2009-12-06 15:28:55

Լուրեր հայ Եկեղեցիէն։


Լուրեր հայ Եկեղեցիէն։



Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նոր տարւոյն ցուցահանդէսի բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ նախագահութեամբ պետական երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի, ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2009-ի, Ս Նշան Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան ցուցահանդէսի բացում։

Թաղականութեան ատենապետ Պետիկ Լոճիկեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այսուհետեւ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան ցուցահանդէսներ եւ իրենք պիտի քաջալերեն բոլոր արուեստներն ու տաղանդները։ Ինչպէս եկեղեցին տունն է հայութեան, այս սրահն ալ մեր ազգի զաւակներու տաղանդներուն ցուցասրահը պիտի սեպենք, հաստատեց Պ Լոճիկեան։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեան իր կարգին նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ արդիւնաւորումները, յաջողութիւններն ու իրագործումները կու գան իբրեւ ամբողջացում զանազան ազդակներու՝ ակնարկելով, որ բարերարը սրահը շինեց, արուեստագէտները իրենց արուեստի գործերը տրամադրեցին, իսկ թաղականութիւնն ալ զանոնք սրահին մէջ զետեղեց։ Ան ողջունեց ցուցահանդէսին բացումը եւ շնորհակալական ու գնահատական խօսքեր ուղղեց արուեստագէտներուն։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին մանրանկարչական գործեր, ձեռագործներ, գծագրութիւններ, ձեռային աշխատանքներ, ծաղրանկարներ, Կաղանդի յատուկ զարդարանքներ, եւ այլն։



կիրակնօրեայ դպրոցներս - Ս Թադէոս եւ Ս Բարթողիմէոս առաքեալներու նշում։

Ս Թադէոս եւ Ս Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2009-ի, Նոր Ատանայի Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը։ Ձեռնարկը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմնին կողմէ։

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու Շողակաթ պատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն Ստեփանեանի։

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ Մարիա Դանիէլեան։ Ան նկատել տուաւ, որ Շողակաթ երգչախումբի անդամ պատանիները կը կազմեն հայ ժողովուրդի ապագայ սերունդը եւ իւրաքանչիւրին մէջ կը նկատենք կեանքի գարնանամուտը՝ լի յոյսերով, եւ անոնք մեզի կու տան հպարտանքի զգացումը։ Մարիա Դանիէլեան յայտնեց, որ կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ մանուկները կը սորվին մարդասիրութիւն, համագործակցութիւն, անշահախնդրութիւն եւ համեստութիւն։

Այնուհետեւ 21 հոգիէ բաղկացած Շողակաթ երգչախումբը մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը, ինչպէս՝ Աշակերտք Քրիսոտոսի, Որք զարդարեցին, Մեծացուսցէ, Հրաշափառ Աստուած, Աղբիւր կենաց, Զօրութիւն Ս Խաչի, Ուրախ լեր Սուրբ եկեղեցի, Աչքն ծով, նաեւ կատարուեցաւ Աստուածաշունչի ընթերցում։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Թորգոմ աբղյ Տօնոյեան։ Ան յայտնեց, որ ներկայացուած շարականները առիթ ընծայեցին իւրաքանչիւրին դառնալու հոգեհարազատ հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան։ Հայր սուրբը հաստատեց, որ այդ պատանիները կը մեծնան հայ եկեղեցւոյ բազմադարեան շունչին ներքեւ։ Ան գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ երգչախումբին մաղթեց վերանորոգ հաւատք ու գագաթներու նուաճում՝ իր ապագայ ծրագիրներուն մէջ։ Անդրադառնալով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն՝ պատմական ակնարկ մը նետեց անոնց գործունէութեան վրայ՝ հաստատելով, թէ անոնք հիմք դրին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ։



Լոս Անճելըս - Արցախի Վարչապետը Առաջնորդարան Այցելեց

Արցախի վարչապետ Յարութիւնեան, այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ թեմի ժողովականութեան կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ան առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կ՛այցելէր առաջնորդարան։

Հիւրերն ու հիւրընկալները առաջին հերթին առաջնորդուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, որմէ ետք հիւրերը ծանօթացան առաջնորդարանի բաժանմունքներուն։ Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ դահլիճին մէջ։

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան առաջին հերթին կարդաց առաջնորդին ողջոյնի գիրը։ Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը կ՛ողջունէր վարչապետին այցելութիւնը եւ կը վերահաստատէր մեր մայր Հայրենիքին ու Արցախի զօրակցութեան առաջնորդարանի կեցուածքը, միաժամանակ վեր առնելով Շուշիի տեղն ու արժէքը՝ մեր պատմութեան ու ներկային մէջ։

Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, վարչապետը յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի վերակառուցման աշխատանքներուն մասին, պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն։ Ան հաւաստեց, որ հայրենադարձութիւն տեղի կ՛ունենայ դէպի Արցախ եւ շեշտեց այս գործընթացին թափ տալու կարեւորութիւնը։

Հանդիպումին պաշտօնական բաժինին աւարտէն ետք, առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը ներկաները հիւրասիրեց ճաշով։








All the contents on this site are copyrighted ©.