2009-12-19 12:51:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 19 դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

- Գերապայծառ Անճելօ Ամադօ` կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին, ընկերակցութեամբ ժողովի պաշտօնեաններուն, շուրջ 150 հոգի։

- Գերապայծառ Սալվատորէ ֆիզիքելլա` նախագահը կեանքի ի խնդիր քահանայապետական կաճառին եւ Ռեկտորը Լատերանեան քահանայապետական համալսարանին,եւ

-Տիար Ճիաննի Լեդդա՝ ենթաքարտուղարը Իտալիոյ նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան, եւ անոր ընտանեկան պարագաները։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց իտալացի կաթողիկէ բանւորական շարժումի պատանիներու մէկ խումբը։

Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց կարտինալ Ռէ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քարոզը Հռոմի համալսարականներուն ի պատրաստութիւն Յիսուսի Ս. Ծննդեան։



Հինգշաբթի իրիկուն, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Հռոմի համալսարաններուն։ Անոնց արտասանած քարոզով, Սրբազան Հայրը հարցադրեց թէ ի՞նչպիսի իմաստութիւն մը ծնաւ Բեդղեհէմ քաղաքին մէջ։ Բնականաբար, ան պատասխանեց, Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղած թուղթին մէջ, հետեւեալ արտայայտութիւնը կը գործածէ. ՜՜Աստուծոյ իմաստութիւնը կը գտնուի խորհուրդին մէջ, այսինքն աստուածային ծրագրին մէջ, որ երկարօրէն գաղտնի մնաց եւ ապա Աստուած զայն յայտնեց փրկութեան պատմութեան մէջ։ Ժամանակներու լրումին այս Իմաստութիւնը ստացաւ մարդկային դիմագիծ Յիսուսի մէջ, որ ինչպէս կ'արտասանենք հաւատամքի հանքանակի մէջ. Յիսուս երկինքէն իջաւ Մարմնացաւ, Մարդացաւ, Ծնաւ։ Չարչարուեցաւ, Խաչուեցաւ եւ Թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը Յարութիւն առաւ, ելաւ երկինք հոգւով ու մարմնով եւ նստաւ Հօր աջ կողմը դատելու ողջերն ու մեռեալները եւ անոր թագաւորութիւնը վախճան պիտի չունենայ՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դարձեալ հարց տուաւ ըսելով. ՜՜ ո՞վ կար Բեթղեհէմ քարայարին մէջ։ Ո՞վ հիւրընկալեց Իմաստութիւնը երբ ծնունդ առաւ։ Ո՞վ վազեց զինք տեսնելու, ճանչնալու եւ երկիրպագելու։ Ոչ թէ օրէնքի Վարդապետները,, ոչ ալ Դպիրները եւ իմաստունները։ Հոն կային Մարիամն ու Յովսէփը եւ ապա հասան հովիւները։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուս օր մը պիտի ըսէր. ''Այո, ով Հայր, այսպէս որոշեցիր քու բարեհաճութեանը մէջ, յայտնեցիր քու խորհուրդը փոքրերուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այս ծիսակատարութեան աւարտին Աւստրալիայի համալսարանական մէկ պատուիրակութիւնը կը յանձնէ ''Աթոռ Իմաստութեան'' Տիարամօր սրբանկարը Ափրիկէի համալսարանականներու մէկ պատուիրակութեան։ Ս. Կոյս Մարիամին յանձնարարենք ափրիկեան ցամաքամասի բոլոր համալսարանականները ու անոնց համագործակցութեան յանձնառումը Հռոմի համալսարականներու հետ։ Կ'օրհնեմ համագործակցութեան այս նոր ծրագիրը մաղթելով որ այդ համագործակցութենէն դուրս գան մշակութային նոր ծրագիրներ կարող՝ մարդու ամբողջական զարգացումին։ Աղօթքս է որ Ս. Ծնունդը բոլորին պարգեւէ ուրախութիւն եւ յոյս ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.