2009-12-23 12:32:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը

Չորեքշաբթի Դեկտեմբեր 23 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։
Սրբազան Հայրը, իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Միջին դարու մեծ աստուածաբան Ժան տը Սալիսպիւրիի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Թոյ Յիսուսի ս. Ծնունդը մեզի պարհգեւէ անդորր ցնծութիւն մը, որպէսզի լաւ ըմբռնենք մեր Հօր Աստուծոյ բարութիւնը եւ նոր ոյժ մը գտնենք ապրելու մեր հաւատքը։

Ծննունդին, ըսաւ Սրբազան հայրը, Աստուած իրապէս դարձաւ Էմմանուէլ, այսինքն Աստուած մեր մէջ, որմէ ոչ ոք կարող է մեզ բաժնել։

Աստուած այնքան մօտ եղաւ մեզի, որ այլեւս կարող ենք հետը կապ պահել, Անոր վստահիլ ու ծորապէս սիրել։

Յիսուս մեզի կու գայ առանց զէնքի, առանց ոյժի։ Ան չուզեր մարդը արտաքսապէս իրեն հրապուրել, այլ կ'ուզէ որ մարդը ազատօրէն իրեն գայ։ Ան Մանուկ դարձաւ որպէսզի իր սիրով յաղթէ հպարտութիւնը եւ բռնութիւնը։



Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ աղօթեն Աստուծոյ որպսէզի մեր սրտերուն մէյ հաստատէ պարզութիւնը եւ այսպէսով պիտի կարողանանք ճանչնալ զԱստուած որ մսուրի մէջ կը գտնուի։ Ձեզի բոլորիս կը մաղթեմ բարի եւ ուրախ սուրբ Ծնունդ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն
մէջբերելով Եսայեա մարգարէին խօսքը. ''Ինծի դիմեցէք եւ պիտի փրկուիք''։
իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.