2009-12-15 14:17:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետի խաղաղութեան համաշխարհային 43-րդ օրուան Պատգամին ներկայացումը. ''Եթէ կ'ուզես խաղաղութիւնը, պաշտպանէ արարչագործութիւնը'' բնաբանով։

Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2009-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը եղաւ Սրբազան Քահանայապետին ՜՜խաղաղութեան համաշխարհային 43-րդ օրուան Պատգամին՝՝ հետեւեալ բաբանով ՜՜Եթէ կ'ուզես խաղաղութիւնը, պաշտպանէ արարչագործութիւնը՝՝։ Ներկայացումին իր միջամտութիւնը բերաւ կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ` վաստակաւոր նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մասնակցութեամբ՝ գերապայծառ Մարիօ Թոզոյի։



Քահայանապետին խօսքը Ալպանիոյ Անասթաս օրթոտոքս արքեպիսկոպոսին. Ալպանիայի քրիստոնեաները իրենց քրիստոնէական հաւատքը պահպանեցին ի գին իրենց կեանքին, հարկաւոր է ամրապնդել համամիութենական յանձնառումը։



Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ, ընդունելով՝ Ալպանիոյ ինքնագլուխ եկեղեցապետը` Անաստաս արքեպիսկոպոսը, մաղթանք յայտնեց որ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները միասնաբար վկայութիւն տան իրենց հաւատքին Քրիստոսի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը մեծ հիացումով վերակոչեց քրիստոնեայ ալպանացիներու օրինակը, որոնք արիութեամբ իրենց հաւատքը պահեցին հակառակ հալածանքի տարիներուն, ընդգծելով ՝ թէ քրիստոնէութիւնը Ալպանիայի մշակոյթին մէջ պահեց անջնջելի հետքեր։

Վատիկանի պետական քարտուղարը այցելեց իտալական ծերակոյտը ''Եկեղեցի եւ Պետութիւն'' գիրքին շնորհանդէսին առթիւ։

Նոր հրատարակութիւնը կը խօսի Իտալիոյ պետութեան ու Եկեղեցւոյ միջեւ փոխ յարաբերութիւններուն մասին 1914-1984 տարիներուն։

Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Իտալիոյ ժողովուրդին քրիստոնէական ինքնութեան։ Իր կարգին ծերակոյտի նախագահը՝ Ռենադօ Սքիֆանի խօսեցաւ կրօնական խորհրդանիշերուն պատմական ու մշակութային արժէքներու կարեւորութեան մասին։



Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ արդէն իսկ զետեղուած է ծննդեան ծառը, որ նուէր է Պելկիոյ Արտէն շրջանէն։ Այդ մարզը նկատուած է Պելկիոյ ու Եւրոպայի ամենէն կանանչ շրջանը։ Ծառը 100 տարեկան է, բարձրութիւնը 30 մեթր եւ կը կշռէ շուրջ 14 թոն։ Անոր լուսաւորումը կը նախատեսուի դեկտեմբեր 18-ին, ներկայութեամբ՝ Պելկիոյ տնտեսութեան նախարարին, Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած՝ դեսպանին ու թեմի եպիսկոպոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.