2009-12-18 11:27:03

Լուրեր հայկական կեանքէն։
Լեռնային Ղարաբաղը հայկական, քրիստոնեական հող է


Լուրեր հայկական կեանքէն։
Լեռնային Ղարաբաղը հայկական, քրիստոնէ ական հող է

Euronewsի կողմէ հրատարակուած տուեալ նիւթը, մեծ աղմուկ յառաջացուց Ատրպէյճանի մէջ եւ հակազդեցութեանց արդիւնք դարձաւ, այն աստիճան, որ Ատրպէյճան յայտարարեց թէ արգելք պիտի կենայ արբանեակային կայանի սփռումներուն երկրէն ներս։ Ստորեւ կը հրատարակենք նիւթի հայերէն տարբերակը։
Այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ՝ Euronews հեռուստաընկերութեան լրագրող Միքայէլ Ռեյխման իր ռեփորթաժին մէջ պատմած է Արցախի հարիւրաւոր հայոց եկեղեցիներուն մասին՝ շեշտելով, որ Ղարաբաղի հայերու կեանքէն ներս կրօնքը շատ մեծ դերակատարութիւն ունի։ Լրագրողը մէջբերած է հայագէտ փրոֆէսէօր Պեռնար Կուլիեւի խօսքերը Լեռնային Ղարաբաղը հիասքանչ վայր մըն է, որն ունի նոյն մշակոյթն ու կենցաղը, ինչպէս Հայաստանը։ Կարելի է ըսել, որ իրականութեան մէջ մենք կը գտնուինք բուն հայկական հողի վրայ։ Այս մէկը նաեւ քրիստոնէական հող է, ինչ որ նոյնպէս շատ կարեւոր է։ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի սիրտն է, բայց ոչ քաղաքական իմաստով, ինչ որ նոյպէս շատ հետաքրքիր է։
Լրագրողը կը նշէ, որ 1991ին հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որը, սակայն, չընդունուեցաւ այլ երկիրներու կողմէ, ինչ որ յանգեցուց պատերազմի, որը տեւեց մինչեւ 1994 թուականը։ Արցախեան պատերազմի ժամանակ հայկական կողմէ սպանըւեցաւ 17 000 մարդ եւ 25 000 սպաննուեցաւ ատրպէյճանական կողմէ։ Մօտ մէկ միլիոն մարդ կորսնցուցին իրենց տուներն ու ունեցուածքը։ Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեան գալով՝ Թուրքիան փակեց Հայաստանի հետ իր սահմանը։ Հակառակ անոր, որ 1994էն հակամարտութիւնը սառեցուած է, եւ հրադադարի հաստատման որոշում ընդունուած՝ երկու երկիրներու սահմանապահ զինւորները մինչեւ հիմա ալ կը գիտակցին, որ կը ծառայեն վտանգաւոր գօտիէ ներս։ Ես խաղաղութիւն կուզեմ իմ երկրի համար եւ չեմ փափաքիր նման իրավիճակ տեսնել։ Մենք պէտք է խաղաղ ապրելու հնարաւորութիւն ունենանք, եւ այստեղ գըտնըւիլը մեր պարտքն է։ Մենք խաղաղ երկինք կը փափաքինք բոլորին համար,-ըսած է հայ սահմանապահ զինուորներէն մէկը։
Euronews-ին տրուած իր հարցազրոյցին մէջ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը նշած է
Գաղտնիք չէ, որ Ատրպէյճանը ընտրած է ռազմականութեան ուղին։ Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ դէմ ենք ռազմական գործողութիւններու միջոցով հարցի լուծման, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մենք պատրաստ չենք պաշտպանուելու։
Հեղինակը նշած է, որ վերջին տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մօտ 1000 տուն կառուցուած է։ Ատրպէյճանի մէջ բնակող շատ հայեր, փախչելով Պաքուի մէջ տիրող հակահայկական հիստերիայէն եւ ջարդերէն, բնակութիւն հաստատած են այստեղ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Լրագրողը ներկայացուցած է Միքայել Սարգսեանի ընտանիքի օրինակը, որը 1988ին փախաւ Պաքուի ջարդերէն եւ բնակութիւն հաստատել Լեռնային Ղարաբաղ։ Ընտանիքի հայրն ու մայրը աշխատանք գտած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ եւ վերստին կը փորձեն կերտել իրենց օճախը։ Ես երջանիկ եմ, որ այդ ամէնէն յետոյ ընտանիքիս հետ կապրիմ այստեղ՝ իմ հայրենիքէն ներս։ Լեռնային Ղարաբաղը իմ երկրորդ հայրենիքն է,- կըսէ Միքայէլ Սարգսեանը։
Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը 4400 քկմ է, բնակչութիւնը՝ մօտ 140 000 մարդ։
Տարածաշրջանէն ներս լարուածութիւնը թօթափելու յոյս յառաջացած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրմամբ կըսէ հեղինակը որ լաւատեսութեամբ կընկալէ հարցը եւ յոյս կապած է նախագահներու հանդիպումներուն վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.