2009-12-23 12:32:46

ՀԱՅ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ


ՀԱՅ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Վերջերս Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրունօ Սկապինին։
Հանդիպման նպատակը եղած է հայ-իտալական համագործակցութեան ընդլայնման շրջանակին մէջ նախանշել յաջորդ տարուան ծրագիրները։ Նախարար Արմէն Աշոտեան շեշտը դրած է հայ-իտալական համագործակցութեան վրայ՝ կրթամշակութային բնագաւառին մէջ։ Ան նշած է, որ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջողած է տնտեսական ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ պահպանել կրթական հիմնական ծրագիրներու ֆինանսաւորումը եւ յուսացած է՝ ըսելով, որ մեր գործընկերներու աջակցութեամբ պիտի կարենանք իրականացնել այլ ծրագիրներ եւս։ Նախարարը մաղթած է, որ յառաջիկայ տարի երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի ընդգծուած կրթական եզրեր ունենայ։

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին ընդունելութեան համար՝ նշած է, որ՝ Հայ-իտալական համագործակցութիւնը իւրայատուկ է։ Մենք ունինք պատմական եւ մշակութային նմանութիւններ, որոնք կը միացնեն մեզ եւ կարելիութիւն կընձեռեն համագործակցութիւնը ընդլայնելու ո՛չ միայն կրթութեան եւ մշակոյթի, այլ նաեւ տնտեսութեան ոլորտին մէջ։ Մեր յարաբերութիւնները բարոյագիտական եւ պատմական են, ընդգծած է դեսպանը։

Նախարարը եւ դեսպանը քննարկած են Երեւանի եւ Գիւմրիի մէկական դպրոցի մէջ իբրեւ երրորդ օտար լեզու իտալերէնի ուսուցման փորձնական ծրագիրի իրականացման հետ կապուած հարցերը։
Նախարար Աշոտեան ներկայացուցած է նաեւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ թեքնիք աջակցութեան, համալսարաններու դասախօսներու

եւ ուսանողներու փոխանակման, վարպետաց դասերու կազմակերպման, Իտալիոյ մէջ

գտնուող հայկական կրթամշակութային ժառանգութեան քարոզման եւ հանրային իրազեկման միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու առաջարկներ։ Իբրեւ նախնական համաձայնութիւն՝ ձեռք-բերուած է առաջարկներու հիման վրայ մշակել ծրագիրներ հետագային քննարկելու նպատակով։







All the contents on this site are copyrighted ©.