2009-12-19 12:38:42

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Ըստ Էդուարդ Նալբանդեանի՝՝Նախապայմաններ Դնողը Պիտի Կրէ Ամբողջ Պատասխանատուութիւնը՝՝ ։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ուրբաթ օրը հանդիպած է Հայաստան այցելող թրքական լրատուամիջոցներու լրագրողներուն:Ողջունելով թրքական զանգուածային մամուլի ներկայացուցիչները, նախարար Նալբանդեան նշած է, որ նման այցելութիւններ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն, որ  թրքական լրատուական միջոցները եւ անոնց ճամբով Թուրքիոյ հասարակութիւնը անմիջականօրէն տեղեկանայ՝ տարբեր հարցերու շուրջ Հայաստանի մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն: Թուրք լրագրողներու նախարարին ուղղուած հարցումները գլխաւորաբար կը վերաբերէին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման:Պատասխանելով հարցումներուն,նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը որեւէ այլ խնդրի հետ կապելը անհեռատես է, որովհետեւ «դա հակառակ է ոչ միայն ձեռք բերուած համաձայնութիւնների տրամաբանութեանը, տառին եւ ոգուն, այլեւ՝ ողջ միջազգային հանրութեան սկզբունքային դիրքորոշմանը»:
Էտըմ Շիֆ Կը Դատապարտէ Ուրացման Թրքական Արշաւը ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ին հրապարակած նամակին մէջ կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւնները համախմբող երկու մարմիններու կողմէ իրեն յղուած այն նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ տեղ գտած պատմական հարցերու յանձնախումբին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ խանգարել Միացեալ Նահագներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու աշխատանքները:
Թրքական կազմակերպութեանց ղրկուած նամակին մէջ Էտըմ Շիֆ կ՛աւելցնէ, թէ ճիշդ այս հանգրուանին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ միայն անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու թրքական արշաւը, միաժամանակ  հնարաւոր կը դառնայ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքները հաստատուին ճշմարտութեան վրայ: Ան կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատարներ վերջերս յստակօրէն յայտարարած էին, թէ պատմական հարցերու յանձնաժողովը Հայկական Ցեղասպանութեան քննարկումով պիտի չզբաղուի: Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը  ներկայացուցած քոնկրեսականներէն մէկը հանդիսացող Շիֆ նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակուած Հայաստանը կրնայ իր պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու պարտադրանքին տակ գտնուիլ նման ճնշումներու հետեւանքով:
Իտալացի Մենատէր Մուսսոլինի Եւս Հայկական Ցեղասպանութիւնը Իբրեւ Օրինակ Գործածած ։
«Իքոնոմիսթ» կը հաղորդէ, թէ Իտալիոյ  մենատէրը Պենիթօ Մուսոլինիի հոմանուհիին՝ Քլարա Փեթթաչիի օրագրութիւնը(որ վերջերս լոյս տեաւ 50 տարի պետական արխիւներու մէջ մնալէ ետք) ցոյց կու տայ, թէ ֆաշական գաղափարախօսութեան ջատագով ղեկավարը հակասեմականութեան մէջ պարզապէս նացի Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէրի հետեւորդ մը չէր, ինչպէս կարգ մը իտալացիներ կը պնդեն, այլ նոյնքան կ՛ատէր հրեաները: Յատկանշական է նաեւ, որ «Mussolini segreto» հատորին մէջ Փեթթաչի գրած է, թէ 1938ին Մուսսոլինի յայտնած է, թէ հրեաները պիտի ջարդէ՝ «ինչպէս, որ թուրքերը ըրին», ակնարկելով 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան:  Այս կը նշանակէ, թէ Հիթլէրի տխրահռչակ՝ «այսօր ո՞վ կը յիշէ հայերը» խօսքէն մէկ տարի առաջ, Մուսսոլինի Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ հրեաներու ողջակիզման նախատիպար գործածելու մասին կը մտածէր:
Հայաստանի Պասքեթի ՝՝Հատիս՝՝ Խումբը դարձեալ յաղթած Թրքական Պեշիքթաշ Խումբին։
Հայաստանի ՝՝Հատիս՝՝ կանանց պասքեթպոլի խումբը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Երեւանի իր դաշտին վրայ սուր պայքարէ մը ետք 78-74 արդիւնքով պարտութեան մատնած է թրքական Պեշիքթաշ Խումբը, Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին Զ. ենթախումբի մրցումներուն ծիրէն ներս։ Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ Նոյեմբեր 27ին կայացած երթի մրցումին, ՝՝Հատիս՝՝ նոյն խումբին դէմ յաղթանակ արձանագրած էր 87-64 արդիւնքով։ Այս յաղթանակին շնորհիւ, ՝՝Հատիս՝՝ գրաւեց ենթախումբին մէջ 2րդ դիրքը, ինչ որ խումբին համար փայլուն արդիւնք մըն է։

։







All the contents on this site are copyrighted ©.