխանութեան եւ, ապա, թագաւորութեան ստեղծումով, հայ առեւտրականներու եւ արհեստաւորներու նախասիրած քաղաքը դարձաւ Երուսաղէմը։

Սկիզբէն իսկ հայերը բնակութիւն հաստատեցին Սիոն Լերան վրայ եւ շրջակայքը՝ բնիկներէն եւ յատկապէս մահմետականներէն իրենց գնած կալուածները նախ հիմնովին քանդելով եւ նորը՝ եկեղեցի թէ բնակարան կառուցելով, որպէսզի հետագային կարենային օրինականօրէն պաշտպանուիլ մահմետական օրէնքի այն տրամադրութեան դէմ, որ վաճառուած կալուածի ժառանգութեան իրաւունքը կը նուիրագործէ եւ վաճառողին թոռը կամ ծոռը կրնայ որեւէ ժամանակ տէր կանգնիլ այդ ժառանգութեան վերատիրանալու իր իրաւունքին։ Այդպէ՛ս առաջացաւ 150 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ հայկական թաղամասը Երուսաղէմի մէջ։ Այդպէ՛ս հայերը տէր դարձան սրբատեղիներու, որոնց կարեւորագոյնը Քրիստոսի գերեզմանն է եւ որուն շուրջ կը բռնկին վէճերն ու բախումները, դարերէ ի վեր եւ մինչեւ այսօր, յոյն եւ հայ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու միջեւ։

Պատմութենէն նոյնպէս գիտենք, որ առաւելաբար ղպտիներու եւ եթովպիացիներու պատկանող Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին ու վանքը, ներառեալ Քրիստոսի գերեզմանը, Աբրահամ վարդապետ ստացած է անձամբ Մոհամմէտ Մարգարէէն՝ համպատասխան հատուցում, նաեւ սրբատեղիներու օգտագործման իրաւունք տալով ղպտիներուն եւ եթովպիացիներուն։

Ահա այդ անգիր պայմանաւորուածութեան օրէնքն է, որ դարերով պահպանուած ու ժամանակ առ ժամանակ վերանորոգուած է՝ մէկ կողմէ հայերու սեփականատիրութեան իրաւունքը վերահաստատելով, նաեւ՝ միաժամանակ Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնեաներուն, յատկապէս մեծագոյն համայնքը կազմող յոյներուն, ապա լատիններուն օգտագործման նախապատուութիւն տալով։

Առանձին յուշատետրի նիւթ են, անշուշտ, թէ՛ նոյնինքն Երուսաղէմի հայութեան եւ պատրիարքութեան պատմական հետագայ հոլովոյթին ծանօթացումը, թէ՛ մանրամասն անդրադարձը այն պայմաններուն եւ թափուած ճիգերուն, որոնց շնորհիւ Երուսաղէմի հայոց Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքը կրցաւ արժանանալ երկար դարեր Երուսաղէմի վրայ տիրակալութիւն հաստատած օսմանցիներու Մահմուտ Առաջինի 23 Դեկտեմբեր 1739ի կայսերական հրովարտակին։ Բայց այս առթիւ անպայման կարժէ շեշտել եւ իբրեւ եզրակացութիւն ընդգծել, որ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքը իր գործով եւ կենցաղով սրբագոյն անձնաւորութիւն էր եւ բարոյական մեծ հեղինակութիւն։ Այդ դրամագլուխով ալ, 270 տարի առաջ, ան կրցաւ Երուսաղէմի յոյն եւ լատին կղերին ու հաւատացեալներուն համաձայնութիւնը ապահովել եւ կայսերական հրովարտակով նուիրագործել Երուսաղէմի հայերուն պատմական իրաւունքները սրբավայրերուն վրայ։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.