2009-12-04 12:59:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ։
Հայաստանի կառավարութիւնը 3 դեկտեմբերին համաձայնութիւն յայտնած է օրէնսդրական նախաձեռնութեան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ներկայացուցած ՝՝Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հանգուցալուծումը զինեալ տագնապի վերածելու՝ Ազրպէյճանի
պատասխանատուութեան մասին՝՝ յայտարարութեան նախագիծի՝ կառավարութեան համար ընդունելի տարբերակին։ Ռուստամեանի ներկայացուցած փաստաթուղթի նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճան, շարունակաբար աղաւաղելով իրականութիւնը, նենգափոխելով եւ խեղաթիւրելով փաստերը, կը ձգտի միջազգային հանրութեան համար կեղծ պատկեր մը ձեւաւորել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծագումին վերաբերեալ։ Յայտարարութիւնը կառաջարկէ միջազգային ատեաններուն մէջ վերականգնել կատարուածին իրական պատկերը՝ մատնանշելով Ազրպէյճանի պատասխանատուութիւնը տագնապի սրումին մէջ։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ - ԵԱՀԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Փերեն Տէ Պրիշամպոյի հետ, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 17-րդ նստաշրջանին զուգահեռ։ Նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի դերը՝ Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան ապահովման իմաստով, աւելցնելով, որ ան պիտի շարունակէ իր աշխուժ ու ազդու մասնակցութիւնը բերել կազմակերպութեան գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ։

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ ՉԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՆ։
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան, երէկ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը ծրագրային դիտարկում կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ բնակավայրի հիւսիսային ուղղութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Փիթըր Քին (Մեծն Բրիտանիա), Իրժի Ապերլէ (Չեխիա) եւ Վլատիմիր Չունթուլով (Պուլկարիա։Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դիտարկումը կատարուած է ըստ ճշդուած ծրագիրին։ Դիտարկման ընթացքին զինադադարի դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած։ Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները։

ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2010-ԻՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 3ին ընդունած է ԱՄՆ պաշտպանութեան փոխնախարարի տեղակալ Սելեսթա Վոլանդեր, որուն հետ խօսած է հայ–ամերիկեան յարաբերութիւններու ջերմութեան եւ բարեկամական բնոյթին մասին եւ բարձր գնահատած՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանին ցոյց տրուած օժանդակութիւնը։ Սելեսթա Վոլանդերը այցելած է Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ զօրքերը եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին։ Աֆղանիստան մեկնող հայկական խաղաղապահ խումբի հրամանատար Արթուր Սիմոնեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ հայ խաղաղապահները Աֆղանիստան պիտի մեկնին փետրուար 2010-ին։ Ան աւելցուց, որ 40 զինուորներէ բաղկացած խումբը շուտով պիտի այցելէ Աֆղանիստան՝ ծանօթանալու համար ապագայ ծառայութեան պայմաններուն, ապա յունուարին պիտի մեկնի Գերմանիա, ուր 2-3 շաբաթ պիտի մարզուի։ Հայ խաղաղապահները Աֆղանիստան պիտի մեկնին գերմանական ջոկատի կազմին մէջ։ Հրամանատարը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի խորհրդարանը խաղաղապահները Աֆղանիստան ուղարկելու մասին որոշում չէ տուած, սակայն միաժամանակ յայտնեց, որ հայ զինուորներու գործունէութիւնը բարձր կը գնահատուի արեւմտեան երկիրներու ղեկավարութեան կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.