2009-12-22 14:27:12

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Հռոմ թեմի տեղապահը կարտինալ Վալլինի Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, երեքշաբթի օրը, պատարագ կը մատուցէ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահութեան մօտ երեկոյեան ժամը 6-ին։

Հռոմի քահանայապետական Թագուհի Առաքելոց համալսարանի Ռեկդորը գերապայծառ Մարչելօ Սանչես զեկոյց մը կատարեց ''Գիտութեանց քահանայապետական կաճառը եւ կապը գիտութեան ու հաւատքի միջեւ'' նիւթին մասին։



Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը, գերերջանիկ ֆուատ Թուալ պատրիարքը մամլոյ ասուլիս մը կատարեց պատրիարքարանի մէջ, որուն ընթացքին ներկայացուց Ս. Ծննդեան իր պատգամը։ Լրագրողներու հետ հանդիպումին աւարտին պատրիարքը այցելեց Բեթղեհէմի մաուկներու հիւանդանոցը։

Կիրակի օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ըսած էր. ''Բեթղեհէմը'' խաղաղութեան խորհրդանիշ քաղաք է, թէ Ս. Երկրի մէջ եւ աշխարհի մէջ''։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ցաւով դիտել տուաւ թէ Բեթղեհէմը չի ներկայացներ խաղաղութեան հաստատումը, այլ կը ներայացնէ խաղաղութեան ակնկալումը։ յայտնենք թէ գերերջանիկ ֆուատ Թուալ պատրիարքը դեկտեմբեր 24ի գիշերը ճրագալոյսի պատարագը պիտի մատուցէ Բեթղեհէմի քարայրը

կարտինալ Սոտանոյի բարեմաղթութիւնները Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։

Որպէս կարտինալական դասի գահերէց` կարտինալ Անճելօ Սոտանօ, յանուն Վատիկանի պաշտօնէութեան, Ծննդեան ու Ամանորի բարեմաղթութիւնները յայտնեց։ Ձեր անձին շուրջ համախմբուած քահանայապետական ընտանիքը եկած է Ծննդեան տօնին առթիւ վերանորգելու եկեղեցական խոր հաղորդակցութիւնը եւ շնորհաւորելու սուրբ Ծնունդը։ Եւ հետեւելու Պետրոս առաքեալի հրաւէրին ուղղուած քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան. ''իրարու ծառայեցէք, իւրաքանչիւրը իր ընդունած շնորհքին համաձայն, իբրեւ ընտիր տնտեսներ Աստուծոյ բազմապիսի շնորհքներուն։ Այս զգացումներոը մենք կը մտինք համագործակցիլ Ձերտ Սրբութեան հետ, Աստուծոյ Արքայութեան ծաւալումին այսօրուայ աշխարհին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.