2009-12-21 14:29:12

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ղազախստանի մէջ մասնակցած՝ Պետութիւններու Ղեկավարներու Ոչ- Պաշտօնական Գագաթնաժողովին։
Ղազախստանի նախկին մայրաքաղաք Ալմաթիի մերձակայ ՝՝Ակ բուլակ՝՝ համալիրի մէջ դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ Պետութիւններու Ղեկավարներու ոչ պաշտօնական Գագաթնաժողովը։ Գագաթնաժողովին մասնակցած են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան, Ղազախստանի, Բիելոռուսիոյ, Ղրղըզստանի, Տաճիկստանի եւ Թուրքմենստանի նախագահները։ Ինչպես որ կը տեղեկանանք Արմենպրես-էն, ոչ Պաշտօնական Գագաթնաժողովի ընթացքին պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են ԱՊՀ-ի տարածաշրջանի համարկումի գործընթացները, առեւտրա-տնտեսական փոխ-գործակցութեան յետագայ խորացման, նորաստեղծ հակա-ճնաժամային հիմնադրամին, ՀԱՊԿ-ի տարածաշրջանի անվտանգութեան ապահովման, եւ միջազգային կազմակերպութիւններու համագործակցութեան հեռանկարներու վերաբերող հարցեր։

- "1news.az" գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Վան քաղաքի քաղաքապետը յայտարարած է թէ Ախթամար Կղզիի հայկական եկեղեցւոյ բացումը պիտի կատարուի 12 սեպտեմբեր 2010-ին։ Ըստ Վանի քաղաքապետին ՝ Եկեղեցւոյ բացումէն ետք ԱԽԹԱՄԱՐԸ կը դառնայ ուխտագնացութեան վայր աշխարհի տարբեր երկրները բնակող բազմաթիւ հայերու համար։ Վանի քաղաքապետը Կարալօղլու նշած է նաեւ որ հայ-թրքական սահմանի բացումէն յետոյ Վանը կը դառնայ Թուրքիոյ զբոսաշրջութեան կեդրոններէն մին։ «Այստեղ զբոսաշրջիկներ կը ժամանեն ոչ միայն Հայաստանէն այլ նաեւ Իրանէն. հայ-թրքական սահմանի բացումէն ետք իրանցի զբոսաշրջիկները Հայաստանի տարածքով աւելի հարմար ուղիներով կրնան Վան հասնիլ »( նշեած է Կարալօղլու)։
ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ 64-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ։
18 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 64-րդ նստաշրջանի ընթացքին առանց քուէարկութեան ընդունուած է "Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ընդհանուր իրականացում" խորագիրով բանաձեւ մը, որուն համահեղինակներու շարքին են Հայաստանն ու Ազրպէյճանը։
ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ։
Հայաստան այցելող թուրք լրագրողները Էջիմածին այցելեցին։ Հայաստան այցելած թրքական յայտնի լրատու ամիջոցներու ներկայացուցիչները դեկտեմբեր 20-ի առաւօտ ՝՝Եվրասիա՝՝ համագործակցութեան հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած ծրագրի ծիրէն ներս այցելած են Էջմիածինի Մայր Տաճար եւ ներկայ գտնուած Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին:Թուրքիյաէն ժամանած հիւրերուն Էջմիածնի մէջ ներկայացուած է Հայոց Եկեղեցիի , Հայաստան մէջ Քրիստոնեութեան տարածման պատմությունը: Հիւրերը հետաքրքուած են նաեւ խաչքարերով, անոնց ստեղծմամբ եւ նշանակութեամբ: Թուրքիայէն եկած լրագրողները տպաւորուելով պատարագեն նշածեն, որ եկեղեցիիէն ներս կը տիրէր հանգիստ ու տպաւորիչ մթնոլորտ մը:
Աւելի ուշ տեղի է ունեցած է հայ-թրքական յարաբերութիուններու նուիրուած համաժողով, յորում զեկոյցով հանդէս եկած է Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիուններու հայկական կեդրոնի տնօրեն Ռիչարդ Կիրակոսեանը: Ըստ Կիրակոսեանի Թուրքիոյ կողմէ հայ-թրքական յարաբերությունները կարգաւորող արձանագրութեունները չվավերացումը բացասական ազդեցութիւն կ՝ունենայ Թուրքիոյ արտաքին վարկանիշի վրայ: Անդրադառնալով Թուրքիա-Ադրբեջան հարցին, բանախօսը նշած է որ Ադրբեջանի հարցը Թուրքիոյ մէջ դարձած է ՝՝ներքին հարց՝՝ իսկ ռուս-ադրբեջանական մերձեցումը կարճաժամկետ երեւույթ է: Արեւելագետ Դավիթ Հովհաննիսեանն իր կարգին նշած է որ տարիներ առաջ ինքը եղած է հայ-թրքական հաշտեցման Յանձնաժողովի անդամ եւ կողմ է Թուրքիայի հետ Յարաբերություններու կարգաւորման նպատակով ստորագրուած արձանագրութիւններուն, սակայն դեմ է ներառուած պատմական ենթայանձնաժողովի գոյութեան : Այնուհետեւ փակման խօսքով հանդէս եկած է համաժողովը վարող թրքական Referans թերթի ներկայացուցիչ Աքգյունը` նշելով, որ թուրք լրագրողներու Հայաստանեան 4-օրեայ հանդիպումները եւ շփումները առարկայականօրէն կը ներկայացնեն թուրք հասարակութիւնը։ Լաւ ընդունելութեան եւ կազմակերպչական աշխատանքներու համար թուրք լրագրողը շնորհակալութիւն յայտնած է ՝՝Եվրասիա՝՝ համագործակցութեան հիմնադրամին եւ հայկական կողմին: Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 17-ին Հայաստան ժամանած էին թրքական յայտնի լրատու միջոցներու ` CNNturk, Hurriyet, Hurriyet daily news, Milliyet, Sabah, Aksam, Referans,եւ Taraf թրքական զանգուածային կարեւոր օրաթերթերու ներկայացուցիչները, որոնք մասնակցեցան հայ-թրքական յարաբերութիւններու նուիրուած համաժողովներու , շարք մը հեռուստա-ընկերութիւններու հաղորդումներուն , հանդիպելով միաժամանակ ՀՀ Արտգործ Նախարարին եւ քաղաքական այլ գործիչներու հետ:

- "News.am" կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ազրպէյճանը բոլոր ուղղութիւններով գնդացիրներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ կրակ բացած է ղարաբաղեան դիրքերու վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ազրպէյճանական զինուած ուժերու գործողութիւններուն համարժեք պատասխան տուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.