2009-12-22 14:28:02

Լուրեր հայ աշխարհէն


Լուրեր հայ աշխարհէն

Լիբանան - ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, երկուշաբթի առաւօտեան այցելեց հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս - Պետրոս ԺԹ պատրիարքին։ Հանդիպումին առանցքը կազմեցին լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կատարելիք աշխատանքները։ Նախաղէս պատուիրակութիւնը այցելութիւն կատարած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ընդհանուր իրադարձութիւնները՝ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան շնորհուած վստահութեան քուէին լոյսին տակ։

Սեն Ժոզեֆ համալսարանի շէջ Հայաստանէն լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ Ս. Ծննդեան երգերու համերգը։

Կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի շրջանաւարտներու միութեան, ուրբաթ, 18 դեկտեմբեր 2009-ին, տեղի ունեցաւ համալսարանին կողմէ տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող Ս Ծննդեան տօնի եւ Նոր տարուան երգերու աւանդական համերգը։
Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարդկային գիտութեանց բաժանմունքի սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին ներկայ գտնուեցան համալսարանի պատասխանատուները, Ինթըրնեշընըլ քոլեճի տնօրէնութիւնը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ձեռնարկի հովանաւորներէն Աշճեան թուրզ հաստատութեան սեփականատէր Յովսէփ Աշճեան եւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներ։ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարդկային գիտութեանց բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տարեկան այս համերգը այս տարի կատարուեցաւ Ինթըրնեշընըլ քոլեճի գործակցութեամբ։
Ձեռնարկը սկսաւ մեներգով Քիմ Ռըննէ հանդէս եկաւ Ատեսթ ֆիտել եւ Օժուրտուի լը ռուա տէ սիէօ երգերով։ Ապա դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցան Ինթըրնեշընըլ քոլեճի շրջանաւարտներ, որոնք նուագեցին երաժշտական կտորներ, որոնց մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ հայ հռչակաւոր երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի Թոքաթան։
Ապա Ինթըրնեշընըլ քոլեճի շուրջ 50 հոգինոց երէց պատանիներու երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ 19 երգերով։
Հանդիսատեսներուն հոծ բազմութիւնը, որուն մէկ մասը նաեւ թատերասրահին աստիճանները նստարաններու վերածած էր, մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեց համերգը։
Հետաքրքրական էր այն, որ համալսարանի մուտքին զետեղուած էին հսկայ պաստառներ, որոնք կը կրէին Հայաստանի բնութենէն, բնակչութենէն, լեռներէն, բանակէն եւ եկեղեցիներէն լուսանկարներ։
Այս առիթով Ազդակ հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ ցուցահանդէսի եւ ելոյթի կազմակերպիչ Քրիսթիան Թաութելի հետ, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի կեդրոնական վարչութեան մէջ մշակութային ձեռնարկները համադրող պատասխանատուն է։
Թաութել յայտնեց, որ երբեք զարմանալի երեւոյթ մը չէ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ Հայաստանի կատարուած անդրադարձը եւ յատկապէս Հայաստանի լուսանկարներու այդ ցուցահանդէսը։
Թաութել բացատրեց, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը տարեկան դրութեամբ երկու ճամբորդութիւն կը կազմակերպէ՝ աւելցնելով, որ 2004-էն ի վեր արդէն իսկ այդ ճամբորդութիւններուն շարքին երեք անգամ դէպի Հայաստան պտոյտներ կազմակերպուած են։
Թաութել պատմեց, որ ինք 2004-ին առաջին անգամ ըլլալով առ ի հետաքրքրութիւն այցելած է Հայաստան եւ անոր նկատմամբ սէր, համակրանք եւ խոր յարգանք զգացած է։ ԱՆ շեշտեց, որ իրեն համար մեծ նուաճումներ են Հայաստան կատարուած այցելութիւնները, որովհետեւ Հայաստանը եւ հայութիւնը քաղաքակիրթ են, արժանապատիւ եւ ազնուական՝ նոյնիսկ իրենց տխրութեան եւ համեստ պայմաններուն մէջ։
Այս առումով Թաութել շնորհակալութիւն յայտնեց Աշճեան թուրզ հաստատութեան, որուն հետ կը համադրուին դէպի Հայաստան կատարուող Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պտոյտները, որոնք կընթանան առաւելագոյն հեզասահութեամբ՝ հաստատութեան սեփականատէր Յովսէփ Աշճեանի բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ։
Թաութել ըսաւ, թէ դեսպան Քոչարեան նոյնպէս գոհ մնացած է 2009-ին Սեն Ժոզէֆ համալսարանին կազմակերպութեամբ Հայաստան այցելած 56 անձերէն, որոնք համալսարանին մէջ դասաւանդող դասախօսներ են եւ ուսանողներ, եւ որոնք առաւելագոյն չափով գոհ մնացած են Հայաստան իրենց այցելութենէն։
Զրոյցին աւարտին Թաութել ընդգծեց, որ այս տարուան համերգին նպատակը եղած է Ինթըրնեշընըլ քոլեճ եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին միջեւ կամուրջ մը ստեղծել, եւ այդ առաքելութիւնը իրագործուած է հայկական դրօշին ներքեւ՝ ընդհանուր թեման դարձնելով Հայաստան կատարուած այցելութիւնը եւ անոր մասին դրական տպաւորութիւնները։
Թաութել եզրափակեց կոչ ուղղելով Երեւանի պետական համալսարանին՝ ուսումնական առումով գործակցութիւն առաջարկելու Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն գնով յաջողցնելու այդ ծրագիրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.