2009-12-23 14:32:29

 ՄԿՐՏԻՉ ԱՐՄԷՆ։ Հայկական Արձակի Տաղանդաւոր Վարպետը (1906-1972)։


 


ՄԿՐՏԻՉ ԱՐՄԷՆ։ Հայկական Արձակի Տաղանդաւոր Վարպետը (1906-1972)։

22 Դեկտեմբեր 1972ին մեր երկրէն ու կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ հայկական արձակին մեծ վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն, որ իր ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ գնաց միանալու հայ գրականութեան Մեծերու Հոյլին։ Աւազանի անունով Յարութիւնեան Մկրտիչը, Գիւմրիի զաւակ էր, ծնած էր 27 Դեկտեմբեր 1906ին արհեստաւոր Գրիգորի յարկին տակ եւ իր ծնունդով պայմանաւորուած այդ կրկնակ պատկանելութիւնը ( աւանդապահ գիւմրեցին ու կենսասէր ընչազուրկը) ներշնչման աղբիւրն ու մղիչ ուժը դարձաւ հայկական արձակի այս մեծատաղանդ վարպետին։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու պարտադրման առաջին քայլերուն զուգադիպեցաւ, պատանի տարիքէն գրելու բնատուր ձիրքով օժտուած, Մկրտիչ Արմէնի մուտքը՝ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։

1920ականներու սկզբնաւորութեան Մկրտիչ Արմէն բացառապէս չափածոյ ոտանաւորներով ընթերցողին ներկայացաւ եւ միայն 1928ին անցաւ արձակին։ 1925ին արդէն դրօշակիրներէն մէկը եղաւ նոր հասարակարգի տիրական գաղափարախօսութեան համահունչ գրականութիւն ստեղծելու շարժումին, աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով Գիւմրիի բանուորա-գիւղացիական գրողներու ՝՝Հոկտեմբեր՝՝ միութեան հիմնադրումին։ Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Գիւմրիի Սուրբ Փրկիչ եւ Տղայոց միջնակարգ վարժարաններուն մէջ, ապա երբ հայրը մահացաւ, յաճախեց ամերիկեան միսիոնարներու վարժարանը, որ Առաջին Աշխարհամարտէն վերապրած հայ որբերու գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն էր։ Որբանոցի կեանքն ու սկաուտական դաստիարակութեան մթնոլորտը խորապէս ցնցեցին ու խոցեցին արժանապատիւ կեանքի ծարաւ պատանի Մկրտիչի հոգին, որ հետագայ իր ստեղծաործութեանց մէջ պարբերաբար կանգ առաւ հին աշխարհն ու քաղքենի արեւմուտքը խորհրդանշող այդ զոյգ երեւոյթներուն վրայ,ազատ ու անկաշկանդ անհատականութեանց ներքին խռովքն ու ընդվզումը լուսարձակի տակ առնելով։

Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի ֆիլմարուեստի հիմնարկի բեմագրական բաժանմունքին մէջ, ուր կատարելագործեց գրելու իր արուեստը կարճ նախադասութիւններով ու արագ կշռոյթով կերպարներ ուրուագծելու եւ պահեր խորացնելու գեղարուեստական բարձրորակ ոճ մը բիւրեղացնելով։ Այդպէս ալ արձակը դարձաւ Մկրտիչ Արմէնի ինքնադրսեւորման գլխաւոր միջոցը, որ իր բարձրակէտը նուաճեց 1935ին լոյս տեսած ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ վիպակով։ Մինչեւ իր գլուխործոցը, Մկրտիչ Արմէն ե՛ւ վէպերով, ե՛ւ պատմուածքներով անդրադարձած էր, խորհրդային կարգերու տակ, մէկ կողմէ տոհմիկ ու աւանդական արժէքներուն եւ, միւս կողմէ, նորայայտ եւ այսպէս կոչուած բանուորա-գիւղացիական յեղափոխական բարքերու բախումին։ Յատկապէս ՝՝Խորտակուած հոգիների փողոցում՝՝ եւ ՝՝Ջուբէիդա՝՝ գործերով, առաջինը հայկական, իսկ երկրորդը ադրբեջանական միջավայրէն վերցուած հերոսներով ու ընկերային բախումներով, Մկրտիչ Արմէն գեղարուեստական մշակումի արժանացուցած էր սիրոյ եւ ամուսնութեան, ընտանիքի եւ աշխատանքի հասարակական հիմնահարցերը՝ ինքնատիպ ոճով թէ՛ հինը հասկնալ փորձելով, թէ՛ նորը մարդկօրէն իր ապրած երկուութեամբ ներկայացնելով։ Ակսէլ Բակունցի կրտսեր գրչեղբայրը, հայ արձակին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն, բնականաբար իր վրայ հրաւիրեց կատաղի բարկութիւնը խորհրդային վարչակարգի սպասարկուներուն։ Յատկապէս Նայիրի Զարեան քննադատական անխնայ հարուածի տակ առաւ ՝՝Մկրտիչ Արմէն երեւոյթը՝՝ ընդհանրապէս անոր գրականութիւնը եւ մասնաւորապէս ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ ը ուղղակի բանադրելով իբրեւ ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանաւոր ստեղծագործութիւն։ 1937ին Մկրտիչ Արմէն արդէն բանադրուեցաւ իբրեւ ժողովուրդի թշնամի եւ ամբողջ 11 տարի դատապարտուեցաւ սիպիրեան աքսորի։

Աքսորէն վերադառնալէ ետք տաղանդաւոր հայ գրողը անշուշտ արժանացաւ մեր ժողովուրդին գրկաբաց ընդունելութեան, բայց հին օրերու ստեղծագործական մեծ կրակը այլեւս մարմրած էր Մկրտիչ Արմէնի մէջ։ Աւելի քան քսան տարի շարունակեց ստեղծագործել, արժէքաւոր նոր գործեր ալ մատուցանեց հայ գրականութեան, բայց ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ը անկրկնելի մնաց։ 1971ին ՝՝Հայֆիլմը՝՝ շարժանկարի վերածեց հայ րականութեան այս գլուխգործոցը, եւ ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ը այս անգամ իբրեւ հայկական ժապաւէնի դասական մեծարժէք նուաճում, նորովի կեանք առաւ եւ ամբողջ սերունդներու կազմաւորման մէջ հիմնական ներգործութիւն ունեցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.