2009-12-18 11:27:58

Լուրեր հայ աշխարհէն։


Լուրեր հայ աշխարհէն։
Հայաստանի մէջ դեղերու տեղական արտադրութեան ծաւալը կը գնահատուի մօտաւորապէս 8 միլիոն տոլար, որմէ կարտահանուի աւելի քան 3 միլիոն տոլարի դեղագործական արտադրանք։ Ներածման տարեկան ծաւալները շատ աւելի մեծ են՝ մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլարի չափով։
Տեղական դեղերու արտադրութեան մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը կարտածեն Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան գրեթէ բոլոր երկիրները։
Հայաստանի դեղերուն արտածման հիմնական շուկաներն են՝ Ռուսիան, Վրաստանը՝ Թուրքմենիստանը, Պիելոռուսիան, ինչպէս նաեւ՝ Ուզպեքիստանը, Ուքրանիան եւ ՃափոնըՆշենք, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 2 դեղագործական միութիւն՝ Հայաստանի դեղ արտադրողներու եւ ներմուծողներու միութիւնը եւ Հայաստանի դեղագործներու միութիւնը։

Կարմիր խաչ - Կազմակերպութեամբ Վիվասել-ԷմԹիԷսի եւ Հայկական կարմիր խաչի, աջակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետութեան, համագործակցութեամբ պետական, հասարակական կառոյցներու, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի գործիչներու, Երեւանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ՝ Կանխարգիլելու համար ՍԻՏԱ-ի համաշխարհային համաճարակը Հայաստանի մէջ նիւթով։
Ճոն Կիրակոսեանի անուան դպրոցին մէջ աշակերտութեան ուղերձ յղած է Վիվասել-ԷմԹիԷսի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիքեանը։ Ան յայտնած է, թէ՝ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հազարաւոր մարդիկ դարու չարիքին զոհը կը դառնան տգիտութեան պատճառով։ Նորածիններ իրենց ծնած վայրկեանէն իսկ կրնան վարակակիր դառնալ ուստի մեզմէ կը պահանջուի այսօր, զգաստութեամբ եւ գիտակցութեամբ դիմադրել համաշխարհային այս համաճարակին։

Երեւան - Տիփ Փըրփըլ աշխարհահռչակ ռոք խումբի մենակատար Են Կիլըն, Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին նուագակցութեամբ, 2010 թուականի 26-27 մարտին, Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գայ բարեգործական երկու երգահանդէսով։
Յայտնենք, որ Են Կիլընի բարեգործական երգահանդէսները պիտի կրեն Ռոքը կօգնէ Հայաստանին եւ Հայաստանը շնորհակալ է ռոքին խորագիրը եւ կազմակերպուած են
Մետիամաքս եւ աւստրալիական do something (Տու սամթինկ( ընկերութիւններուն կողմէ, Հայաստանի նախագահին բարձր հովանաւորութեան տակ։ Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներով հոկտեմբեր 2-ին ՀՀ Պատուոյ շքանշաններ յանձնած էր ռոքի համաշխարհային առասպելական արուեստագէտին՝ Են Կիլընին, ինչպէս նաեւ՝ Թոնի Այոմիին, Ճեֆ Տաունսին եւ Ռոքը կօգնէ Հայաստանին նախագիծի հեղինակ Ճոնի Տիին։
Նշենք, որ 1 հոկտեմբերին Են Կիլըն եւ այլ ռոք աստղեր այցելած են Գիւմրիի տնակային պայմաններու մէջ գործող թիւ 6 երաժշտական դպրոցը։ Այնտեղ Են Կիլըն խոստացած է աջակցիլ դպրոցին վերակառուցման աշխատանքներուն ուստի երգահանդէսներէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի նշուած դպրոցի վերակառուցման աշխատանքներուն։
Նշենք նաեւ, որ Ամանորի ուրախ առիթով Վիվասել-ԷմԹիԷսը եւ Մետիամաքսը պիտի նուիրեն երաժշտական գործիքներ՝ Գիւմրիի թիւ 6 երաժշտական դպրոցի սաներուն։

Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը բացաւ իր դռները։
Երկու տարուան վերանորոգման աշխատանքներէ ետք Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը բացաւ իր դռները։
Ա Իսահակեան իր սիրած սեւ տուֆով կառուցած է տունը, որուն մէջ բնակած է իր կեանքին վերջին 10 տարիները։ Հիւրասենեակը, ննջասենեակն ու աշխատասենեակը պահպանուած են այնպէս, ինչպէս եղած են գրագէտին կենդանութեան օրերուն։ Աւելցած է երկրորդ յարկը, որ ցուցադրուած են Ա Իսահակեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող նմուշներ։ Հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է նաեւ, գրագէտին սիրելի պարտէզը, ուր կընդունէր իրեն գրչակից ընկերները։
Ա Իսահակեանի տուն-թանգարանին վերանորոգութենէն ետք առաջին այցելուները եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը։
Յասմիկ Մելքոնեան՝ Ա Իսահակեանի տուն-թանգարանի տնօրէնը, յայտնած է, որ՝ Վերանորոգումը կատարուած է զգուշութեամբ եւ խիստ պահպանելով նախկին ձեւն ու տեսքը։ Իսկ երկրորդ յարկը, ուր կը ներկայացուին գրագէտին կեանքն ու գործունէութիւնը, ներկայացուած է նոր ձեւաւորումով, եւ այնտեղ աւելի մեծ թիւով բնագիրներ կան։
Աւետիք Իսահակեանի թոռը՝ Աւետիք Իսահակեան յայտնած է, որ՝ Ես թանգարան կու գամ կարօտով եւ սիրով լեցուած, որովհետեւ այնտեղ կը զգամ, թէ տարիները գոյութիւն չունին։ Երբ ննջասենեակ մտնեմ, ինծի կը թուի այնպէս, թէ կարծէք կը տեսնեմ վարպետը։ Այս պատրանքը ինծի համար ամէն ինչ կարժէ։ Եւ երբ վարպետը այնտեղ է, ուրեմն թանգարանը կը գոյատեւէ։Վերջերս լոյս տեսած է դպրոցական մեծ հանրագիտարանի 2-րդ գիրքին առաջին հատորը, որ կը ներառէ պատմութեան, լեզուի, գրականութեան, արուեստի, մշակոյթի, ճարտարապետութեան եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող տեղեկութիւններ։ Հատորին նիւթերուն ընտրութիւնը հիմնականօրէն կատարուած է դպրոցական ծրագիրներուն համապատասխան եւ կէսէն աւելին կը վերաբերի հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններուն
Գիրքին մէջ հայագիտական ուղղուածութիւնը ակնյայտ է։Նշենք, որ հանրագիտարանին
առաջին գիրքին հատորները տպագրուած են անցեալ տարի։ Յիշենք նաեւ, որ շուտով հանրութեան հասանելի պիտի դառնայ նաեւ հանրագիտարանին ելեկտրոնային տարբերակը։
Դպրոցական մեծ հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան յայտնած է, որ՝ Անկախութեան 18 տարիներուն ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, այս տարի, գիրքի շուկային պատուէրով, մէկ տարուան ընթացքին հանրագիտարանը 2-րդ անգամն ըլլալով պիտի հրատարակուի։ Այս օրերուն կը խօսուի ընթերցանութեան նուազումին մասին, սակայն ժողովուրդը տակաւին կը կարդայ այն, ինչին որ կարիքը զգայ։
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հրատարակչական գործակալութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան յայտնած է, որ՝ Հանրագիտարանի շատ մեծ պահանջ կայ աշակերտութեան մօտ։ Անոնք մեծապէս կօգտուին հանրագիտարանի գիտելիքներէն եւ այդ տեղեկութիւններով կը զարգացնեն իրենց մտքերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.