2009-12-11 12:13:34

Լուրեր հայկական կեանքէն


«Սփյուռք» շաբաթաթերթին անդրանիկ թիւը (Դեկտեմբեր 1-7):

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արդէն իսկ լոյս տեսած է հայատառ «Սփյուռք» շաբաթաթերթին առաջին թիւը (Դեկտեմբեր 1-7):  20 էջնոց անդրանիկ թիւին առաջնորդող յօդուածին մէջ նշուած է, թէ անվճար սփռուող թերթը «նպատակ ունի լրացնել այն բացը, որն այսօր զգացւում է տպագիր խօսքի ասպարէզում»:  Թերթին հիմնադիր հրատարակիչներն են Յովիկ Զիրաքեան ու Արման Դավայեան, իսկ գլխաւոր խմբագիրն է Սամուէլ Դավայեան: Տնօրէն-խմբագիրն է Յովիկ Զիրաքեան, իսկ խմբագիրը՝ Յասմիկ Խաչատրեան: Գեղարուստական խմբագիրն է՝ Գէորգ Աբգարեան: Թերթին մէջ կան ամերիկեան, հայկական ու միջազգային հարցերու վերաբերեալ լուրեր եւ յօդուածներ:

Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան հիմնադրամ մէկ միլիոն տոլարի դրամագլուխով

Ընդառաջելով. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, եւ որպէս շօշափելի արտայայտութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատարմութեան ու գնահատանքին, Պերկամոյէն (Իտալիա) տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան մէկ միլիոն տոլարի դրամագլուխով հիմնադրամ մը հաստատեցին Կաթողիկոսարանէն ներս։ Սոյն գումարին եկամուտը պիտի յատկացուի Դպրեվանքին, ուր կը պատրաստուին հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած հոգեւորականներ, կրթական մշակներ ու մտաւորականներ։

Այս ժեսթին համար Արամ Ա. կաթողիկոսը տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանին գնահատանքի նամակ մը գրած է ուր կ՝ըսէ.- ՜՜Հակառակ այն իրողութեան որ երկար տարիներէ ի վեր ֆիզիքապէս հեռու կապրիք Անթիլիասէն, սակայն քաջ գիտենք, որ դուք միշտ Անթիլիասո՛վ ապրեցաք, Անթիլիասը Ձեր կեանքին մէջ մնաց միշտ կենդանի ներկայութիւն՝ իր ոգիով ու տեսիլքով, իր հաւատքի առաքելութեամբ ու ազգային ծառայութեամբ։ Այս իրողութեան փաստերը Մենք տեսած ենք զանազան առիթներով։ Ձեր հաստատած Հիմնադրամը եկաւ նոր փայլք մը տալու մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ ձեր ունեցած խոր սիրոյն ու ամուր կապուածութեան։ Մեր ժողովուրդի կեանքին այս վճռական հանգրուանին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կոչուած է նոր մարդուժի պատրաստութեան ու իր ծառայութեան առաւել հզօրացման, վստահ եղէք որ ձեր հաստատած հիմնադրամը իր տնտեսական ներդրումով նոր մղում պիտի տայ մեր աշխատանքներուն՝՝։

Արամ Ա.Վեհափառի նախագահութեամբ՝ սոյն ՜՜Հիմնադրամը՝՝ պիտի ունենայ իր յանձնախումբը, հետեւեալ կազմով.-

Ատենապետ ՝Տիար Ալեքքօ Պէզիքեան, անդամներ՝ Տիկին Անի Պէզիքեան, Տիար Արամ Պէզիքեան, Տիար Զարեհ Պէզիքեան, Տիար Ատոմ Թնճուկեան, Տիար Յակոբ Եափուճեան եւ Տիար Ալէն Պալեան։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.