2009-12-11 13:06:18

 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՇՏԵՑՈՒՄԻ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՊԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ(ԿԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ)։
Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ տագնապները պէտք է լուծուին առանց ուժի գործադրութեան, միայն խաղաղ ճամբով, այսինքն՝ բանակցութիւններու միջոցով՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն համապատասխան։ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է, որ Լաթվիա ըմբռնումով կը մօտենայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումին եւ հաւասարակշիռ մօտեցում կը ցուցաբերէ։ Սերժ Սարգսեան դատապարտած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին հետ կապելու փորձերը։ Անգամ մը եւս պէտք է կրկնեմ, որ այդ փորձերը սկիզբէն ձախողութեան դատապարտուած են։ Ես հիմա կը յայտարարեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է պատշաճօրէն իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու, վաւերացնելով հայ-թրքական արձանագրութիւնները եւ նոյնը կ՝ակնկալենք Թուրքիայէն։ Բայց կը յիշէք՝ ես նաեւ ըսած եմ, որ եթէ Թուրքիա ձգձգէ արձանագրութիւններուն վաւերացումը, ապա Հայաստան անպայման պիտի օգտուի միջազգային իրաւունքէն բխող կարելիութիւններէն։ Եւ հիմա ալ կը յայտարարեմ, որ ես յանձնարարած եմ համապատասխան պետական մարմիններուն, նախապատրաստելու լրացումներ մեր օրէնսդրութեան այն մասին մէջ, որ կ՝առնչուի միջազգային համաձայնագիրներու ստորագրութեան, վաւերացման եւ չեղեալ յայտարարելուն(եզրափակած է Սերժ Սարգսեան)։
։
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներ աշխուժ կերպով կը հետաքրքրուին ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացով եւ կը մասնակցին Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն։ Հայրենի ՝Ազգ՝՝ օրաթերթը վկայակոչելով թրքական աղբիւրները կը յայտնէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախազգուշացուցած է, որ եթէ Թուրքիան չվաւերացնէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ողջամիտ ժամկէտերու ընթացքին, ապա Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը կրնայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Օպամա այդ պատգամը փոխանցած է Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՇՐՋԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ ժամանած են շրջան։ Կը նախատեսուի, որ այսօր անոնք հանդիպումներ ունենան Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ապա Երեւան պիտի ժամանեն։ Ազրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն, համանախագահները առաջարկ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ նոր հանդիպումի մը շուրջ, որ շատ հաւանաբար տեղի ունենայ յառաջիկայ տարուայ սկիզբը։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՝՝ՀԶՕՐ, ԱՆԿԱԽ, ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ՝՝ (ԿԸՍԷ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ)
Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ դեկտեմբեր 10-ը 2 անգամ շրջադարձային եղած է։ 10 դեկտեմբեր 1991-ին արցախահայութիւնը իր հաւաքական կամքը արտայայտած է եւ հաստատած է անկախ պետականութիւն կերտելու իր վճռակամութիւնը, իսկ նոյն օրը 2006-ին, կրկին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով, երկրին սահմանադրութիւնը ընդունած է։ Նշելով, որ 10 դեկտեմբերին Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրն է, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ այդ փաստը խորհրդանշական է, քանի որ արցախեան շարժումը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ծնունդը եւ գոյութիւնը մարդկային իրաւունքներու դրսեւորումներ են, ազգերու հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու արտացոլումները։
՝՝Հզօր, անկախ, ինքնիշխան, ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւնը այն բացառիկ արժէքն է, որ մեզի համար այլընտրանք չունի՝՝ (կ՝ըսուի Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձին մէջ)։







All the contents on this site are copyrighted ©.