2009-11-30 14:29:29

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 30 Նոյեմբերէն Կիրակի 6 Դեկտեմբեր 2009։


Երկուշաբթի 30 Նոյեմբերին տօնն է Կենարիոս եպիսկոպոսին եւ Մերկիւրիոս զինուորին

Ս. Կենարիոս ծնած է Գ. դարու սկիզբները մեծահարուստ ծնողներէ։ Եպիսկոպոս եղած է Գամբանիա գաւառի Պենեւենթօ քաղաքին։ Դիոկղետիանոսի հալածանքերուն ընթացքին ան ձերբակալուած է ու նահատակուած՝ 305-ին։ Իր մարմինը Նաբոլի քաղաքը բերուած է եւ ապա դարձած քաղաքին պաշտպան սուրբը։ Ս. Կենարիոսի արիւնը ցարդ կը պահուի քաղաքին մայր եկեղեցւոյ մէջ յատուկ փոքր սրուակի մէջ։ Լերդացած ու թանձրացած արիւնը, սուրբին տօնական օրերուն անբացատրելիօրէն կը դառնայ հեղուկ եւ պղպջակներ կ՝արձակէ որպէս թէ թարմ արիւն եղած ըլլար։ Այս արիւնն է որ հանրահռչակ դարձուցած է Սուրբ Կենարիոսը Իտալիոյ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ։

Իսկ Մերկիւրիոս զօրավարը որուն տօնը կը յիշատակուի Ս. Կենարիոսի հետ, ծագումով Սթիւթացի էր, զինուորական ծառայութեան մէջ մտած էր Հռոմէական արեւելեան բանակին մէջ։ Վաղուց ընդունած էր քրիստոնէութիւնը։ Բարբարոսներու դէմ գործած մեծ քաջութեան համար, իր ունեցած աստիճանի բարձրացման վրայ նախանձելով, իր հեթանոս ընկերակիցները զինք մատնեցին. որով ենթարկուեցաւ ծանր տանջանքներու. իր մարմինը կտրտեցին եւ կրակ վառեցին իր ներքեւը. արեան հոսումէն՝ մարեցաւ կրակը։ Կիսամահ վիճակի մէջ զինք բանտարկեցին. եւ առողջացաւ հրաշքով ։ Շղթայակապ զինքը Կեսարիա տարին եւ հոն գլխատեցին։ Իր զենումէն անոշահոտութիւն մը բուրեց, ու մարմինը պայծառափայլեցաւ։

Երեքշաբթի 1 Դեկտեմբերին տօնն է Յակովիկ վկայի եւ Իրաւափառ Սուրբին։

Յակովիկ վկան երեւելի պարսիկ մըն էր , Բիդլապատ քայաքէն, վաղուց քրիստոնեայ եղած է։ Չկարենալով մերժել արքունիի առաջարկը, ընդունեց կռապաշտութիւնը։ Այս լսելով, մայր ու զաւակներ գրեցին իսկոյն իրեն ՜՜ քանի որ ինք ուրացած է ամէնուն տէրը իրենք եւս կ՝ուրանան զինքը։ Այս պատասխանը զինք խորտակեց. ամբողջ օրը լացաւ ու զղջալով իր ըրածին կատարեալ սրտով դարձաւ Աստուծոյ։ Թագաւորը այս իմանալով իր սէրը հանդէպ Յակովիկի ատելութեան փոխուեցաւ, մի առ մի կտրել տուաւ անոր մարմնի անդամները ու գլուխը։ Քրիստոնեաներ եկած ու անոր մասունքները հաւաքեցին։ Յակովիկի նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ փոքր Թէոդոսի եւ Վռամի օրով։

Իրաւափառ Սուրբը Լիւկիացի էր ծնած Միւռա։ Կ՝ապրէր Գ. դարուն ու հովիւ էր արուեստով եւ այն լեռը ուր ինք իր ոչխարները կ՝արածէր, ապաստանած էր Դիոսկոր անունով քրիստոնեայ մը։ Երբ հալածիչները եկան տանելու Դիոսկորը, Իրաւափառ մերժեց զինք յանձնել անոնց եւ այս պատճառաւ իբրեւ քրիստոնեայ ձերբակալուեցան երկուքը ու միասին նահատակուեցան բազում տանջանքներէ վերջ, 253 թուին։

Հինգշաբթի 3 Դեկտեմբերին տօնն է Եգիպտոսի անապատական հայրերու՝ Պօղոսի, Պօղի, Մակարի, Եւագրի, Յովհաննէս Գբեցիի, Յովհաննէս կարճահասակի, Նեղոսի, Արսէնի, Սիսիանոսի, Դանիէլի, Սրապիոնի, Մակարիոսի, Պիմէնի եւ Եգիպտոսի այլ հայրերուն։

Ս. Պօղոս անապատականը կը նկատուի առաջին ճգնաւորը, որ մատաղ տարիքին հրաժարելով աշխարհէ, Դեկոս կայսեր հալածանքներուն 249-251, փախած է անապատ, ուր ապրած է շուրջ հարիւր տարիներ աղօթքով եւ ապաշխարանքով քարայրի մը մէջ։ Կը պատմուի թէ Ս. Անտոն ճգնաւորը փորձութիւնը ունեցած է պարծենալու թէ ինք եղած է առաջին քարայրաբնակ ճգնաւորը . սակայն Աստուած տեսիլքով մը իրեն կը յայտնուի իմացնելու թէ ուրիշ մը կանխած է զինք։ Պօղոս Անապատականը 114 տարեկան էր երբ Ս. Անտոն զինք այցելեց. ու երբ վախճանեցաւ երկիւղածութեամբ ամփոփեց անոր մարմինը։

Պօղ անապատականը պարզամիտ, աստուածավախ հողագործ մըն էր։

Մակար Անապատականը ինքզինք աստուծոյ նուիրելած էր, հրաժարելով առեւտրական շահաւէտ դիրքերէ։

Եւագրը ճգնաւոր էր զաւակ քահանայի մը գրած է աշխարհէ հրաժարողներուն համար տեսական եւ գործնական գիտութեան գիրքեր եւ զանազան ճառեր ու վճիռներ։ Յովհաննէս Գբեցին որդի էր մեծատուն ու բարեպաշտ այրիի մը, 14 տարեկանին կը թողու տուն եւ ծնողք ու կը դքաշուի անապատ, ու ցամքած ջրհորի մը հանդիպելով որպէս ճգնարան հոն ապրեցաւ ու երբ իր մահուան ժամը հասաւ աստուածային ազդեցութեամբ Կիրակոս անունով ճգնաւոր մը այնտեղ եկաւ որ ամփոփեց իր մարմինը նոյն գուբին մէջ։

Յովհաննէս կարճահասակ Սկիտէի անապատին ամէնէն շնորհալի եւ իմաստուն ճգնաւորներէն եղած է կանուխէն ընդունած է կրօնաւորական կեանքը եւ շատ սիրուած ամէնուն կողմէ։

Նեղոս Աբբան իմաստասէր կոչուած էր աշակերտած Ոսկեբերանի։

Արսէն անապատականը որդի Հռովմէացի ազնուական ծնողքի բարձր գիտութեամբ ու բարի վարքով իր դարուն ամէնէն զարգացած եւ ազնուասիրտ մարդ մըն էր։

Սիսիանոս անապատականը կ՝ապրէր Սկիտէի մէջ բաղց լսելով Ս. Անտոնի մահը անոր ճգնած անապատը երթալով կը մնայ այնտեղ 70 տարիներ։ Կը պատմուի թէ անոր հոգեվարքը եղած է ճշմարիտ սքանչելիք մը. այն ժամուն ուր հոգին կը բաժնուէր մարմինէն երեսը հետըզհետէ կը լուսափայլի, տունը անուշահոտութեամբ կը լեցուի...

Իսկ Դանիէլ անապատականը. (արեւելեան վկայաբանութեանց մէջ այս անունով երեք ճգնաւորներ կան) մին՝ աշակերտ հայր Արսէնի. երկրորդը աշակերտ Պափնոտիոսի երկուքն ալ Սկիտացի էին. իսկ երրորդը Զ. դարուն Յուստինիանոսի օրով փայլեցաւ իր առաքինական մեծագործութիւններով։

Սրապիոն անապատականը ազնուական ընտանիքի զաւակ ամէն ինչ թողած ու սիրով միայնակեցութեամբ ապրած էր։ Աղեքսանդրիոյ մէջ քրիստոնեայ դարձուց հեթանոսներ ապա անցաւ Աթէնք ուր եւ քարոզեց. որմէ ետք անցաւ Հռոմ այնտեղ ալ անհաց ու անզգեստ քարոզեց ունենալով իբրեւ հարստութիւն միայն փոքրիկ աւետարան մը։

Մեռաւ Սկիտէի մէջ իր աշակերտ Զաքարիայի խուցին մէջ։ Երբ դեռ ողջ էին Պիմէն, Արսէն եւ ուրիշներ։

Իսկ Պիմէն անապատականը 7 եղբայրներէն մին էր ամէնքը կրօնաւորած Սկիտէի մէջ բայց ինք ամէնէն նշանաւորն էր ։

Գալով Մակարիոսի ան աշակերտ էր Ս. Անտոնի. իր ճգնական վարքով նշանաւոր եղած է Եգիպտոսի մէջ եւ ուրիշ հեռաւոր տեղեր ուր շրջած է. մեռած է 404-ին։

Շաբաթ 5 Դեկտեմբերին տօնն է Միւռնացի Ս Նիկողայոս հայրապետին։

Ս. Նիկողայոս ծնած էր փոքր Ասիոյ Բաթար քաղաքը, բարեպաշտ ու բարեգործ ընտանիքի զաւակ։ Միւռա քաղաքի եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի։ Իր խնամքին առարկայ կը դարձնէ աղքատները, հիւանդները, բանտարկեալները, այրիներն ու որբերը։ 325-ին ան ներկայ կը գտնուի Նիկիոյ ժողովին։ Յաջորդ տարին կը վախճանի։

Կը նկատուի պաշտպան սուրբը ոչ միայն նաւաստիներուն այլեւ մանուկներուն որոնց հանդէպ մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց տուած է միշտ։ Իր ժողովրդականութիւնը արեւմուտքի մէջ կը տարածուի երբ իր նշխարները կը փոխադրուին 1037ին Իտալիոյ Պարի քաղաքը, ուր յանուն իրեն կառուցուած է փառաւոր տաճար մը։

Կիրակի 6 Դեկտեմբերին Յիսնակաց Դ. Կիրակին է։








All the contents on this site are copyrighted ©.