2009-12-16 13:06:44

Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն


Ակնարկ մը ազգային եւ միջազգային դէպքերուն

ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութիւնը, Երեւան կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին, ընդունուեցաւ ՀՀ Աժ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Հ Հ եւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովներու համագործակցութեան միջ-խորհրդարանական յանձնաժողովի 7-րդ նիստը տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովի Ոսկեզօծ դահլիճին մէջ։

Հ Հ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն ԼՂՀ մասնակցութիւնը այլընտրանք չունի եւ որ այդ խաղաղ բանակցութիւնները յաջողութիւն կրնան ունենալ, միայն եթէ անոնց անմիջականօրէն մասնակից դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ ՜՜Մենք պէտք է քաջ գիտակցենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման բանակցային ճանապարհը կարող է յաջողութեան բերել միայն այն դէպքում, երբ բանակցութիւններին անմիջականօրէն մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, նշած է հայրենի նախագահը աւելցնելով ՝ Վստահ եմ՝ ժամանակը այս հարցում այլընտրանք չի թողնելու, եւ յոյս ունեմ, որ Կովկասի ժողովուրդների խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայի հանդէպ առաջնորդների պարտաւորուածութիւնները վերջապէս գիտակցըւելու են եւ Ղարաբաղի ու Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները վերջնական լուծումներ են ստանալու։ Այլ կերպ լինել չի կարող՝՝։

Փարիզի մէջ Եւրոպական երկիրներու Հայաստանի դեսպաններու խորհրդակցութիւն

Հ Հ արտգործ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Փարիզի մէջ հրաւիրած է եւրոպական երկիրներու մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի դեսպանները խորհրդակցելու համար։ Նալբանդեան նաեւ հրաւիրած է սոյն հանդիպումին, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպանները եւ մշտական ներկայացուցիչները։

Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած տարեկան ժողովին, երկրի նախագահին կողմէ իրենց տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին։

Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուց Եւրոպական Միութեան հետ ծաւալող համագործակցութիւնը, յանձնարարականներ կատարեց եւրոպական կառոյցներու մէջ ներգրաւուածութեան առաւել աշխուժացման եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Դեկտեմբեր 1-ին Աթէնքի մէջ կայացած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 17-րդ նըստաշրջանին եւ ընդունուած փաստաթուղթերուն, ինչպէս նաեւ Դեկտեմբեր 8-ին Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախարարներու հանդիպման։

ՀՀ նախարարը Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպության համաժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.