2009-12-02 14:21:18

 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը:

Չորեքշաբթի 2 Դեկտեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։
Սրբազան Հայրը, այսօրուան իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Միջին դարու մեծ աստուածաբաններու վրայ, այսօրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս խօսեցաւ Կիօմ տը Սան Թիյէրի կրօնաւորին մասին, երգիչը՝աստուածսիրութեան։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Կիօմ տը Սան Թիյէրի, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, բարեկամ եւ կենսագիրը եղաւ Սուրբ Պերնարտոսին, ան ծնած էր Պելկիոյ Լիէժ քաղաքը։

Սան Թիյէրի Պենետիկտեան վանքը մտաւ 1113ին Ռէնս քաղաքը, յետոյ դարձաւ Սան Թիյէրի աբբայարանի վանահայրը, որմէ ետք հեռացաւ եւ գնաց Սինիի Սիսեդրսեաններու վանքը։

Իր կեանքը նուիրեց աստուածային խորհուրդի հայեցողութեան, եւ հոգեւոր գիրքերու շարդարութեամբ, դադարձաւ ''Հոգեւոր կեանքի սիրոյ երգիչը''։

''Սիրոյ բնութեան ու արժանաւորութեան'' հատորին մէջ, ՜՜Սէրը՝՝ դիտել տուած է հայր Կիօմ, մարդկային կեանքի գլխաւոր ուժականութիւնը։ Հետեւաբար ամէն մարդկային անհատին հիմնական պարտականութիւնն է ՜՜ սիրել սորվիլ ՝՝։ ՜՜Աստուած է՝՝ Սիրոյ առարկան, Աստուած սէր է կ'ըսէ Յովհաննէս աւետարանիչը, իր ընդհանրական թուղթերուն մէջ։

Հետեւելով Յոյն հայրերու աստուածաբանութեան, մարդը, կ'ըսէ հայր Կիօմ, կանչուած է Աստուծոյ շնորհքով դառնալու այն ինչ որ Աստուած բնութեամբ է. այսինքն ՜՜ Սէր՝՝։ Սիրոյ ուսումը կարելի է սորվիլ միայն Աստուծոյ դպրոցին մէջ։ Այսպէսով Կիօմ տը Սան Թիյէրի կը զարգացնէ սիրոյ մանկավարժութիւն մը, ուր ճգնողական կեանքը ու մարդկային կանքը իրենց տեղն ունին, եւ ուր Ս. Հոգին գլխաւոր դերակատարն է, բարեփոխելով մարդու ամէն մէկ սիրոյ սլացքը աստուածսիրութեան։

Անոր նամակը Մոն Տիը Շարդրի կրօնաւորներուն, ուսումնասիրութիւն մըն է հոգեւոր կեանքի, ուղղուած բոլոր անոնց որոնք կ'ուզեն ապրիլ սիրոյ մէջ ու սիրոյ միջոցաւ։ Ան իր նկատողութիւններու մէջ շատ կարեւորութիւն կու տայ սիրոյ զգացական ծաւալին, քանի Աստուած պէտք է սիրուի մարդէն մարմնեղէն սրտով։ Ան նաեւ կ'ընդգծէ թէ սէրը ճանաչողութեան սկիզբն է, եւ կարելի չէ Աստուած սիրել եթէ ոչ սիրոյ միջոցաւ։

Կիօմ տը Սան Թիյէրիի սուսուցումը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը հրաւիրէ մեզ կատարելու վճռական ընտրութիւն մը, որ իմաստ ու արժէք կու տայ մեր բոլոր նախընտրութիւններուն. Սիրել զԱստուած, ու Անոր սիրոյն համար, սիրել մերձաւորը։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները եւ անոնցմէ խնդրեց որ սուրբերուն հետ հայցենք Տիրոջ որ մեզ իր սիրով հրահրէ ու ճմլէ, որպէսզի կարողանանք անշահաշնդիր կերպով սիրենք ու կարողանանք ներթափանցել աստուածային սիրոյ խորհուրդին մէջ։ Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ բարի ուխտագնացութիւն։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն
յիշեցնելով թէ 25 տարի առաջ դեկտեմբեր 2-ին, լոյս տեսաւ հաշտութիւն եւ ապաշխարանք առաքելական յորդորը, որ հաւատացեալներուն ուշադրութեան կը հրաւիրէր ապաշխարանքի խորհուրդին կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.