2009-12-10 13:21:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՈՎ ԽՕՍԻԼԸ ՈՒՂՂԱԿԻ ԱՆԻՄԱՍՏ Է ԿԸՍԷ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։
՝՝News.am՝՝ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտարարած է, որ ներկայիս հայ-թրքական երկխօսութեան մէջ նախապայմաններու լեզուով խօսիլը ուղղակի անիմաստ է։
Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, թէ երկխօսութիւնը փոխադարձ համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ սկսած է եւ այսօր նախապայմաններ առաջադրելը կը նշանակէ վերադառնալ հին, փակ շրջանակին։ Ով որ այդ քայլը պիտի առնէ, պատասխանատուութիւնը իր վրան պիտի վերցնէ։ Այդ մասին թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը կը խօսի եւ Թուրքիա կը գիտակցի անոր։ Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, Օպամա-Էրտողան հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները անհրաժեշտ է առանց նախապայմաններու վաւերացնել( նշած է Նալբանդեան)։ Ան նաեւ շեշտած որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ նպաստել երկխօսութեան աշխուժացման։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՇՐՋԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ գործակալութեան յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան պիտի այցելեն այս շաբթուան ընթացքին։ Ըստ անոր, մատրիտեան վերամշակուած փաստաթուղթի քննարկումները պիտի շարունակուին կողմերուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին։ Եուրի Մերզլեաքով նշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 2010-ի սկիզբը։
ՌՈՒՍԻԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՆՊԱՍՏԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԻՆ ԿԸՍԷ ՏՄԻԹՐԻ ՄԵՏՎԵՏԵՒ։ Երէկ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ելոյթ ունենալով եւրոպական եւ ասիական զանգուածային լրատուամիջոցներու համագումարին ընթացքին, յայտարարած է, որ Ռուսիա դրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու մերձեցման ու պիտի շարունակէ այդ գործընթացին նպաստել։ Մենք դրական կը վերաբերինք այն իրողութեան, որ 20-րդ դարուն կուտակուած ահռելի խնդիրները դուք կը փորձէք լուծել՝ փոխադարձ զսպուածութիւն եւ փոխզիջման որոնում ցուցաբերելով(նշած է Մետվետեւ)։ Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, կարեւոր է գիտակցիլ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած կարգաւորում չէ, այլ կը կատարուի միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համար։

ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ։
Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ 7-8 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան 8-րդ համագումարը, ներկայութեամբ անդամ կուսակցութիւններու աւելի քան 1500 պատգամաւորներու, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու, եւրոպական պետութիւններու կառավարութիւններու անդամ նախարարներու, ինչպէս նաեւ գաղափարակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն։ Վերջիններուն կարգին էին ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան։ Համագումարը կը ճշդէ կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, կը կատարէ կանոնագիրի փոփոխութիւններ, որոշումներ կը կայացնէ կուսակցութիւններու անդամակցութեան կարգավիճակին մասին եւ կընտրէ կուսակցութեան նախագահը։ Համագումարը կուսակցութեան նախագահ վերընտրեց Դանիոյ նախկին վարչապետ Փուլ Նայրըփ Ռազմուսսենը, որ առաջին անգամ այդ պաշտօնին ընտրուած էր 2004-ի համագումարին։







All the contents on this site are copyrighted ©.