2009-12-03 13:36:48

Կրօնաբարոյական հարցեր - Կեանքդ Մի՛ Պատմեր, Այլ՝ Փա՛ռք Տուր Աստուծոյ


Կրօնաբարոյական հարցեր - Կեանքդ Մի՛ Պատմեր, Այլ՝ Փա՛ռք Տուր Աստուծոյ

Իրենց մասին խօսող երկու խումբի մարդոց կարելի է հանդիպիլ: Առաջինները անոնք են, որոնք իրենց կատարած քաջագործութեանց մասին կը խօսին, իսկ երկրորդները՝ իրենց կրած դժբախտութիւններուն ու ցաւերուն:
Կեանքի մէջ իրենց կատարած սխրագործութիւններուն մասին պատմողները առհասարակ բազմապատկուած կը ներկայացնեն հին թէ նոր դէպքեր: Որքա՜ն քիչ է թիւը անոնց, որոնք պատմութեան պատկանող պատահարները իրենց հարազատ գոյներով կը նկարեն մեր մտապաստառին դիմաց, մնալով միշտ պարկեշտութեան սահմաններուն մէջ: Իսկ սուտի նկատմամբ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, միշտ ալ կը տարուին երեւակայական հովերով, ու մրջիւնը փիղ ցոյց տուող խոշորացոյցը ձեռքէ վար չեն դներ:
Մէկը կը պատմէր իր տան դիմաց պատահած ինքնաշարժի արկած մը, որուն պարզապէս ականատես եղած էր իր բարեկամին հետ: Քիչ ետք, մոռնալով որ իր կողքին կեցող իր բարեկամն ալ նոյն դէպքին ականատես եղած էր իր հետ միասին, դէպքը ուրիշի մը կը պատմէր, արկածահար մարդոց օժանդակող խումբին մէջ ներկայացնելով ինքզինք: Մինչդեռ, ինք պարզ հանդիսատես մը եղած էր դէպքին, ինչպէս իր բարեկամը: Իսկ դէպքը, որ հակառակ տխուր ըլլալուն, այդքան ալ ծանր հետեւանքներ չէր ունեցած, զայն վերապատմող մեր վերոյիշեալ «քաջագործ»ին համար ողբերգական վախճան մը կ՛ունենար, որովհետեւ արկածահարներէն մին, ըստ իրեն, իր ձեռքերուն մէջ կը մահանար: Եթէ սոյն սխրագործութիւնը ունկնդրողներէն մէկը միջոց ունենար ուղղակի հետաքրքրուելու դէպքին զոհ գացած անձերով, կրնար անմիջապէս հակառակը հաստատել, որովհետեւ անոնցմէ ոչ ոք ծանրօրէն վիրաւորուած էր, եւ պարզապէս հիւանդանոցի մէջ անոնք կարճ ժամանակ բուժուելէ ետք տուն վերադարձած էին:
Սա կը կոչուի երեւակայական հերոսութիւն, որուն անզուգական հերոսը միշտ զայն մեզի պատմող անձը կ՛ըլլայ: Եթէ պատահի, որ յանկարծ հետաքրքրութիւն ցոյց տայ իրեն ունկնդրողը, քաջագործութիւնները կրնան իրարու յաջորդել, ու պատմութիւն պատմութեան ետեւէ, կրնայ երկար շղթայ մը կազմուիլ:
Երկրորդ խումբի մարդիկը, այս անգամ ճիշդ հակառակը, իրենց ձախորդութեանց մասին կը պատմեն, միշտ խոնարհ շրջագծի մը մէջ պահելով իրենց անձը: Այս պարագային, տխուր դէպքեր անվերջանալի շարասիւնով զիրար կը յաջորդեն, անքակտելիօրէն կը շղթայուին իրարու, առիթ չտալով վշտակցութեան: Նման անձերու ներկայացուցած պատմութիւնները լսելու միջոցին, հազիւ կը պատրաստուիս ցաւակցելու եղածին, կը խնդրեն որ լսես դէպքին շարունակութիւնը, որ վստահաբար աւելի վատ կացութիւն մը պիտի պարզէ, կամ՝ ողբերգութեան աւելի ծանր վիճակ մը պիտի ներկայացնէ:
Իւրաքանչիւր մարդու համար իր կրած ցաւն ու տառապանքը ամէնէն ծանրը ըլլալ կը թուի: Թերեւս անոնք կը պատմեն՝ մխիթարուելու համար, եւ տեսնելով դիմացինին դէմքի սոսկումնալից արտայայտութիւնները, բաւարարուին իրենց հոգւոյն մէջ, թէ՝ իսկապէս իրենց կրած նեղութիւնը տակաւին լսուած չէ՛ ուրիշներէ: Ուրիշներու կողմէ իր ցաւի տեսակին լսուած կամ զգացուած չըլլալը, հոգեբանօրէն կը նուազեցնէ իր՝ զայն կրած անձին տառապանքը:
Ցաւ ու տառապանք պատմողներ ալ կան, ուրիշներու խղճմտանքը իրենց նկատմամբ արթնցնելու եւ մարդոց ուշադրութեան առարկայ դառնալու նպատակով: Խօսակցական լեզուի մէջ, նեղութիւն պատմելու այս ձեւը «լալ» կը կոչուի: Մարդիկ «կու լան», խղճալի երեւելու համար, որպէսզի հասարակութեան բարիքներէն օգտուին: Պաշտօնական մուրացկաններ են անոնք, որ գիտեն կթուելիք կովուն ժամանակը, կարողութիւնը ու այլ մանրամասնութիւններ մօտէն քննել, յարմար առիթն ու պատեհութիւնը որոշելու համար:
Սակայն, մարդիկ յոգնած են ուրիշներու կեանքին մանրամասնութիւններով հետաքրքրուելէն: Ասիկա ունի բնականաբար իր պատճառները: Զանազան պատճառներուն մէջէն ամէնէն գլխաւորը այն է, որ բազմազբաղ աշխարհի իրավիճակը ի՛նք, կեանքի տարաբնոյթ գլխացաւանքին բերումով, իւրաքանչիւր մարդու առօրեային համապատասխան մտահոգութիւններ տուած է ամէն մարդու: Ուստի, ամէ՛ն մարդ դժուարութիւններ ու նեղութիւններ ունի, ամէ՛ն մարդ տառապանք ու ցաւ կը կրէ, ամէ՛ն մարդ կրնայ դժբախտանալ, եւ պարագաներու բերումով թշուառութեան մատնուիլ: Մէկը որ կը տառապի, պէտք է գիտնայ, որ ուրիշ մըն ալ կրնայ տառապած ըլլալ, կամ կրնայ ցաւ մը ունենալ ճիշդ այն պահուն, երբ իրեն կը պատմուի ուրիշի մը տառապանքը: Ուրիշ խօսքով, երբ մէկը չ՛արտայայտեր իր ցաւը, այդ չի՛ նշանակեր թէ ցաւ չունի, կամ երջանիկ է:
Իրենց դժբախտութիւնները ուրիշներուն պատմողներ այնքան տարուած կ՛ըլլան այդ տխուր պատահարներով, որ կը մոռնան այն ամէն բարիքները զորս վայելած են իրենց կեանքի ընթացքին: Անոնք կը մոռնան, որ չկա՛յ կեանքի կատարեալ տեսակ մը, անցաւ ու անվիշտ: Մահը ինքնին, որ ամէն ընտանիքի բաժին կը դառնայ աշխարհի ստեղծագործութենէն ու մարդու մեղանչումէն ասդին, դժբախտութիւն մը կը նկատուի, որուն առիթով այնքան անյուսութեամբ կու լան մարդիկ, երբ վերջին հրաժեշտ կու տան իրենց սիրելիներէն մէկուն կամ միւսին: Կա՞յ գերդաստան մը աշխարհի երեսին որ մահ ունեցած չըլլայ: Ամէնուս ալ նախահայրերը խառնուած են հողին, ուրկէ ստեղծուեցան: Մենք անոնց հետ հոգեկան կապի մէջ կրնանք ըլլալ միշտ, սակայն մեր ամբողջ հոգիով կեանքին կը կառչինք, դէպի յառաջ կը նայինք, մեր աշխատանքով մեր քրիստոնէական կեանքը արժեւորելու համար:
Արժեւոր կեանք մը միայն իր Ստեղծիչին անուան փառաբանութիւն կը դառնայ: Այլապէս Անոր տուած պարգեւը անտեսած պիտի ըլլանք: Գոհունակ սիրտ մը ամէնէն լաւ ընծան է, մատուցուած Աստուծոյ:
Դժբախտութիւններ պատմելով, մարդկային սիրտը կը ծերանայ, ու այս կեանքին հետ անոր ունեցած կապերը կը թուլնան եւ կը քակուին: Կեանքի ամէնէն տխուր անցուդարձերն ալ յոյսով ու լաւատեսութեամբ ընդունիլը, մեր ապագային ապահով միջնաբերդը կը կառուցեն մեզի համար:
Տխրութիւնը պէտք է թողունք մեր ետին, ու դժբախտութիւններ պատմելով ժամավաճառ չդառնանք:
Կեանքդ մի՛ պատմեր ուրիշներուն: Դրուագները ինչքան ալ հետաքրքրական թուին, միայն քեզի համար այնքան ծանր պիտի ըլլան: Ունկնդիրներդ վշտակից ու ցաւակից կրնան ըլլալ այդ պահուան համար միայն: Սակայն անոնք ալ գիտեն, որ քեզ հետ ցաւակցելէ ետք պիտի մոռնան ցաւդ, ու իրենց կեանքը պիտի շարունակեն:
Եթէ ցաւիդ մէջ անգամ կ՛ուզես մխիթարուած զգալ, գոհունա՜կ սրտով փառք տուր Աստուծոյ՝ եղածիդ եւ դեռ ըլլալիքիդ համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.