2009-12-10 07:53:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Չորեքշաբթի 9 դեկտեմբեր հայ եկեղեցին արեւելեան եկեղեցիներու հետ միասին կը տօնախմբէ Անարատ Յղութիւնը Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի։ Այս առթիւ մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որ միշտ եղած են լուսաւոր ջահերը հայ կնոջ դաստիարակութեան ու զարգացման։

Ս. Կոյս Մարիամի այս տօնին առթիւ, Պենետիկտոոս ԲԶ Քահանայապետը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. մտաբերելով Ս. Կոյս Մարիամի լուսաւոր դէմքը, մենք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրուած ենք ընդունելու անոր աստուածային Որդին, մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Խնդրենք Անարատ Յղացեալէն` ցոլքը աստուածային գեղեցկութեան, որ մեզի ընկերանայ մեր ապաշխարանքի ճանապարհին վրայ ու մեր սրբութեան փմտռտուքին մէջ։ Որդիկան վստահութեամբ մեր աղօթքը բարձրացնենք Աստուածածնայ, մեր Մայրն ու մեր Թագուհին, որպէսզի բոլոր մարդիկը կարողանան ընդունիլ մեր Հօր Աստուծոյ սիրոյ ողորմութիւնը։

Յետմիջօրէին ,Նորին Սրբութիւնը, ուղղուեցաւ Սպանիա կոչուած հրապարակը ուր կը բարձրանայ Անարատ Յղութիւնը Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը։ Անոր ոտքին ծաղիկ զետեղելէ ու պահ մը աղռթելէ ետք քարոզ մը արտասանեց ըսելով. Այս քրիստոնեայ քաղաքին սիրտը, Մարիամի ներկայութիւնը գաղցր է ու հանգստացուցիչ հաւատացեալներու համար։ Անոր ապրելակերպի անշուք ոճը, բոլորիս կու տայ խաղաղութիւն եւ յոյս մեր կեանքի ուրախ թէ տխուր պահերուն։ Ան միշտատեւ կը հսկէ իր որդիներուն վրայ։ Այս հրապարակին վրայ, Մարիամի արձանը բարձր զետեղուած է հսկելու քաղաքին վրայ։ Մարիամ իր ներկայութեամբ ի՚՞նչ կ'ըսէ քաղաքին, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը, ան կը յիշեցնէ թէ ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքն ալ առատացաւ։ Ան Անարատ Յղացեալ է, որ ժամանակաից մարդոց կը կրկնէխ մի վախնաք, Յիսուս յաղթեց չարին, եւ մեզ ազատագրեց անոր տիրապետութենէն։ Որքան կարիքը ունինք այս գեղեցիկ լուրին։ Ամէն օր հաղորդակցութեան միջոցներէն չարը կը պատմուի, լուրը կը կրկնուի, կ'արձագանգուի, մեզ վարժեցնելով ամենէն ահաւոր բաներու մեզ անզգամ դարձնելու աստիճան ։ Սիրտը կը կարծրանայ, ահա այս պատճառաւ քաղաքը կարիքը ունի Մարիամի, որ իր ներկայութեամբ մեզի կը խօսի Աստուծոյ մասին, կը յիշեցնէ շնորհքին յաղթութիւնը չարին վրայ ու մեզ կը մղէ յոյսի։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Քաղաքը մենք ենք, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սատարաէ անոր կեանքին ու բարոյական մթնոլորտին թէ բարիին եւ թէ չարին մէջ։ Հաղորդակցութեան միջոցները կը մղեն մեզ ինքզինքնիս համարելու որպէս դիտորդներ, որպէս թէ չարը ուրիշին է, ընդհակառակը մենք ամէնքս դերակատարներ ենք չարին թէ բարիին մէջ, մեր վարուելակերպը մեծ ազդեցութիւն ունի։

Սիրելիներ, մինչ մեր առօրեայ գործերու մէջ զբաղուած ենք անսանք Ս. Կոյս Մարիամի ձայնին որպէսզի մեր քաղաքը դառնայ միշտ աւելի գեղեցիկ, աւելի քրիստոնեայ եւ մարդկային։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց բացականչելով, քեզի երախտապարտ ենք Սրբուհի Մարիամ, յոյսի պատգամիդ համար, երախտապարտ ենք ձեր լռելեայն սակայն պերճախօս ներկայութեան համար մեր քաղաքին կեդրոնին մէջ։ Անարատ Յղացեալ, աղօթէ մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.