2009-12-08 12:30:54

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Տէր Վիաննէի դիմանկարը


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Տէր Վիաննէի դիմանկարը



Երեսունի մօտ նոր ընտանիքներ կը հաստատուին Արսի մէջ 1840-1846ին, մեծ մասամբ վաճառականներ, որոնցմէ 12ը բարեպաշտական իրեր կը ծախէին:

Խեղճ ժողովրդապետը համամիտ չէ անոնց շատ մը ըրածներուն, բայց արդէն ո՞վ իրենց կը հարցնէ: Յատկապէս կը վաճառեն Էփինալ նկարիչի պաստառներըը, որնց նիւթը Տէր Վիաննէն է: Այդ պատկետներուն առանցքը ինքն է իր կապայով, բաճկոնով եւ նշանաւոր օձիքով եւ իր շուրջը հրաշագործութիւններու տեսարաններ. ընտանիքի մը հայրը բժկուած, համր տղայ մը կը խօսի, կաղ մը որ իր միջնորդութեամբ կը քալէ: Բարեբախտաբար նկարիչը սուրբի գլխուն վերեւ չէ դրած լուսապսակը, միայն ադ պակաս է:Երբ վարդապետը կը տեսնէ այս բաները, չափազանց կը հակառակի: Մանաւանդ որ շատ մը միամիտներ, յետ գնելու այս նկարները, իրեն կը բերեն որ օրհնէ զանոնք:

Ժողովրդապետը ուզեց վերցնել եւ աներեւոյթ ընել սոյն պատկերները: Վաճառականները ոտքը ինկան եւ պաղատեցան որ շարունակեն ծախելը ըսելով.

-Մեր ապրուստը շահելու միակ միջոցնիս է:

Վարդապետը հուզուեցաւ եւ հարցուց.

-Քանիի՞ կը ծախէք այս դիմանկարները:

-Երկու դահեկան, հայր սուրբ:

-Շա՜տ սուղ է, այս ողորմելի դիակին համար, բայց շատ լաւ, շարունակեցէք:

Անկէ ետք չհակառակեցաւ: Սակայն յաճախ կը գանգատի Գաթերին Լազանի.

-Տե՛ս, միշտ նոյն դիակը: Կը տեսնե՞ս, ո՜րքան թշուառական եմ ես, կը կախեն, կը ծախեն զիս… խե՜ղճ Վիաննէ:

Աւելի յաջող ու գեղեցիկ նկարի մը առջեւ կը բացականչէ.

-Տէ՛ս, նկարս գծեր են, այո՛ ճիշտ ես եմ, սագի կը նմանիմ:

Սրտանց պիտի մերժէր օրհնել զանոնք, բայց կը մեղքանայ հեռուէն եկած ուխտաւորներուն եւ այլ սրբազան առարկաներու հետ ասոնք ալ կ’օրհնէ:

-Իմ խամաճիկս (իր նկարը) ուրեմն բարիք կ’ընէ: Աստուած հայրիկը ամէն միջոց կը գործածէ օգնելու մարդոց:








All the contents on this site are copyrighted ©.