2009-12-01 13:08:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առթիւ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը գաղթականներու եւ փախստականներու օրուան առթիւ

''Անոնց իրաւունքը բոլորէն եւ միշտատեւ յարգուելու է '' կը հաստատ է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուղղուած միջազգային հասարակութեան, գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 96րդ օրուան առթիւ, որ կը յիշատակուի Յունուար 17ին, ունենալով որպէս բնաբան. ''անչափահաս գաղթականներն ու փախստականները''։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ բացայայտօրէն կը շեշտէ թէ գաղթականը անհատ մըն է իրաւասու անձեռնմխելի իրաւունքերով, որ բոլորէն միշտ պէտք է յարգուի։ Միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ պատասխանատուները հասկնալու արտահան գաղթականին կրած դժուարութիւնները եւ մասնաւորապէս միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կը հրաւիրէ միլիոնաւոր անչափահասներու իրավիճակը։ Փոքրերը աւելի դիւրաբէկ են որովհետեւ անզօր են իրենց ձայնը լսելի դարձնելու։

Ապա Սրբազան հայրը կը յիշեցնէ Քրիստոսի ազդարարութիւնը վերջին դատաստանի օրը. ''ամէն անգամ որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք ... Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ամէն անգամ որ մերժեցիք այս փոքրիկներէն մէկուն, ինծի ալ մերժեցիք''։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ թէ մանուկ Յիսուսը ապրեցաւ գաղթականի կացութիւնը։ Յաչս Հերովդէսի սպառնալիքներու մանուկ Յիսուսը պարտաւորուեցաւ Յովսէփի ու Մարիամի հետ միասին Եգիպտոս ապաստանիլ։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ ողբերգական կացութիւնը բազնաթիւ փոքրերու, որոնք իենց բախտի ձգուած են եւ շահագործումի ենթակայ, հակառակ ՄԱԿի մանուկներու իրաւունքի դաշնագրին։

Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը վերլուծէ կացութիւնը գաղթականութեան մէջ ծնած փոքրերու եւ անոնց` որոնք նախ առանց ծնողքի ապրեցան եւ ապա անոնց միացան, օտարութեան մէջ։ Այդ փոքրերը տէր են երկու մշակոյթի, իր առաւելութիւններով ու հարցերով։ Այդ երկու պատկանելիութեան հետեւանքով անոնք կարելիութիւն կ'ունենան փորձարկելու եւ փախդատելու հարստութիւնը երկու մշակոյթներու։

Սրբազան հայրը իր պատգամին աւարտին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն ժողովրդապետութիւններու ու քրիստոնեական եղբայրութիւններու որոնք, ոգեւորուած հաւատքով ու սիրով, ամէն ջանք կը թափեն դիմագրաւելու եւ ամոգելու գաղթականներու ու փախստականներու կարիքներուն եւ միաժամանակ կը հրաւիրէ բոլոր քրիստոնեաները գիտակցելու օտարին պահանջներուն եւ մասնաւորապէս փոքրիկ օտարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.