2009-11-30 14:29:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Փեռուի հանրապետութեան նախագահը` տիար Ալան Կարսիա Բերէզ եւ անոր շքախումբը։

Պրազիլի եկեղեցւոյ հարաւային գաւառի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Աւստրիոյ իշխան Օթթօ եւ անոր շքախումբը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը ծիսական տարւոյն սկիզբը, յիսնակաց Ա. կիրակին։

Յիսնակաց շրջանի առաջին կիրակի օրուան առթիւ, շաբաթ 28 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նախագահեց երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին Նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց։
Յիսնակաց կը նշանակէ ներկայութիւն, գալուստ, ի պատրաստութիւն Յիսուսի ծննդեան։ Արդարեւ Աստուած բնաւ մեզ առանձին չթողուց, մենք կարող չենք զինք տեսնել, շօշափել, սակայն Ան կու գայ մեր մէջ զանազան եղանակներով ու երեւոյթներով։
Յիսնակաց շրջանը կը հրաւիրէ ու կը խթանէ մեզ խորհրդածելու՝ Տիրոջ ներկայութեան։ Յիսնակացը միաժամանակ սպասումի ժամանակ է, ուստի ժամանակը յոյսի որ կը մղէ մեզ ըմբռնելու նշանակութիւնը ժամանակի ու պատմութեան, որպէս նպաստաւոր առիթ մեր փրկութեան։ Արդարեւ ըսաւ Սրբազան Հայրը, մարդը կեանքին ընթացքին մշտատեւ սպասումի, յոյսի մէջ է։ Օր մը, ոչ հեռու, ամէն բան իր լրումին պիտի հասնի Աստուծոյ Արքայութեան մէջ, արդարութեան ու խաղաղութեան Արքայութիւն։

Յիսնակաց շրջանը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակելով, նաեւ ժամանակն է ՜՜ներկայութեան ու յաւիտենականութեան սպասումին՝՝ որ մեզ կ'առաջնորդէ դէպի երանաւէտ կեանքը։ Ս. Կոյս Մարիամը ճշմարիտ օրինակն է այդ երանաւէտ կեանքին, ուստի անոր դիմենք եւ իրմէ խնդրենք որ շնորհքի մէջ ապրինք ծիսական այս ժամանակը։



Ս. Աթոռէն պատուիրակութիւն մը Իսթանպուլ կը գտնուի մասնակցելու Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պաշտպան սուրբին՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։

Երկուշաբթի 30 նոյեմբեր 2009, տօն Ս. Անդրէաս առաքեալին’ պաշտպան սուրբը Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան։ Այս առթիւ վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւն մը Իստանպուլ կը գտնուի մասնակցելու տօնախմբութեան։
Վատիկանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարտինալ Քասպեր, նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Կարտինալը Բարդողոմիոս Ա պատրիարքին յանձնեց Սրբազան Քահանայապետին մէկ պատգամը։
Երեքշաբթի դեկտեմբեր մէկին նախատեսուած է երկկողմանի խօսակցութիւնները Ս. Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան միջեւ։ Վատիկանեան պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում կ'ունենայ հայ եկեղեցւոյ` կաթողիկէ թէ առաքելական ներկայացուցիչներու հետ
Յայտնենք թէ այդ այցելութիւնը օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կողմէ կը փոխանակուի, ամէն տարի, 29 Յունիսին, U. Պետրոս առաքելապետի տօնին առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.