2009-11-30 13:37:51

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՝՝ԹՈՒՐՔԻԱՅԻ ՀԵՏ ՇՓՈՒՄՈՎ՝ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆՔ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ՝՝։ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ 28 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 12-րդ համագումարը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ կուսակցութեան նախագահ վերընտրուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ գործադիր մարմնի անդամներ ընտրուեցան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան, իսկ նախկին 12 անդամները մնացին պաշտօնին վրայ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ըսաւ ՝՝Մենք չունենք թուրքերի հետ յարաբերելու փորձ, բայց չէ որ մի օր պէտք է ի վերջոյ սկսել։ Եւ ես հաւատացնում եմ ձեզ՝ մենք արագ ենք սովորում։ Եւ մենք այսօր ամենեւին էլ նոյնը չենք, ինչ մէկ տարի առաջ՝՝։ Ան մատնանշեց, որ կողմերը ներկայիս հասած են խորհրդարաններուն կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացման հանգրուան։ ՝՝Դա մի գործընթաց է, որում, ինչպէս հայելու մէջ, պէտք է արտացոլուի կողմերի լրջութիւնը, նրանց խօսքի արժանահաւատութիւնը եւ պատասխանատուութեան զգացումը՝՝, ըսաւ նախաահը՝ աւելցնելով, որ ներկայիս գոյութիւն ունի խելամիտ ժամկէտ կոչուած սկզբունքը, որուն խախտումը հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Նախագահ Սարգսեան դիտել տուաւ ՝՝Եթէ Թուրքիան ձգձգի վաւերացման գործընթացը, ապա, ինչպէս արդէն առիթ ունեցել եմ յայտարարելու, Հայաստան առանց յապաղելու կը ձեռնարկի միջազգային իրաւունքին համապատասխան համարժէք քայլեր։ Եւս մէկ անգամ, ի լուր աշխարհին, ուզում եմ շեշտել հայ-թրքական արձանագրութիւնների ստորարումը, Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների հաստատումը որեւէ կերպ չի նշանակում Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացում կամ մոռացութեան մատնում։ Ընդհակառակը վստահ եմ, որ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատելով, թրքական հասարակութեան հետ շփումի մէջ մտնելով հնարաւոր կը լինի արագացնել ճանաչման գործընթացը Թուրքիայի ներսում եւ ողջ աշխարհում։ Իր ծաւալուն ելոյթին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ ղարաբաղեան խնդիրին եւ բանակցութիւններուն։ Վերահաստատելով, որ բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքները կը շարունակեն մնալ նոյնը եւ յայտարարելով, որ իրենք վճռական են ՝՝ազգային ու պետական շահերը ամէն ինչից բարձր դասելու եւ գործը մինչեւ վերջ հասցնելու հարցում՝՝նախագահը յայտարարեց, որ հարցերու լուծումը պէտք է ըլլայ մէկ ամբողջական թղթածրարով։

ՀՀ ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը Կը Մեկնի Աթենք։
Յունաստանի մայրաքաղաքը դեկտեմբեր 1-2 ին կայանալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը կ՝այցելէ Աթենք: Ինչպես /a> -ը կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մամուլի և տեղեկատվութեան վարչութենէն ,Նախարարներու խորհուրդի շրջանակներէ ներս նախարար Նալբանդեանը կ՝ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ: Յիշեցնենք, որ այս այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է Է. Նալբանդեանի հանդիպումը իր ադրբեջանցի պաշտօնակից Էլմար Մամեդեարովի հետ: Մինչ այդ, նոյեմբեր 22-ին իարու հանդիպած են Հայաստանի ու Ադրբեջանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը:

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՕԹԱՆ-Ի ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ։
Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Պոկտան Քլիխ շաբաթ օր Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Լեհաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան եւ կը կարծէ, թէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող տանգապներու լուծման։ Ըստ անոր, ասիկա իր կարգին դերակատարութիւն կ՝ունենայ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ երկխօսութեան վրայ։ Նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը բխին երկու կողմերուն շահերէն։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԴՐԱԽՏԻ ՎԵՐԱԾԵԼ ։
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլհան Փոլուխով մեկնաբանած է Շուշին վերականգնելու համար հայկական կողմի դրամահաւաքի փաստը։ Ան նշած է, որ հայերը առաջին անգամը չէ, որ նման քայլերու կը ձեռնարկեն։ Այս քայլը անգամ մը եւս կը բացայայտէ հայկական կողմի բռնագրաւումի քաղաքականութիւնը։ Փոլուխով ըսած է, թէ ազրպէյճանական կառավարութիւնը պիտի վերականգնէ շրջանի բոլոր ենթակառոյցները։ Ղարաբաղի մէջ կենսամակարդակը պիտի հասնի Ազրպէյճանի ներկայ մակարդակին։ Իսկ եթէ Հայաստան շարունակէ իր ներկայ քաղաքականութիւնը, հայերը չեն կրնար իրապէս բարելաւել Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ բնակչութեան վիճակը։











All the contents on this site are copyrighted ©.