2009-12-01 13:08:21

Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Արսը ողողուած, գրաւուած


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Արսը ողողուած, գրաւուած



Հասկնալու համար թէ ինչպէս բացառիկ կերպով տարածուեցաւ Վիաննէի համբաւը, հարկ է յիշել 1815էն ետք թեմական քարոզութիւններու կարեւոր դերը այդ երեւոյթին մէջ:

Յեղափոխութեան եւ կայսրութեան խռովութիւններէն ետք, ժողովրդապետութիւնները անկազմակերպ էին: Եկեղեցւոյ կալուածները ծախուած էին, շենքերը աւերակ, բազմաթիւ քահանաներ մեռած էին հալածանքներու ատեն, կրօնաւորական հաստատութիւնները ցրուէր էին:

Եպիսկոպոսները 1815էն սկսեալ, երբ խաղաղութիւն եղաւ, ժողովրդապետութիւններուն կենսունակութիւն ներարկելու համար ազդու միջոց մը գործածեցին՝ այն է Քարոզութիւնները: Քանի մը շաբաթ ընտիր քահանաներ կը հաւաքուէին այս կամ այն գիւղին կամ քաղաքին մէջ: Ասոնք կը քարոզէին, շքեղ արարողութիւններ կը սարքէին, եկեղեցիներ կը նորոգէին, բարեսիրական ընկերակցութիւններ կը կազմակերպէին, առկախ խնդիրներ կը լուծէին ու մնաւանդ խոստովանանք ըլլալ կը յորդորէին: Խոստովանանքի խորհուրդը կը նկատուէր իբր առաջին նշան առ Աստուած դառնալու…

Սակաւաթիւ քարոզիչներ անբաւական էին այս բոլոր ծառայութիւններն ալ ընելու, հետեւաբար կոչ կ’ընէին շրջակայ գիւղերու քահանաներուն, որպէսզի խոստովանանքերու մէջ օգնէին իրենց:

Լիոնի Շարթրէօ ընկերութեան քահանաները 1823ին քարոզութիւններու շարք մը կու տան Արսէն քանի մը հազարամեդր հեռու 3000 հոգինոց Թրեվու գիւղին մէջ: Հազիւ քարոզութեան շրջանը բացուած, գիւղը արթնցաւ կարծես: Խոստովանահայրերը ստիպուած էին ժամերով նստիլ լսելու մեղաւորները: Ասոնց մէջն էր նաեւ Տէր Վիաննէ:

Բախտով առաջին իրեն գացողները մեծապէս տպաւորուեցան իր ընդունելու կերպէն, իր բարութենէն, յստակատեսութենէն եւ խրատներու խորութենէն: Դուրս ելլելով խօսեցան իրենց բարեկաեմներուն, եւ շուտով լուրը տարածուեցաւ եւ շատերը ժամերով կը սպասէին այս անծանօթ վարդապետին խոստովանելու համար:

Քարոզչութիւնները վերջանալուն Տէր Վիաննէ Արս կը քաշուի: Բայց իրեն հետ գործ ունեցողները կու գան, կը գտնեն զինքը եւ ապա կը ղրկեն իրենց բարեկամները: Բոլոր գաւառին մէջ կը սկսին իր մասին խօսիլ:

Եւ այն տարին 1826էն ուխտաւորներու ամբոխ մը կ’ուղղուի դէպի Արս: Մինչեւ մահը Տէր Վիաննէ յարձակումը պիտի կրէ հազարաւոր հոգիներու, որոնք իր միջոցով պիտի հաշտուին Աստուծոյ հետ եւ անդենականի յոյսով պիտի ապրին աշխարհի վրայ: Իր կեանքի վերջին 15 տարիներուն, 12-15 ժամ կը նստեր իր խոստովանանրաին մէջ:

1834ին 30,000 ուխտաւորներ Արս կուգան: Մինչեւ 1840 մանաւանդ լիոնցիներու բազմութիւնն է որ կը վազէ տեսնելու վարդապետը: Առտու կանուխէն կը հասնին եւ յետ ժամերով սպասելու իրենց խոստովանելու կարգին, կը վերադառնան քաղաք: Սակայն Վիաննէի հռչակը կը ծաւալի եւ կը սկսին զինքը Սուրբ մակդիրով կանչել, ուխտաւորներու շարանը կը բազմանայ եւ Ֆրանսաի բոլոր կողմերէն Արս կը վազեն:

Այլեւս ժամերով չէ որ իրենց կարգին պիտի սպասեն, այլ յաճախ օրերով, որպէսզի կարենան խօսիլ եւ արձակում առնել:

Գիշերները կը ստիպուին ագարակներու ցորեննոցներուն մէջ՝ յարդի վրայ պառկիլ:

Տէր Վիաննէ կը մտահոգուի այս իրավիճակէն եւ կը խնդրէ որ դղեակի մէկ վարձակալը առաջին պանդոկը բանայ ‘Շնորհքի Տիրամօր’ անունով: ուրիշ մը կը քաջալերէ որ ճաշարան մը բանայ ագարակապաններէն մէկուն տան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.