2009-12-14 13:35:29

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 14 Դեկտեմբերէն Կիրակի 20 Դեկտեմբեր 2009։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 14 Դեկտեմբերէն Կիրակի 20 Դեկտեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 14 Դեկտեմբերին տօնն է Անտիոքի Ինգնատիոս աստուածազգեաց հայրապետին։

Ս. Ինգնատիոս աստուածազգեաց հայրապետը եղաւ Գ. եպիսկոպոսը Անտիոքի եւ ամէնէն նշանաւոր առաքելական հայրերէն մէկը։ Աստուածազգեաց կոչուած է համաձայն աւանդութեան մը թէ ան եղած է այն մանուկներէն մէկը զոր գրկեց Յիսուս օրհնելով։ Կը համարուի աշակերտած ըլլալ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչին, Պողիկարպոսի հետ։ Ան մարտիրոսութեան պսակը ընդունեց 17 Հոկտեմբեր 114-ին ։

Աստուծոյ ցորեն եմ ես, կ՝ըսէր ան, գազաններու ժանիքները պէտք է որ զիս աղան, որպէսզի Ս. Հաց ըլլամ։ Արդարեւ Ինգնատիոս այսպէս կնքեց իր կեանքը։

Երեքշաբթի 15 Դեկտեմբերին տօնն է Թէոպոմպաս եպիսկոպոսի եւ Թէովնաս վկային ու Բասոս, Եւսեբ, Ետիք եւ Բասիլիդէս զինուորներուն։

Թէոպոմպաս՝ Նիկոմիդիայի եպիսկոպոսն էր, որ իբրեւ հովիւ քաջ յարգուած էր բոլորին կողմէ։ Երբ Դիոկղետիանոս Նիկոմիդիա եկաւ, իրեն հետ Հռոմէն բերելով 70 կուռք, որոնց պէտք է երկրպագէին ամէն ոք, Թէոպոմպաս ոչ միայն մերժեց հրամանը այլեւ հրապարակաւ այպանեց անոնց սնոտի պաշտամունքը։ Այս պատճառաւ զինք հնոց նետեցին սակայն անվնաս մնաց եւ այս դէպքը կախարդութեան վերագրեցին։ Այն ատեն կանչեցին համբաւաւոր Թէովնաս անունով կախարդը որպէսզի դիւթական հնարքներով յաղթահարէ եւ զինք հեթանոսութեան բերէ ։ Թէոպոմպաս՝ սակայն իր բարի ազդեցութեամբ յաղթահարեց Թէովնասի հմայական արուեստի զօրութիւնները, այս դէպքէն ետք Թէովնաս զինաթափ եղաւ եւ ընդունեց քրիստոնէութիւնը։ Դիոկղետիանոսի հրամանով երկուքն ալ նահատակուեցան։ Եպիսկոպոսը սուրի մահով իսկ Թէովնաս կենդանաթաղ նետուելով գուբի մէջ։

Իսկ Բասոս, Եւսեբ, Ետիք եւ Բասիլիդէս, որոնց տօնը կը յիշատակուի Թէոպոմպասի եւ Թէովնասի հետ միասին,այս չորս վկաները պահակներ էին Թէոպոմպաս եպիսկոպոսին բանտին մէջ , որոնց Թէոպոմպաս յաջողած էր քրիստոնէութեան դարձնել։ Եւ որովհետեւ այս չորսն ալ ազնուատոհմ եւ հարուստ ընտանիքներու զաւակներ էին. նաեւ սիրելի արքունիքին, կայսրը ինք անձամբ հարցաքննեց զանոնք նախ միասին ապա իւրաքանչիւրը առանձին, ջանալով խօսքի ամէն հնարքներով համոզել զիրենք եւ երբ տեսաւ որ խօսքերը ապարդիւն էին, ամէնուն առջեւ կապել տուաւ նախ Բասոսը, կտրել տուաւ անոր ձեռքերն ու ոտքերը, յետոյ երկրորդ վկան երեք մասերու կտրել տուաւ, որմէ ետք ալ՝ միւս երկուքը, նման տանջանքներով մահացուց։ Վերջինը իր մահուան պահուն ըսաւ. Այսօր է որ կ՝ապրիմ ես, երբ կը մեռնիմ ՜՜Քրիստոսի՝՝ համար, միանալով իմ եղբայրներուս։ Այս չորս վկաները միասին թաղուեցան 290-ի 20 Յունուարին։

Հինգշաբթի 17 Դեկտեմբերին տօնն է Ադդէ հայրապետի եւ Աբգար թագաւորին

Ադդէ հայրապետ, ըստ վկայաբանական աւանդութեան, մետաքսագործ էր արհեստով եւ խոյրարար Եդեսիոյ արքունիքին։ Յետոյ եպիսկոպոս ծփռնադրուած էր Թադէոս առաքեալէն իբրեւ իրեն յաջորդը։

Աբգար թագաւորին մահէն ետք, իր որդին Անուս՝ վերահաստատած էր հեթանոսութիւնը, ան հրամայեց Ադդէին որ իրեն ալ խոյր շինէ սակայն սուրբը մերժեց։ Այդ պատճառաւ երբ օր մը անիկա վարդապետական աթոռի վրայ նստած Աստուծոյ խօսքը կը սորվեցնէր, դահիճ մը եկաւ ու սուրով զարկաւ անոր սրունքներուն եւ կտրեց։ Այսպէս նահատակուեցաւ Ադդէ 36 թուականին։

Շաբաթ 19 Դեկտեմբերին տօնն է Ինդոսի եւ Դոմնա կոյսին, Գղերիկոս քահանային եւ Նիկոմեդիոյ եկեղեցւոյ մէջ այրած 2000 վկաներուն։

Ինդոս եւ Դոմնա կոյսերը, Նիկոմեդիոյ մէջ կը ծառայէին Դիոկղետիանոսի արքունին մէջ։ Միասին քրիստոնեայ եղած եւ գաղտնի մկրտուած էին։ Ծննդեան տօնին, երբ Նիկոմեդիայի եկեղեցիին մէջ մեծ բազմութիւն մը խռնուած՝ կ՝աղօթէր, Կայսրը կուռքի արձան մը դրաւ դրան առջեւ եւ պահանջեց քրիստոնեաներէն երկրպագել անոր։ Եւ երբ ոչ ոք ընդունեց հնազանդիլ ու գործադրել այս հրամանը։ Կայսրը հրդեհել տուաւ եկեղեցին ու այրել տուաւ մէջը եղողները՝ 2000 հւատացեալներ։ Երկու կոյսերը մինչ նուիրուած էին նահատակներու նշխարները հաւաքելու գործով, ձերբակալուեցան զինուորներէն եւ նահատակուեցան։ Իսկ Գղերիկոս քահանան, որ իբրեւ ուսուցիչ եւ քարոզիչ մեծ բաժին ունեցած էր Նիկոմիդիայի քրիստոնէութեան զարգացման գործին մէջ, իր կարգին ձերբակալուելով նահատակուեցաւ։

Կիրակի 20 Դեկտեմբեր 2009, Յիսնակաց Զ կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.