2009-12-21 14:14:08

Ծիսական Ժամանակացոյց


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 21 Դեկտեմբերէն Կիրակի 27 Դեկտեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 21, Երեքշաբթի 22 եւ Չորեքշաբթի 23 Դեկտեմբերը Պահոց օրեր են,

Հինգշաբթի 24 Դեկտեմբերին Քրիստոսի Ծննդեան ճրագալոյց է։

Մեծ Տօներու երեկոները սովորութիւն էր եկեղեցւոյ մէջ ճրագ լուցանել. այդ սովորութիւնը նոյնիսկ ամէն կիրակամուտին տեղի կ՝ունենար, եւ Լոյս Զուարթ երգը Օրհնութիւն Ճրագաց կոչուած է։ Բայց հիմա ՜՜Ճրագալոյց՝՝ անունը կը գործածուի միայն Ծննդեան ու Զատկի նախընթաց երեկոներուն արարողութեան՝ ամէնուն ձեռքը մոմեր տալով. եւ նոյնիսկ երկու տօներուն նախընթաց ամբողջ օրը ճրագալոյց կը կոչուի իբրեւ պատրաստութեան օր մեծ տօնին։



Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբերին տօնն է Յիսուսի Ծննդեան

Յիսուսի Ծնունդով սկիզբ կ՝առնէ մարդկութեան հոգեւոր պատմութեան վերջին հանգրուանը։ Քրիստոս լրումն է ժամանակին։

Ղուկաս աւետարանիչը մեզի կը պարզէ Յիսուսի Ս. ծննդեան խորհուրդը։ Դարերէ ի վեր մարդկութեան ակնարկը սեւեռած է Մսուրին մէջ ծնած Յիսուս Մանուկին եւ անոր Մօր Սուրբ Կոյս մարիամի վրայ։

Հրեշտակները կ՝աաւետեն հովիւներուն թէ Օծեալ Տէրը ծնաւ, եւ զԱստուած կ՝օրհնեն ըսելով. ՜՜Փառք Աստուծոյ երկնքի բարձունքներուն մէջ եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց՝ իր սիրելիներուն։

Մարիամի որդին՝ սկիզբէն Աստուծոյ քովն է. ՜՜Եւ Բանն մարմին առաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ՝՝ կը հաստատէ Յովհաննէս առաքեալը։

Մանուկը զոր Մարիամ ներկայացուց հովիւներուն, սկիզբը Աստուծոյ քովն էր, ամէն ինչ անով ստեղծուեցաւ։ Ան ճշմարիտ լոյսն է որ աշխարհ գալով լուսաւորեց մարդիկը եւ տուաւ մեզի իշխանութիւնը Աստուծոյ որդիներ ըլլալու։ Հակառակ որ 20 դարեր անցան տակաւին մարդիկ կ՝անգիտանան որ Աստուած իր Միածին Որդին ղրկեց երկիր մարդկութիւնը փրկելու համար։

Շաբաթ 26 Դեկտեմբերին տօնն է Ս. Ստեփանոս նախավկային։

Ստեփանոս, շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ, ժողովուրդին մէջ մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը գործէր։

Ազատագրուածներու ժողովարանէն մարդիկ, Կիւրենացիներ եւ Աղեքսանդրացիներ, ինչպէս նաեւ Կիլիկիայէն եւ Ասիայէն եկածներ, միջամտեցին եւ սկսան Ստեփանոսին հետ վիճիլ, սակայն անկարող էին ընդդիմադարձել իմաստութեան եւ հոգիին որով ան կը խօսէր։

Մարդիկ կաշառեցին ըսել տալու համար որ ՜՜Մենք լսեցինք որ ան հայհոյութեան խօսքեր կ՝վնէր Մովսէսի ու Աստուծոյ դէմ։ Ժողովուրդը, ծերերն ու դպիրները խռոված էին ու յանկարծակի եկած ու յափշտակեցին Աստեփանոսը եւ տարին ատեան, ուր ան նայելով դէպի երկինք ըսաւ .՜՜ Կը տեսնեմ երկինքը բացուած եւ Մարդու Որդին կանգնած Աստուծոյ աջ կողմը՝՝ ամէնքը բարձրաձայն ճիչեր արձակեցին եւ իրենց ականջները խցեցին ու միասին խուժեցին իր վրայ . զինք քաղաքէն դուրս հանեցին եւ քարկոծեցին։

Ստեփանոս մինչ կը քարկոծուէր կ՝աղօթէր եւ կ՝ըսէր. ՜՜Տէր ընդունէ հոգիս՝՝

Ապա բարձր ձայնով կ՝աղաղակէր. ՜՜Տէր Ասիկա մեղք մի համարեր անոնց՝՝ եւ այս ըսելով Ստեփանոս ննջեց։ Սաւուղ կամակից էր անոր սպաննութեան։

Կիրակի 27 Դեկտեմբերին Յիսուսի Ս. Ընտանիքին տօնն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.