2009-11-29 14:10:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Նոյեմբեր 29 , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Յիսնակացի այս առաջին կիրակին, կանչուած ենք պատրաստ ըլլալ ընդունելու Տէրը որ կու գայ մեր մէջ։ Քրիստոս` մեր Յոյսը, մեր ներկան ու մեր ապագան, ամէն ժամուն կու գայ։ Պատրաստ ըլլանք ու հսկենք զԱյն ընդունելու։ Արթուն ըլլանք ու հսկենք։ Մեր սիրտը տրամադիր պահ ենք եւ Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրենք որ օգնէ մեզի լաւագոյնս ընդունելու մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով ծիսական նոր տարի մը։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յիշեցուց թէ դեկտեմբեր մէկ միջազգային հասարակութիւնը կը յիշէ սիտայի համաշարհային օրը։ Իմ միտքս ու աղօթքս կ'երթայ այս հիւանդութեան զոհերուն եւ մասնաւորապէս փոքրերուն, աղքատներուն ու լուսանցքներուն։ Եկեղեցին ամէն կարելին կ'ընէ պայքարելու այս հիւանդութեան դէմ եւ Տիրոջմէն կը խնդրէ օգնութեան հասնիլ անոնց, եւ միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ որ ամէն ճիգ թափէ նուաճելու հիւանդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.