2009-12-21 14:13:51

Լուրեր հայկական կեանքէն
Ֆրանսահայ մամուլը նիւթով զեկուցում


Լուրեր հայ կեանքէն։ Սփիւռք եւ մայր հայրենիք։



Ս. Ծննդեան Առիթով ՀՕՄի Օգնութեան Կոչը

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի հիմնական նպատակն է հասնիլ մեր ժողովուրդի պէտքերուն», ըսաւ Սօսի Փօլատեան, ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին:

ՀՕՄը կը դիմէ անոնց, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ այս օրերուն, որպէսզի շարունակէ օգնութեան ձեռք երկարել կարօտեալներուն: Նամակատարով ղրկուած դիմումը արդէն իսկ հասած է Կլէնտէյլի մօտակայ շրջաններուն, իսկ մնացեալներուն՝ շուտով կը հասնի: Վերջերս, անօթի մնացած ուսանող մը քալելով երկար ճամբայ կտրելով կը հասնի ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը, ուր տեղադրուած էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկապարտէզի 4 տարեկան աշակերտներու հաւաքած տուփեղէն ուտելիքները, որոնց շնորհիւ օգտնութիւն տրուեցաւ ուսանողին:

Կաղանդի առիթով նաեւ նուէրներու հաւաք տեղի կ՛ունենայ, թէ՛ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան կեդրոններու դիմողներուն եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի երեխաներուն համար։ Տարիներու ընթացքին, ամերիկահայ գաղութը տպաւորիչ պատմութիւն կերտած է սատարելով մեր ժողովուրդին բարեսիրական պէտքերուն՝ աշխարհի որ անկիւնը, որ գտնուին անոնք։



Պելճիքայի Մէջ Ստեղծուած է Հայկական Կազմակերպութիւններու Միութիւն

ՊԵԼՃԻՔԱ- Պելճիքայի Անտուերպ քաղաքին մէջ վերջերս կայացած է Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ այլ կառոյցներու ղեկավարներու հիմնադիր ժողովը, որ քննարկած է Անտուերպի «Նուարդ» մշակութային միութեան առաջարկը՝ Պելճիքայի հայկական կազմակերպութիւններու միութիւն ստեղծելու մասին: «Նուարդ» մշակութային միութեան նախագահ Գէորգ Մինասեանը հիմնաւորած է միութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, խօսած՝ առկայ խնդիրներուն մասին ։ Միութեան մէջ մտնելու ցանկութիւն յայտնած 18 կազմակերպութիւններու ղեկավարներէն ժողովին ներկայ գտնուած 14 նախագահները ներկայացուցած են իրենց առաջարկները, քննարկած՝ իրար հետ գործելու հնարաւորութիւնները, դպրոցական, աշխատուժային, ելեւմտական եւ այլ հարցեր։

Հիմնադիր ժողովը ընտրած է միութեան նախագահն ու վարչութեան կազմը, ճշդած՝ իր գործունէութեան ծրագիրները։



Ռաքէլ Տինք Կը Ստանայ «Միջժողովրդական Զօրակցութեան Մրցանակ»ը

ԱՆԳԱՐԱ.- Դեկտեմբեր 12ին, «Մազլումտերը» եւ Մարդու իրաւունքների միութիւնը Անգարայի մէջ իրագործած են մրցանակներու տուչութեան արարողութիւն մը:

Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինքին շնորհուած է Միջժողովրդական զօրակցութեան մրցանակը:

Խօսքի ազատութեան մրցանակը այս տարի յանձնուած է «Թարաֆ» թերթի թղթակից Մեհմետ Պարանսուին, «Իրաւունքների պաշտպանութեան մրցանակ»ը՝ Ռեշեթ Փեթեքին, «Խղճի ազատութեան մրցանակ»ը՝ Հաթիճէ Քալընթաշին, «Կազմակերպեալ պայքարի մրցանակ»ը՝ Free Gaza խումբին, իսկ Նուրետտին Շիրինին եւ Օրհան Միրօղլուին շնորհուած է «Երախտիքի մրցանակ»ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.