2009-12-13 13:41:26

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 13 դեկտեմբեր, Ե. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 17 գլուխ, 1-10 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 13 դեկտեմբեր, Ե. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 17 գլուխ, 1-10 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն



1Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. ’’Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան: 2Անոր համար աւելի լաւ է եթէ վիզէ երկանաքար մը կապեն եւ ծով նետեն քան այս փոքրիկներէն մէկուն գայթակղութիւն տայ: 3Զգոյշ եղէք ուրեմն դուք ձեզի համար:

Եթէ եղբայրդ մեղանչէ, յանդիմանէ՛ զինք. եթէ զղջայ, ներէ՛ իրեն: 4Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քու դէմդ եւ եօթն անգամ գայ եւ ըսէ քեզի՝ ‘Կը զղջամ’, ներէ՛ իրեն’’: 5Առաքեալները ըսին Տիրոջ. ’’Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը’’: 6Տէրն ըսաւ. ’’Եթէ հաւատք ունենաք մանանեխի հատիկի չափ եւ ըսէք այս թթենիին՝ արմատախիլ եղիր եւ գնայ տնկուէ ծովուն մէջ, պիտի հնազանդի ձեզի’’:

7’’Ձեզմէ ո՞վ, եթէ ունի ծառայ մը հողագործ կամ հովիւ, երբ ասիկա դաշտէն վերադառնայ՝ կ’ըսէ անոր. ‘Շուտ եկուր եւ սեղան նստէ’: 8Ընդհակառակն, պիտի չըսէ՞ անոր՝ ‘Ընթրիքս պատրաստէ եւ գօտի կապած՝ ծառայէ ինծի, մինչեւ որ ուտեմ եւ խմեմ, յետոյ դուն ալ կ’ուտես ու կը խմես’: 9Միթէ տէրը շնորհապա՞րտ է այս ծառային, որ ըրաւ իրեն հրամայուած գործերը: 10Նոյնպէս ալ դուք, երբ կատարէք ինչ որ ձեզի հրամայուած է, ըսէք՝ ‘Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել՝ ըրինք’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.