2009-12-03 13:15:01

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԿՈՂՄԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԻՆ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԽԱՂԱՂ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏՈՂ ՔԱՅԼԵՐԷՆ ԿԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ ելոյթ ունենալով ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար կողմերը պարտաւոր են խուսափիլ խաղաղ գործընթացը խոչընդոտող քայլերէն, նաեւ խնդիրին էութիւնն ու բանակցութիւններու ընթացքը աղաւաղելու փորձերէն, ինչպէս ատիկա նոր ըրաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։ Այսօր ես ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա էական յառաջընթաց արձանագրած են,10 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ ստորագրելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ զարգացնելու մասին արձանագրութիւնները։ Յաջորդ կարեւոր քայլը արձանագրութիւններուն վաւերացումն է երկու երկիրներուն կողմէ։ Մենք յոյսով ենք, որ այդ կարեւոր քայլը պիտի կատարուի եւ Հայաստանն ու Թուրքիան պիտի իրագործեն համաձայնութիւնները։ Չպատճառաբանուած յետաձգումները եւ նախապայմանները, որոնց շարքին՝ այս հարցը ղարաբաղեան խնդիրին կապելու մղումը, կրնան վնաս հասցնել երկու գործընթացներու հեռանկարին, ըսաւ Է. Նալբանդեան։ Շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային հանրութեան, ներառեալ՝ Զուիցերիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան այլ անդամներու՝ հայ-թրքական գործընթացին սատարելու համար, Է. Նալբանդեան աւելցուց ՝՝Հակառակ ամբողջ աշխարհի երկիրներուն ցուցաբերած լիակատար աջակցութեան, Ազրպէյճան դէմ կարտայայտուի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գաղափարին եւ անով իսկ կը հակառակի այն արժէքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է այս կազմակերպութիւնը՝՝ նշեց Է. Նալբանդեան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ փորձեց պարզաբանել իր Թուրք գործընկերոջ՝ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Ան հերքեց թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ղարաբաղեան տագնապը։

Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ճէյմս Սթէյնպըրկ, ելոյթ ունենալով Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, յայտարարեց, որ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծման, որ իր կարգին պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան եւ տնտեսական աճի ապահովման։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց նաեւ, թէ Մինսքի խմբակին միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը կը նպաստեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կայունութեան էական ամրապնդման։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՋԱԿՑԻ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ։
Ներկայիս Եւրոպական Միութեան նախագահող Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտ՝ խօսք առնելով ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, յայտարարեց որ ՝՝Եւրոպական Միութիւնը լիովին կ՝աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն՝ ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի լուծման՝ սկզբունքներու տեղին համադրման եւ միջազգային իրաւունքի կանոններունհամապատասխանութեան միջոցով։ Ըստ անոր, տեղին համադրում կը նշանակէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, նաեւ ԵԱՀԿ-ի այլ սկզբունքներու պահպանում, օրինակ՝ ուժի կիրարկման բացառում եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք։
Մենք կ՝ողջունենք այս տարի բանակցութիւններու գերաշխուժացումը, եւ դարձեալ կոչ կ՝ուղղենք Հայաստանին ու Ազրպէյճանին՝ անհրաժեշտ որոշումներ տալու յառաջընթաց արձանագրելու ուղղութեամբ՝ 29 նոյեմբեր 2007-ին Մատրիտի մէջ առաջարկուած հիմնական սկզբունքներուն հաւանութիւն տալու ճամբով(յայտարարեց Պիլտ)։


Թուրքիոյ մէջ հայազգի Գաղթականներու հարիւրէն 90 տոկոսը կիներ են։
Այն հարցումին, թէ ինչու հայերը Թուրքիա կը մեկնին, հիմնականօրէն կը պատասխանեն որ ՝՝իրենց համար Թուրքիա երթալը ե՛ւ դիւրին է, ե՛ւ աժան՝՝ յայտնած են Հայաստանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։
Հետազօտութիւններու տուեալներու համաձայն, հայ գաղթականներու թոշակը ամսական 100-600 տոլար կը կազմէ։ Յատկապէս դժուար է այն հանգամանքը, որ հայ գաղթականներու երեխաները զրկուած են հայկական դպրոց յաճախելու հնարաւորութենէն, քանի որ Թուրքիոյ քաղաքացիներ չեն։ Ինչ կը վերաբերի հայ գաղթականներու եւ Պոլսոյ մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ յարաբերութիւնները, հետազօտութիւնները ցոյց կուտան, թէ պոլսահայերու մեծ մասը Հայաստանէն եկած գաղթականներուն կ՝ապահովեն աշխատանք ,բայց անոնց փոխ յարաբերութիւնները տկար են։ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ապրիլին ըսած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ 70 հազար հայաստանցիներ փախստականի կարգավիճակով կ՛աշխատին։իսկ «Գոչ» համալսարանի մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, 20 հազար փախստական հայաստանցի կայ միայն Պոլսոյ մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.