2009-12-02 14:21:46

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայազգի բեմադիր Յարութիւն Խաչատրեան Իտալիոյ մէջ։

Իտալիոյ ֆրիուլի մարզին մէջ հինգշաբթի 3 Դեկտեմբեր 2009ի ժամը 18-ին Կորիցիայի Kinemax հանդիսասրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ համերգային երեկոյթ մը որուն աւարտին Darko Bratina մրցանակը պիտի շնորհուի հայազգի բեմադիրին եւ իր վերջին ժապաւէնին ՜՜Սահմանին՝՝։ Իսկ 4 դեկտեմբերին կը նախատեսուի բեմադիրին ՜՜աշխատանքային հանդիպումը ՜՜հեղինակներու, բեմադիրներու, ֆիլմարտադրողներու, ընկերաբանական ու մշակութային բնագաւառի ուսանողներուն, շարժանկարիչներուն եւ հայ մշակոյթով հետաքրքրուող անձերու ու հայոց բարեկամներուն հետ որու աւարտին պիտի ցուցադրուի ՜՜Վաւերագրողը՝՝ վերնագրով ֆիլմը ( սեւ-ճերմակ) որ կը պատմէ խումբ մը վաւերագրողներու աշխատանքային ճամբորդութիւնը Հայաստան։

Շաբաթ 5 Դեկտեմբերին հայազգի բեմադիրը Թրիէսթէի Սան Մարքո անուան սրճարանին մէջ զրոյց հանդիպում մը պիտի ունենայ իսկ ժամը 18-ին ՜՜Սահման՝՝ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի հանրութեան Ուտինէի մէջ։

Յարութիւն Խաչատրեան ծնած է Ախալքալաք 1955-ին: Երեւանի համալսարանը աւարտելէ ետք մասնագիտացած է բեմադրութեան ճիւղին մէջ եւ ապա աշխատած՝ Հայֆիլմ ընկերութեան մօտ Ասպետի շքանշանով պարգեւատրուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ան նաեւ մրցանակ շահած է եւրոպական ու միջազգային կարգ մը հաստատութիւններուն կողմէ։ 2006-էն ի վեր անդամ է Կինոյի Եւրոպական Ակադեմիայի։

Յիշեցնեն թէ Թուրքիոյ մէջ ժապաւէններու փառատօնին, ՜՜Սահման՝՝ ֆիլմը ներկայացուեցաւ, յաջողելով նուաճել 6-րդ միջազգային մրցանակը։ Հայ քննադատները նշեցին թէ ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը լաւ է, սակայն դեռ աւելի լաւ է կինո-դիւանագիտութիւնը, որը նոյնպէս բաւական օգտակար կրնայ ըլլալ։ Նախապէս Սահման ֆիլմը մասնակցած էր Ռումանիոյ միջազգային փառատօնին, ուր դարձեալ արժանացած էր քննադատներու խումբին կողմէ շնորհուող յատուկ մրցանակի՝ ՜՜գաղթական ըլլալու ողբերգութիւնը նորարար պատկերային ձեւով (առանց խօսքի) մեկնաբանելու համար՝՝։

Դեկտեմբեր 1-6 Թիֆլիսի մէջ եւս կը կայանայ Յարութիւն Խաչատրեանի ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, ուր դարձեալ սրահ կը բերուի Սահմանը։ Կարեւոր այս փառատօնը Մոսկուայէն եւ Մոնթեվիտէոյէն յետոյ նշանաւոր անցուդարձ է։

Հայաստանի մարզիկը աշխարհի ախոյեան

Հարաւային Քորէայի մէջ աւարտած ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, անցեալ շաբաթավերջին Նազիկ Աւտալեան Հայաստանի ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ 69 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան։ Նազիկ, որ բարձրացուց ընդհանուր 266 քկ (119 եւ 147), յաջողեցաւ 2 յաւելեալ քիլոկրամով գերազանցել փոխ ախոյեան հանդիսացած ռուս Օքսանա Սլիվենքոն։ Նշենք, որ վերջին օրւան մրցումներուն, Հռիփսիմէ Խուրշուտեան 75 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին՝ բարձրացնելով 267 քկ (120 եւ 147)։ Այսպիսով, հայրենի ծանրաբարձները Հարաւային Քորէայէն Հայաստան կը վերադառնան 12 մետալով (3 ոսկի, 4 արծաթ եւ 5 պրոնզ)։

Երաժիշտ Արա Գէորգեան ստացած է ՜՜Համերաշխութեան՝՝ առաջին շքանշանը
Համերաշխութիւն շարժման ղեկավար Սարգիս Առաքելեան, Համերաշխութեան շքանշանը յանձնեց հայազգի երաժիշտ Արա Գէորգեանին. արարողութեան ընթացքին ան յայտնեց. ՜՜Մեր առաջին շքանշանը մենք յանձնում ենք Արա Գէորգեանին ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ աշխարհում համերաշխութեան հաստատման գործում ակտիւ մասնակցութեան համար։ Եւ ես յոյսով եմ, որ հետագայում մենք կը շարունակենք մեր մրցանակները յանձնել միայն ամենաարժանաւորներին՝՝։ Սոյն արարողութեան խօսք առաւ նաեւ Արա Գէորգեան եւ ըսաւ, որ իրեն համար այս մրցանակը բոլորովին անսպասելի էր։ ՜՜Ես մրցանակների հետեւից չեմ ընկնում։ Բայց ես շատ շնորհակալ եմ այս շքանշանի համար եւ համարում եմ, որ իմ ստեղծագործութիւնը Հայաստանում նոյնիսկ գերագնահատում են։ Իմ նպատակն իմ երեխայի համար կեանքի լաւ պայմաններ ստեղծելն է՝ մաքուր քաղաք, հաշտ երկիր։ Հէնց դա է 1999թ Սիրեցէք զՄիմեանս նախագծի ստեղծման պատճառը՝՝ ըսաւ մեծարեալը։
Նշենք որ ՜՜Համերաշխութիւն՝՝ շարժման շքանշանը , պիտի յանձնուի ամէն տարի։



 







All the contents on this site are copyrighted ©.