2009-12-07 12:53:54

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսել Կը Մեկնի։
Դեկտեմբեր 8-ին կայանալիք Արևելեան Գործընկերութեան Երկիրներու Արատքին Գործոց Նախարարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը կարճատև այցով մը կը մեկնի Պրիւքսել: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ Արտգործ Նախարարութիւնը։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ԿԱՊԵԼԸ ԱՆՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ Է։ Թուրքիոյ վարչապետին Միացեալ Նահանգներ տալիք այցելութենէն առաջ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը թրքական ՝՝Աքշամ՝՝ օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապին,նշելով որ այս երկուքը իրարու կապել փորձողները անհեռատես մարդիկ են։ Անոր համաձայն, Ռուսիա կը փափաքի, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն դառնան, որովհետեւ շրջանին մէջ Ռուսիա-Հայաստան-Թուրքիա տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը մեծ կարեւորութիւն ունի եւ կրնայ դրական անդրադարձներ ունենալ։ Ան քննադատած է այն անհատները, որոնք առանց Ղարաբաղի հարցի լուծման չեն ուզեր, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարաններուն կողմէ քննարկուին եւ վաւերացուին, հաստատելով, թէ այս երկու հարցերը բոլորովին անջատ են իրարմէ։

Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը Տակաւին Կ՛ուսումնասիրէ Փրոթոքոլը։
Անցեալ շաբաթ լրացաւ 15օրեայ այն ժամկէտը, որու ընթացքին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վլադիմիր Յովհաննիսեան պէտք էր ուսումնասիրէր հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Դատաւոր Յովհաննիսեանին տրուած է պարտականութիւնը պարզելու եթէ արձանագրութիւններու հակա-սահմանադրականութեան հարցը քննելու հիմքեր կա՞ն, եթէ այո, զանոնք պէտք է ներկայացնէ Սահմանադրական Դատարանի (ՍԴ) նախագահ՝ Գագիկ Յարութիւնեանի:Սակայն, ինչպէս կը տեղեկացնէ  Սահմանադրական Դատարանի մամուլի քարտուղար Յովհաննէս Պապիկեան, թէեւ 15օրեայ ժամկէտը անցած է,  «անհանգստութեան առիթ չկայ, քանի որ դա պարզապէս ընթացակարգ է, եւ դեռ 10 օր կայ» արձանագրութիւնները ՍԴ նախագահին ներկայացնելու եւ նիստ հրաւիրելու համար:
ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ համայն Վրաստանի Կաթողիկոս Իլիա Բ. Պատրիարքը անցեալ հինգշաբթի իր նստավայրին մէջ ընդունած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչ Սիլվանեանը եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն Եպս. Միրզախանեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Վրաստանի մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կարգավիճակին, հայկական շարք մը եկեղեցիներու պատկանելիութեան, հայկական յուշարձաններուն, ներառեալ՝ եկեղեցիներու պահպանման եւ վերականգնման հարցերը։ Իլիա Բ. Պատրիարքը վստահեցուցած է, որ Վրաստանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն միացեալ ջանքերով սոյն խնդիրները պատշաճ լուծում պիտի ստանան եւ շեշտած է հայ-վրացական դարաւոր յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ իր բաղձանքը յայտնած է յառաջիկայ պատեհ առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալելու առնչութեամբ։

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՝՝ԷՈՒՐՈՆԻՈՒԶԻ՝՝ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐԳԻԼՈՒԻԼ։
Ազրպէյճանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հեռարձակման ազգային խորհուրդը Ազրպէյճանի տարածքին կրնայ արգիլել հեռարձակումը օտարերկրեայ այն ալիքներուն, որոնք Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած հաղորդումներ կը սփռեն։Այս խորհուրդի նախագահ Նուշիրեւան Մակերամլի շաբաթ օր ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ եթէ ՝՝Էուրոնիուզն՝՝ ու միւս օտարերկրեայ կայանները շարունակեն Ազրպէյճանի դէմ հաղորդումներ պատրաստել, մենք որոշում պիտի տանք արբանեակի միջոցով այդ կայաններու հեռարձակման դադրեցման մասին։ Ըստ անոր, Ազրպէյճանի իշխանութիւններու նման մօտեցումը կը տեղադրուի երկրի օրէնսդրութեան ծիրին մէջ։ ՝՝Էուրոնիուզ՝՝ը Լեռնային Ղարաբաղի մասին սփռած իր վերջին հաղորդումով Ազրպէյճանի մէջ բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուց, մինչեւ իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղեց պաշտօնական բողոքագիր յղելու։Սոյն Միջազգային Կայանի մէկ լրագրողը իր տեղեկագրութեան մէջ պատմած էր, որ 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը յայտարարած էր, ինչ որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի պատճառ դարձած էր։ 1994-ին զինադադար կնքուեցաւ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը տակաւին ճանչցուած չէ միջազգային մակարդակի վրայ։Լրագրողը նաեւ պատմած էր աւանդական հայկական եկեղեցիներու մասին,նկատել տալով, որ բազմաթիւ հայերու համար հաւատքը մեծ դեր կը խաղայ։ Շրջանին մէջ հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիներ ու վանքեր կան։ Նշենք նաեւ որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 1 յունուար 2009-ին դադրեցուցին Պի. Պի. Սի.ի, ինչպէս նաեւ ՝՝Ազատութիւն՝՝ եւ ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայաններուն հեռարձակումները։







All the contents on this site are copyrighted ©.