2009-12-08 12:38:43

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց պետական նախարար Անուար Կարկաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրերը՝ նախագահ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ անոնց այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջին ժամանակաշրջանին աշխուժացած բարձր մակարդակի այցելութիւնները դրական դերակատարութիւն կ՝ունենան Հայաստանի եւ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։ Գոհունակութեամբ անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ ուժեղ կերպով զարգացող փոխադարձ գործակցութեան՝ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ Հայաստան շահագրգիռ է աւելի ամրապնդելու ու խորացնելու կապերը Արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ։ Յիշելով, որ երէկ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի յիշատակի օրն է, Անուար Կարկաշ ըսած է, թէ իրենք երբեք չեն մոռնար ողբերգական այդ օրը եւ իրենց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՐԳԷ 1988-Ի ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելած է Գիւմրի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։Երկրին ղեկավարը ծաղկեպսակ զետեղած է ՝՝Անմեղ Զոհերուն, Բարեգութ Սրտերուն՝՝ յուշահամալիրին վրայ եւ ներկայ գտնուած է զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան։ Հանրապետութեան նախագահը այցելած է նաեւ Ախուրեան շրջանին մէջ կառուցուող շաքարի գործարանը։ Ան ծանօթացած է գործարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ շաքարի ճակնդեղի մշակումի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Նախաահ Սարգսեան այցելած է նաեւ Անիի շրջանի Իսահակեան համայնքը եւ մասնակցած է Անիի, Արթիկի, Աշոցքի եւ Ամասիայի թիւով 21 համայնքներու կազամատակարարման սկզբնաւորման արարողութեան։ Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւս մեկնած է 1988-ի երկրաշարժէն տուժած շրջաններ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին։ Վարչապետը մասնակցած է Սպիտակ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագին։ Վարչապետը եւ անոր ուղեկցողները ծաղկեպսակ զետեղած են Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։ Այնուհետեւ Տիգրան Սարգսեան Վանաձոր մեկնած է եւ այցելած Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած յիշատակի խաչքարին առջեւ այցելուները ծաղկեպսակ զետեղած են, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերու յիշատակը եւ մասնակցած են մատուցուած արարողութեան։
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ՝ ՕՊԱՄԱՅԻՆ ՃԻՇԴ ՔԱՅԼԸ Ա՛Ռ՝ ՃԱՆՉՑԻ՛Ր ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ամերիկահայերը մէկ ամիս տեւած իրենց արշաւին վերջին քայլին դիմած են՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային , Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն առաջ։ Անոնք կոչ ուղղած են Օպամային, որ յարգէ իր նախընտրական խոստումը եւ Թուրքիոյ վարչապետին ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ ՝՝Մենք կոչ կուղղենք նախագահ Օպամային, որ այսօր, վարչապետ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ճիշդ քայլին դիմէ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ղեկավարութենէն պահանջելով, նոյն քայլին դիմել՝՝ յայտարարած է Հայ Դատի Յանձնախումբի Գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.