2009-12-22 14:27:29

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Խոստովանահօր մը գաղտնիքը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Խոստովանահօր մը գաղտնիքը



Հիմա, արդէն առտուան ժամը մէկին է, որ Ժան Մարի Վիաննէ, լապտերը ձեռքը կ'ուղղուի դէպի իր Àեկեղեցին։ Արս մտնելէն իր վեր, սովորութիւն ըրած է, ծունկի եկած աղօթել սուրբ հաղորդութեան դիմաց։ Բայց եերկար աղօթելու ժամանակ չունի։ Եկեղեցւոյ թերաստուերին մէջ արէն կը սկսին տեսնուիլ, իրեն սպասող բարեպաշտ կիներ։

Եթէ բազմաթիւ են, մնաւանդ գեղեցիկ եղանակներուն, կէս ժամէն կը մտնէ իր խոստովանարանը։ Ձմեռը կրնայ աւելի երկար աղօթել։

Մինչեւ ժամը վեց կը լսէ խոստովանութիւնները։ Ոչ մէկը երկար կը բռնէ. Բացառաբար տասը վայրկեն։ Յետոյ ոտքի կ'ելլէ, եւ ժամը վեցին պատարագը կը մատուցանէ, իսկ ձմեռը` եօթին։ Պատարագի կը պատրաստուի խորանին դիմաց, ծնրադիր` շուրջ քսան վայրկեան։ Պատարագը երկար կը տեւէ եւ չ'ուզեր խանգարուիլ։ Եթէ մինչեւ իսկ քղանցը քաշեն, անդին չի նայիր... Յետոյ աւանդատուն կ'երթայ օրհնելու ուխտաւորներու ներկայացուցած վարդարաններն ու մետալները։ Եւ կը փութայ Նախախնամութեան տունը, գաւաթ մը տաք կաթ խմելու համար։

Շուտով կը վերադառնայ եւ աւանդաատան մէջ կը խոստովանցնէ այր մարդիկը։ Ցած ամպիոնի պէս բանի մը վրայ կը նստի եւ քովը աղօթարան մը։ Այսպէսով կը տեսնէ իր ապաշխարողները երես առ երես եւ անոնց հետ կը խօսի ընտանեբար։

Ժամը տասի մօտերը կ'ընդհատէ խոստովանանքը եւ դասի մէջ ծնրադիր կ'ըսէ իր ժամերգութեան մէկ մասը։ Քսան վայրկեան ետք կը վերադառնաղ խոստովանցնելու։

Ժամը 11ին կը կենայ։ Այդ ժամուն եկեղեցին լեցուն կ'ըլլայ։ Ճամբուն մէջ, եկեղեցւոյ առջեւը, ժողովուրդը կեցած լ'ըլլայ։ Յաճախ շատ դժուար կ'ըլլայ անկէ Նախախնամութեան տունը անցնիլ, քանի որ բազմութիւնը կ'ուզէ դպչիլ իրեն, խօսք մը լսել իրմէ կամ իր օրհնութիւնը առնել։ Հոն, սրահին մէջ ժամ մը կրօնի դասեր կու տայ տղոց, բայց դուրսը ուխտաւորները կը հրմշտկեն զիրար եւ ոմանք ծակէ մը ներս կը սպրդին։ Հաետագային կը հրաժարի Նախախնամութեան տունը երթալէ եւ կրօնի դասերը կու տայ եկեղեցւոյ նաւուն մէջ, ուր բարձրադիր բեմ մը շինել կու տայ եւ ամէնքէն շրջապատուած` հօր մը պէս, կը սորվեցնէ Աւետարանի ճշմարտութիւնները։

Կեսօրուան մօտ, յետ ոտքի վրայ կլլելու իր համեստ ճաշը, կը մտնէ քահանայատուն։ Դուռը կը գոցէ սղնակով։ Ըստ Գաթերին Լազանի.

-Ադ քիչ ժամանակին մէջ ''կ'ընթրէ, սենեակը կ'աւլէ, մօրուքը կ'ածիլէ, կը քնանայ եւ հիւանդներու կ'այցելէ''։ Ապա եկեղեցի կը վերադառնայ, մինչեւ ժամը հինգ, կիները կը խոստովանցնէ, անկէ աւանդատուն կ'անցնի այր մարդոց խոստովանութեան, մինչեւ ժամը 7-8։

Հուսկ վարդարանը եւ երեկոյեան աղօթքը կ'ըսէ ներկաներուն հետ. Եւ կը քաշուի քահանայատուն։

Հոն դեռ կ'ընդունի քանի մը հոգի եւ ժամը 9-10 այլեւս կ'առանձնանայ վերջապէս մինակն է իր սենեակին մէջ։ Քիչ մըն ալ կ'աղօթէ, սուրբերու կեանքը կը կարդայ եւ ապա կը տարածուի իր յարդէ անկողնին վրայ շուրջ երեք ժամ... Հոն ալ չես գիտեր թէ որքան կը քնանայ։ Ինքն է պատմողը.

-Երբ չեմ քնանար, գիշերային կանթեղիս լոյսով հաճոյքով կը դիտեմ պատեն կախուած սրբանկարներ... Սուրբերու ընկերութեան մէջ եմ։ Գիշերը երբ կ'արթննամ, ինծի այնպէս կը թուի թէ ինծի կը նային եւ կ'ըսեն.''Է՜հ, ծոյլ, դուն կը քնանաս, մինչ մենք ժամանակնիս կ'անցնենք հսկելով եւ աղօթելով Աստուծոյ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.