2009-12-02 13:34:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ։
Նախանցեալ օր Աթէնք մեկնեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի 17-րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով։Նախարարը նախ հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովի, Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպըրթ Պրատքէի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ։ Ապա Է. Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Նոյն օրը Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Կորան Լենմարքըրի հետ, որուն հետ քննարկեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն վերջին զարգացումները։ Իսկ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշների եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը գլխաւորող՝ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճէյմս Սթէյնպըրկի հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին ործոց նախարարներուն հետ։
Միւս կողմէ, թրքական Սի. Էն. Էն. Թիւրք պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Աթէնքի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Հանդիպումը տեւած է մօտ կէս ժամ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման ժամկէտներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ կապուած հարցեր։ Այս շրջագիծին մէջ քննարկուեցան նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու Միւնիխի հանդիպման արդիւնքները։ Տաւութօղլու Նալբանդեանի հետ հանդիպումէն ետք տեսակցութիւն ունեցաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Այս հանդիպումին եւս քննարկուեցաւ ղարաբաղեան խնդիրը։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԿՈՉ ԿՈՒՂՂԷ՝ ՈՐՔԱՆ ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՐԱԳ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵԼՈՒ ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ։
Երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յոյս կը յայտնէ, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն հանդիպումները յաճախակի դառնան եւ նպաստեն երկխօսութեան աշխուժացման, նաեւ կարելիութիւն տան համաձայնելու 2007 թուականին Մատրիտի մէջ առաջադրուած հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ։ Իրենց կարգին, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները փաստաթուղթին մէջ տեղեկացուցած են այս տարուան ընթացքին հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման հարցին մէջ ձեռք բերուած յաջող յառաջընթացի եւ գործընթացը աւարտելու ձգտումին մասին, նաեւ յայտարարած են, որ պատրաստ են շարունակելու աշխատանքները՝ հաշուի առնելով ուժի կիրարկման
բացառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ ԵՆ ԿԸՍԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ։ Եւրոպական Միութեան մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբը Թուրքիոյ շուրջ նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Ռիա Օմեն-Ռոյթեն թրքական լրատուական հսկայ մաս-մետիական ՝՝Տողան Խումբի՝՝ դէմ նշանակուած հարկային տուգանքի կապակցութեամբ ըսած է որ ՝՝ատիկա անհամապատասխան պատիժ է, եւ պէտք է քայլեր ձեռնարկուին սխալը շտկելու համար՝՝։Թուրքիոյ հարկային ծառայութիւնը այդ լրատուական ընկերութիւնը 25 միլիառ տոլար տուգանքի ենթարկած էր՝ հարկային պարտաւորութիւնները խախտած ըլլալուն համար։ ՝՝Տողան Մետիա Խումբի՝՝ կազմին մէջ կը գտնուին շուրջ քսան լրատուամիջոցներ, որոնց շարքին նաեւ ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը։ Ըստ թրքական ՝՝Ճումհուրիյէթ՝՝ օրաթերթին, Ռիա Օմեն-Ռոյթեն մտահոգութիւն յայտնած է ՝՝մամուլի ազատութեան ապահովման համար Թուրքիոյ մէջ օրէնսդրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւն կը զգացուի՝՝։ Թուրքիոյ մէջ դատական գործընթացները թէեւ անկախ են, սակայն միշտ չէ, որ կը կարենան անկողմնակալ ըլլալ։ Եւ որպէսզի հասարակութիւնը կարենայ վստահութիւն ունենալ դատարանին նկատմամբ, այդ համակարգին մէջ անմիջապէս պէտք է բարեփոխումներ իրականացուին(ըսած է ան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.