2009-12-21 14:13:33

Ենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց վատիկանի կարտինալները, արքեպիսկոպոսները ու եպիսկոպոսները եւ Վատիկան քաղաքի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, եկած Սրբազան Հօր ներկայացնելու Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները։


ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գործունէութիւնը

ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց վատիկանի կարտինալները, արքեպիսկոպոսները ու եպիսկոպոսները եւ Վատիկան քաղաքի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, եկած Սրբազան Հօր ներկայացնելու Յիսուսի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները։ Կարդինալական դասի գահերէցը` կարտինալ Սօտանօ, յանուն ներկաներուն, իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Սրբազան Հօր։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խօսքը արտասանեց. Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնը քրիստոնեաներուն համար առիթ մըն է հանդիպումի ու հաղորդակցութեան։ Այդ Մանուկը որուն կ'երկրպագենք կը հրաւիրէ մեզ զգալոիւ Աստուծոյ անհուն սէրը։ Ինք որ աշխարհ եկաւ, մեր մէջ բնակեցաւ ու մեզ դարձուց Աստուծոյ որդիներ, անդամ իր Ընտանիքին։ Մեր այսօրուայ հանդիպումը, Ս. Պետրոս յաջորդի ու անոր անմիջական գործակիցներու հետ ընտանեկան հանդիպումն է եւ առիթ կու տայ սերտացնելու մեր կապերը ու հաղորդութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը յետադարձ ակնարկ մը նետեց Եկեղեցւոյ կեանքի անցուդարձերու մասին մատնանշելով թէ Պօղոսեան տարիէն անցանք քահանայական տարւոյն ի յայտ դնելով քահանայական խորհուրդին մեծութիւնն ու առաքելութիւնը։

Եկեղեցւոյ համար ու անձնապէս ինծի համար, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, այս տարի նուիրուեցաւ Ափրիկէի։ նախ Այցելեցի Ափրիկէն, եւ ապա վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Ափրիկէի եպիսկոպոսական եկրորդ սիւնոդոսը, որ ունեցաւ որպէս բնաբան ''Եկեղեցի Ափրիկէի մէջ ի սպաս հաշտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան''։

Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը վերակոչեց Փրկայ կատարած առաքելական այցելութիւնը եւ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը երկխօսութիւն հաստատել ոչ միայն այլ կրօներու հետ այլ եւ այսպէս կոչուած անհաւատներու հետ, անգիտապաշտներու հետ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց խորհրդածութիւն մը կատարելով քահանայական տարւոյն մասին։ Որպէս քահանաներ, ըսաւ Սրբազան հայրը, մենք բոլորին համար եղած ենք, հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու համար։ կանչուած ենք լաւապէս ճանչնալու զԱստուած որպէսզի Անոր ճշմարիտ բարեկամները դառնանք։ Մեր քահանայական կոչումին էութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի բարեկամ ըլլալ եւ այդ բարեկամութեան միջոցաւ ուրիշները Աստուծոյ մօտեցնել։ Իմ մաղթանքս է որ մենք միշտ աւելի բարեկամ դառնանք Քրիստոսի եւ հետեւաբար բարեկամ Աստուծոյ եւ այդպէսով պիտի կարենանք դառնալ եըրկին աղը ու աշխարհի լոյսը։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթէ Սուրբ Ծնունդ եւ բարի Նոր Տարի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.