2009-12-14 12:54:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԻԼՎԻՕ ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻԻ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԻՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ՄԻԼԱՆՈՅԻ ՄԷՋ։
Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի երէկ Միլանոյի մէջ մինչ իր համակիրները կը բարեւէր(իր կուսակցութեան կազմակերպած հաւաքի աւարտին ) երբ դէմքէն հարուած մը ստացաւ, դէմքը արիւնլուայ վիճակի մէջ մնալով ։ Հարուած ստանալէ ետք Պերլուսքոնի փորձեց ինքնաշարժէն դուրս բարձրանալով ողջունել իր համակիրները, հաստատելու համար թէ ինք լաւ վիճակի մէջ է, սակայն անմիջապէս թիկնապահները զինք ինքնաշարժին մէջ դնելով հիւանդանոց փոխադրեցին։ 42ամեայ հոգեկան հիւանդ իտալացի մը Մասսիմօ ԹարԹալիա անունով դերակատարը այս վատ արարքին, Իտալիոյ Վարչապետին վրայ նետած է Միլանի Մայր Եկեղեցին պատկերացնող երկաթէ յուշանուէր մը ։ Ըստ տեղեկութեանց Մասսիմօ Թարթալիա մինչեւ 2003 թուականը դարմանուած է Միլանոյի Աւագ Բազմաբուժարանի մօտ որպէս հոգեկան հիւանդ։ Իտալիոյ Վարչապետի առողջական վիճակը այժմ լաւ է,հակառակ թիրախ դարձած յարձակումի ծանրութեան, արդարեւ կոտրուածք ստացած է քիթը,երկու ատամներ եւ վարի շրթունքը ներսէն ու դուրսէն։ Նշենք որ Վարչապետը վերջին շրջաններուն ենթակայ դարձած էր յատկապէս ընդդիմութեան ծանր քննադատութիւններուն ու ճնշումներուն(ընդդիմութիւնը քաղաքական հարցերը մէկ կողմ դրած իր ուժերը կեդրոնացուցած է Պերլուսքոնիի անձին վրայ) ու կը պահանջէ Պերլուսքոնիի հրաժարականը,առանց նկատի առնելու որ իտալացիներու մեծամասնութեան քուէներով եւ երրորդ անգամ ըլլալով Պերլուսքոնի կը գտնուի Իտալիոյ Կառավարութեան գլուխը, եւ եթէ այսօր կատարուին կանխաւ ընտրութիւններ (մեծ հաւանականութեամբ,ըստ մասնագէտներու կարծիքին)) դարձեալ շահի Պերլուսքոնիի կեդրոն-աջ խմբաւորումը։ Իտալիոյ վարչապետը հաւանաբար մի քանի օրէն վերադառնայ իր բնակարանը։
ԵԹԷ ԹՈՒՐՔԻԱ ՁԳՁԳԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄԸ, ՄԵՆՔ ՈՒՆԻՆՔ ՄԵՐ ԲԱՒԱԿԱՆ ԿԱՐԾՐ ՔԱՅԼԵՐԸ Կ՝ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ։
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Գագիկ Մելիքեան խօսելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հաստատուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին՝ ըսած է, որ այս մէկը պատահականութեան արդիւնք չէ երբեք։ Ըստ անոր, Քլինթընի հեռաձայնելը պատասխան է Սերժ Սարգսեանի վերջին խիստ յայտարարութեան, որ կը վերաբերի հայ-թրքական արձանագրութիւնները չվաւերացնելու հաւանականութեան, եթէ Թուրքիա ձգձգումներ կատարէ, ինչպէս նաեւ այս մէկը կրնայ ըլլալ նախապայմաններուն պատճառով։ Գագիկ Մելիքեան նշած է, որ Քլինթըն ճնշում չէ բանեցուցած զրոյցին ընթացքին, այլ փորձած է ստանձնել միջնորդի դերակատարութիւնը։ Բոլոր պարագաներուն, Հայաստանի խիստ դիրքորոշումը տակաւին առկայ է օրակարգին վրայ, ըսած է իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը։
Ան յայտնած է արդէն եկած է այն պահը, երբ արձանագրութիւնները պէտք է պարտադիր կարգով վաւերացուին, եւ որքան շուտ, այնքան լաւ։ Հակառակ պարագային մենք ունինք արդէն մեր քայլերը եւ բաւականին խիստ են անոնք։ Առաջինը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պարտադրումն է Թուրքիոյ, իր բոլոր հետեւանքներով, որոնք պիտի ըլլան թէ՛
նիւթական փոխ-հատուցում, թէ՛ տարածքային փոխ-հատուցում։ Ատիկա առաջին նախապայմանը պիտի ըլլայ մեր կողմէ։

Դանիէլ Վարուժանի Կիսանդրին Պիտի Տեղադրուի Պոլսոյ Հայոց Գերեզմանատան Մէջ։

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին կը հաղորդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերէն բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125ամեակին առիթով, նախաձեռնողներու խումբ մը որոշած է անշիրիմ մնացած մեր գրականութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մէկուն յուշարձանը կանգնեցնել անոր կիսանդրիով: Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի առաջարկով, որոշուած է յուշարձանը հաստատել Հայոց գերեզմանատան մէջ: Պոլսահայ քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան սիրայօժար ընդունած է քանդակել Վարուժանի պրոնզեայ կիսանդրին, իսկ ճարտարապետ Վազգէն Պարըն, Սարաֆեանի հետ համագործակցաբար, պատրաստած է պատուանդանի նախագիծը: Պոլսոյ Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մտաւորականներու բաժնին մէջ տեղադրուելիք կիսանդրիին աշխատանքները պիտի ամբողջանան յառաջիկայ ամիսներուն:


Պոլսոյ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը Կազմուած։

ՊՈԼԻՍ «Մարմարա».- Պոլսոյ Պատրիարքարանը, որ պատրիարքական ընտրութեան համար դիմում կատարած էր Կուսակալութեան մօտ, գործի անցած է առաջին քայլերը առնելու ուղղութեամբ։ Դեկտեմբեր 9ին կայացած է շտապ ժողով մը, որուն հրաւիրուած էին միայն համայնքային մարմիններու ատենապետները։ Այս կարգադրութեան հիման վրայ, ժողովը տեւած է գրեթէ 15 վայրկեան։ Այս կարճատեւ հանդիպումի ընթացքին, ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու համար ներկաներէն խնդրուած է, որ մէկական անուն առաջարկեն եւ անոնց առաջարկած անուններով անմիջապէս յանձնախումբ մը կազմուած է:


Նալբանդեան այսօր Փարիզ կ'այցելէ։ Այսօր Ղարաբաղի ժամով առաւօտեան 5:52-ին Լեռնային Ղարաբաղի Քարվաճառ գիւղէն 9 քիլոմեթր դէպի հարաւ արեւելք 2.8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Արդի Իրանի ուսումնասիրութեան կեդրոնի ընդհանուր տնօրէն Ռաժապ Սաֆարով ԱՓԱ-ի կը յայտնէ, թէ Իրան կրնայ օգտակար միջնորդ մը ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ։ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը Իրան կ'այցելէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.