2009-12-17 12:56:21

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԿՈՂՄ ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐԸ Կ՝ԱՒԵԼՆԱՆ։
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներ Պարպարա Պոքսըր եւ Ճօ Լիպըրման որոշած են միանալ այն քոնկրեսականներուն, որոնք կը պաշտպանեն Ծերակոյտին ներկայացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը։ Անոնք այդ որոշումը տուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Ուաշինկթըն տուած այցելութեան օրերուն, երբ Էրտողան տեղական լրատուամիջոցներէն մէկուն տրուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր որ ՝՝իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած եւ մերժած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը՝՝։ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսականներուն այս որոշումը եւ նշած է, որ բազմաթիւ աջակիցներու կարիքը կայ այս բանաձեւը ըստ կարելիութեան արագ ժամանակի ընթացքին վաւերացնելու համար։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին։ Նախարարական այս հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեան ստեղծման 40-ամեայ յոբելեանի ծիրին մէջ, մասնակցեցան կազմակերպութեան 70 անդամ, ընկերակից եւ դէտ երկիրներու
պատուիրակութիւնները։ Նախարարական խորհրդաժողովին օրակարգը կ՝ընդրկէր հոկտեմբեր 2008-ին կայացած Քեպեքի վեհաժողովին ընդունուած որոշումներու իրականացման ընթացքը։ Նախարարական հանդիպման ընթացքին Է. Նալբանդեան ելոյթ ունեցաւ։ Դրական գնահատելով Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու համագործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ կազմակերպութեան արժէքներուն եւ այսուհետեւ եւս պիտի ջանայ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բերել Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գործունէութեան։ Միւս կողմէ, Նալբանդեան 14 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ կատարեց եւրոպական երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ՝ հաւատարմագրուած Հայաստանի Դեսպաններու եւ մնայուն ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւնը, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարինէ Ղազինեանի եւ ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեանի մասնակցութեամբ։

Ատրպէյճանի նախագահը Թուրքիոյ մէջ Պիտի Քննարկէ Ղարաբաղի Հարցը ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը Դեկտեմբեր 24-25ին պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Թուրքիա։ Ըստ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանի հաղորդումին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Փոլուխովը ՝՝Թրենտ՝՝ գործակալութեան յայտնած է, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուի երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Փոլուխովի փոխանցման համաձայն՝ Մամետիարովը պիտի հանդիպի թուրք գործընկեր Ահմետ Տաւութօղլուի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Մասնակցած Է Փեքինի Մէջ Կայացած Քոնֆուցիուսի Ինստիտուտներու 4-րդ Ամենամեայ Համաժողովին։

Փեքինի մէջ Դեկտեմբեր 12-14-ը տեղի ունեցած է աշխարհի աւելի քան 60 երկիրներու մէջ գործող Քոնֆուցիուսի Ինստիտուտներու 4-րդ տարեկան համաժողովը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որու մէջ ներգրաւուած էին Վ. Պրիւսովի անուան Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանի եւ Հայաստանի մէջ Քոնֆուցիուսի ինստիտուտի ներկայացուցիչները։ Համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած է ՝՝Աշխարհի Լեզուները՝՝ խորագիրը կրող ցուցահանդէսը ուր ներկայ եղած են Հայաստանը ներկայացնող երեք տաղաւարներ, որոնք կազմակերպուած էին Չինաստանի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան, Պրիւսովի անուան ԵՊԼՀ եւ Հայաստանի մէջ Քոնֆուցիուսի Ինստիտուտի համատեղ ջանքերով։ Հայկական տաղաւարներու աշխատանքներուն իրենց օժանդակութիւնը բերած են Փեքինի տարբեր ԲՈՒՀ-երու մէջ ուսանող հայաստանցի ուսանողներ։ Ներկայացուած են հայկական իրերն ու տարազը, Հայաստանի մէջ տպագրուած չինարէնի եւ այլ օտար լեզուներու ուսումնական գրականութիւն, Հայաստանի շարք մը ուսումնական
հաստատութիւններու մէջ ուսանող արտասահմանցիներու համար ստեղծուած կրթական ծրագրեր, ինչպէս նաեւ հայկական եւ Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթի, գիտութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ գրականութիւն։ Ցուցահանդէսը գոհունակութեամբ այցելած են Չինաստանի կառավարական եւ հասարակական
կազմակերպութիւններու,ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու դեսպանութիւններու ներկայացուցիչները։







All the contents on this site are copyrighted ©.