2009-12-03 13:36:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան խօսքը աստուածաբաններուն. ''Եթէ մէկը համեստութիւնը չունի ինքզինքը փոքր նկատելու, կարող չէ որեւէ ճանաչում ունենալու Աստուծոյ մասին ''։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան խօսքը աստուածաբաններուն. ''Եթէ մէկը համեստութիւնը չունի ինքզինքը փոքր նկատելու, կարող չէ որեւէ ճանաչում ունենալու Աստուծոյ մասին ''։



Միջազգային աստուածաբանական յանձնախումբի անդամներուն հետ համապատարագ մատուցանելով, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. ''Եթէ մէկը համեստութիւնը չունի ինքզինքը փոքր նկատելու, կարող չէ որեւէ ճանաչում ունենալու Աստուծոյ մասին''։

Ճշմարիտ աստուածաբանը, ան է որ իր մտքի կարողութեամբ չի չափեր Աստուծոյ խորհուրդը, յաճախ վերածելով Քրիստոսի ինքնութիւնը, այլ` ան է որ գիտակից է իր սահամանափակ կարողութիւններուն, ինչպէս է պարագան սուրբերուն, որոնք եկեղեցիէն ճանչցուած են որպէս մեծ վարդապետներ։

Կարելի չէ գիտնականի նման ուսումնասիրել եւ խորացնել Ս. Գիրքը։

Գիտնականը կարողութիւնը ունի տեղեկութիւններ տալու, սակայն տեղեկութիւնը չի դառնար սեփական կեանքի կազմաւորում մը։ Նման այն դիպիրներուն որոնք կրցան տեղեկացնել մոգերը եւ մատնանշել անոնց ՜՜Մեսիայի` Մանուկ Յիսուսի ծննդեան վայրը՝՝։

Դպիրները թէեւ մեծ մասնագէտներ էին, սակայն չզգացին հարկ աւորութիւնը որ երթան անձամբ այցելեն Մանուկը։

Մեր ժամանակներուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, նոյնը կը նշմարենք։ Կան մեծ գիտնականներ, վարդապետներ, Ս. Գիրքի մասնագէտներ, աստուածաբաններ, որոնք մեզի շատ բան սորվեցուցին,սակայն չկարողացան տեսնել նոյնինքն խորհուրդը, չկարողացան ըսել եւ ապրիլ թէ այս Յիսուսը ճշմարտապէս Աստուծոյ Որդի էր։ Անոնցմէ շատ բան սորվեցանք , սակայն անոնց աչքերը չբացուեցան ու չտեսան ՜՜Խորհուրդը՝՝։ Անոնք իրենք զիրենք Աստուծմէ վեր դասեցին, հեռացան Աստուծմէ եւ զԱյն մերժեցին։ Յիսուսի մեծ խորհուրդը, մարդացեալն Աստուած, իրենց աչքին դարձաւ պատմական Յիսուս մը, ողբերգական անհատ մը, ուրուական մը` առանց մարմնի ու ոսկորի, անձ մը որ գերեզմանի մէջ մնաց, ապականեցաւ, մէկ խօսքով ճշմարիտ մեռեալ մը։

Եկեղեցւոյ պատմութիւնը սակայն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հարուստ է այրերով ու կիներով, կարող՝ ճանչնալու իրենց պզտիկութիւնը յաչս ամենակալ Աստուծոյ, անոնք իրենց խոնարհութեան մէջ, հասան ճշմարտութեան, նման սրբուհի Պերնատեթի ու սրբուհի Թերեզայի, որոնք ոչ թէ գիտական, այլ՝ պարզ մօտեցումով կարողացան ըմբռնել ու մտնել Ս. Գիրքի խորքը (սիրտը)։ Նոյնպէս մեր օրերու երանելիներն ու սուրբերը, նման քոյր Պախիթայի, մայր Թերեզայի, Տամիանի եւ ուրիշներու։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Տիրոջ յարութենէն ետք, Դամասկոսի ճամբու վրայ Յարուցեալը սիրտը շարժեց Սաուլին` Պօղոսին, որ նման էր հրեայ այն դպիրներուն, որոնք չէին տեսներ։ Ան Տիմոթէոսի առաջին թուղթին մէջ, ինքզինք կը կոչէ տգէտ, հակառակ իր գիտութեան։ Յարուցեալը անոր կը ներկայանայ եւ անկէ ետք ինք կոյր կը դառնայ, եւ ապա կը սկսի տեսնել ճշմարտութիւնը ։ Պօղոս` մեծ գիտնականը, կը դառնայ խոնարհ, Աստուծոյ խենթը, որ է իմաստութիւն, գիտութիւն մեծագոյնը մարդկային բոլոր իմաստութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.