2009-12-11 13:48:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ` դեկտեմբեր 11, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց
Վիէթնամի հանրապետութեան նախագահը` տիար Նըկէն Մինհ Թրիէթ եւ անոր շքախումբը։ Քահանայապետին հետ տեսակցելէ ետք, Վիէթնամի նախագահը խօսակցութիւններ ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար Մանպերթին։
Ապա Նորին սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրլանտայի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ։
Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց կարտինալ Ուլիամ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի։
''Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սատարը ընկերութեան բարգաւաճումին'', խօսակցութեան նիւթը հանդիսացաւ Սրբազան Քահանայապետի եւ Կապոնի նախագահին միջեւ։
Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով կապոնի նախագահը` տիար Ալի Պոնկօ Օնտիմբա իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աթոռի եւ Կապոնի միջեւ գոյացող բարի յարաբերութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ կապոնի կաթողիկէներու բերած սատարին երկրին բարգաւաճումին համար ու Կապոնի ժողովուրդին արձանագրած զարգացումին յատկապէս դաստիարակչական մարզին մէջ։

Ընդունելով Գուպայի նոր դեասպանին հաւատարմագրերը Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց կղզիի բարւոքումը կրօնական ազատութեան տեսակէտով։
Գուպան ըսաւ Սրբազան Հայրը, տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ վճռական դեր կը կատարէ Գարայիպի եւ Լատին Ամերիկայի աշխարհամասին մէջ։ Սրբազան Հայրը մաղթեց որ բարի յարաբերութիւններ հաստատուի դրացի ԱՄՆի հետ, երկու երկիրներու փոխադարձ օգուտին, իւրաքանչիւր երկիր լիովին յարգելով ուրիշին գերիշխանութիւնը ու պետութեան ու քաղաքացիներու իրաւունքը։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
ՄԱԿի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտը` Գերապայծառ Միլիորէի միջամտութիւնը Քոբենհակընի Համաժողովին. հարկաւոր է անմիջական լուծումներ որոնել բնապահպանութեան ի խնդիր։
Յայտնենք թէ Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Քոբենհակընի Համաժողովին։
Հայաստանի պատուիրակութիւնը, բնապահպանութեան առաջին փոխնախարար Սիմոն Պապեանի գլխաւորութեամբ, կը մասնակցի Դեկտեմբեր 7ին Դանիոյ մայրաքաղաք Քոբենհակընի մէջ սկսած կլիմայի փոփոխութեան համագումարին եւ Քիոթոյի արձանագրութեան բարձրագոյն մարմնի կողմ երկիրներու համաժողովին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 18: Դեկտեմբեր 14ին համաժողովի աշխատանքներուն պիտի միանայ նաեւ ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան՝ նախարարութեան երկու աշխատակիցներուն հետ: Յիշեցնենք, որ Կլիմայի փոփոխութեան համագումարին նպատակն է կրճատել ջերմոցային կազերու համաշխարհային արտանետումները, որպէսզի կանխուի համամոլորակային կլիմայի վտանգաւոր փոփոխութիւնը: Քիոթոյի արձանագրութեամբ սահմանուած են ջերմոցային կազերու կրճատման պարտաւորութիւնները զարգացած 39 երկիրներու համար, որոնք 2008-2012 ժամանակաշրջանին պէտք է կրճատեն իրենց համախառն արտանետումները։ Հայաստան այդ երկիրներու ցանկին մէջ չի մտներ:
Քոփենհակընի Համաժողովին կը մասնակցին 192 երկիրներու Պատուիրակութիւնները







All the contents on this site are copyrighted ©.